ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆ

Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Աստանա՝ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան ընթացքին Փաշինեան եւ Թոքաեւ կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Բարձր մակարդակի հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գտնուին Երեւան-Աստանա փոխշահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդման հնարաւորութիւնները եւ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։

Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումէն վերջ արդէն Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ առաջին փորձերը կը կատարուին։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս Ղազախիստանէն ցորեն ուղարկուած էր Հայաստան՝ Ատրպէյճանէն եւ Վրաստանէն տարանցումով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025