ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՇԷՅՊԱՆԻԻ ԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի համաձայնեցան, որպէսզի քաղաքական երկխօսութիւնը աշխուժանայ երկու երկիրներուն միջեւ։ Երբ միջազգային բեմահարթակի վրայ հետզհետէ աւելի փոխկապակցուած կը դառնան Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ իրադարձութիւնները, ստեղծուած իրավիճակին մէջ Երեւան-Դամասկոս առանցքին վրայ ալ կը նկատուի աշխուժութիւն։

Արարատ Միրզոյեան եւ Էսատ Շէյպանի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարները պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին, որպէսզի համատեղ ջանքերով համագործակցութիւնը թափ ստանայ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէն ներս։ Անոնք համոզուած են, թէ համագործակցութեան զարգացման համար ամուր հիմքեր գոյութիւն ունին Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ։ Արդարեւ, երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ աւանդաբար ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններն ալ լուրջ խթան մը կը համարուին այս առումով։

Նախարարները՝ առանձնապէս զարգացման ներուժով ուղղութիւններու շարքին մատնանշեցին տնտեսութիւնը, ներդրումներու խթանումը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ծրագիրները։ Այս վերջնոյն համատեսքէն ներս Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ պատրաստակամ՝ ականազերծման աշխատանքներու մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ։

Միրզոյեան եւ Շէյպանի անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Շէյպանի Միրզոյեանը շնորհաւորեց անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած գագաթաժողովին ու մանաւանդ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման կապակցութեամբ։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին խաղաղութեան շարունակական ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան արձագանգեց արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի նախօրէին կատարած յայտարարութեան՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցման։ Հակադարձելով Ֆիտանի յայտարարութեան՝ Միրզոյեան նշեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը դրական ազդեցութիւն կրնայ գործել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025