TRIPP-Ը ԿԻԶԱԿԷՏԱՅԻՆ
Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ խտացեալ շփումներ տեղի կ՚ունենան՝ Հարաւային Կովկասի նոր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարներուն մէջ կիզակէտային տեղ կը զբաղեցնէ TRIPP ծրագիրը, որու կապակցութեամբ Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարութիւնները յարատեւ քննարկումներ կը ծաւալեն։
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլիի կողմէ։ Նախագահները երկկողմանի օրակարգի բոլոր երեսակները քննարկեցին եւ այս ամբողջին մէջ մասնաւոր տեղ վերապահուած էր TRIPP-ի վերաբերեալ կարծիքի փոխանակումներուն։ Վահագն Խաչատուրեան նշեց, որ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը նոր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ նաեւ Վրաստանի տեսակէտէ։ Խաչատուրեան համոզուած է, թէ Հարաւային Կովկասը լոժիստիք կեդրոնի մը պիտի վերածուի։
Նախագահ Խաչատուրեան Թիֆլիզի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի եւ խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլիի հետ։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է TRIPP-ի շուրջ աշխատանքներու արագացմամբ։ Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ կապ ապահովելու տեսակէտէ Պաքու շահագրգռուած է այդ քայլով։
Ճէյհուն Պայրամով երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էլիսըն Հուքըրը, որ նախօրէին այցելած էր Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը գոհունակութեամբ անդրադարձան անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու պատմական հանդիպման ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններուն։ Կողմերը քննարկեցին Ատրպէյճան-ԱՄՆ համագործակցութեան ներկայ վիճակն ու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան հարցեր։
Պաքուի եւ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչները ընդգծեցին նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան եւ փոխադրութեան միջանցքներու ընդլայնման ոլորտէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։