ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ՝ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան, որ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու շարքին է վերջին տարիներուն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Անգարա-Քիեւ առանցքը միշտ կը մնայ բանուկ՝ զանազան հարթութիւններու վրայ կազմակերպուած շփումներով։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։
Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են խաղաղութեան վերահաստատման հեռանկարները։ Նախագահ Էրտողան երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ քննարկումներու ընթացքին մատնանշուած է, թէ Իսթանպուլի գործընթացը շահապաշտ ու նպատակասլաց հասկացութեամբ մը յառաջ պէտք է տանիլ։ Իր խօսքով՝ երկու կողմերուն համար ալ պատերազմի մաշեցուցիչ ազդեցութիւնները հետզհետէ կը խորանան։ Ուստի, այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ Իսթանպուլի բանակցութիւնները նոր հարթութիւն մը կը բնորոշեն՝ դիւանագիտական լուծման ուղղեալ ջանքերուն տեսակէտէ։
Բաց աստի, Էրտողան համոզուած է, թէ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ կարեւոր է համագործակցութիւնը Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։