ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ ԻՐԱՐՈՒ ՇԱՀԵՐԸ
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին երէկ հիւրընկալեց Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Մուհամմէտ Ռըզա Արիֆը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Մոսկուա եւ Թեհրան կը ձգտին ամրապնդել իրենց յարաբերութիւնները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններէն վերջ շեշտուեցաւ, որ կողմերու յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան, բարիդրացիութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու շահերու նկատմամբ ուշադրութեան հիման վրայ։
Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) նիստի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին Միշուսթին մատնանշեց, որ Ռուսաստանի եւ Իրանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան յաջողութեամբ։ Իր խօսքով՝ կողմերը յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն «Հիւսիս-հարաւ» փոխադրամիջանցքի զարգացման նկատմամբ։ Երկու երկիրները կը ձգտին ամրապնդել համագործակցութիւնը գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներէ ներս։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրովն ու Ապպաս Արաղչին ալ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։