ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՒՆ ՀԱՄԱԼՐՈՒԵՑԱՒ ԲԱԶՄԱՏԱՍՆԵԱԿ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ
Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան 325-ամեակի յոբելենական շրջանին առթիւ վերջերս տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Ամերիկահայ բժիշկ-վիրահատ Ճոն Յովհաննէս Ներսէսեան միաբանութեան նուիրեց՝ հայ արուեստագէտներու 41 գեղանկարներ եւ այլ արուեստի գործեր։ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ այս բոլորի ցուցադրութեան առթիւ կազմակերպուեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։
Միաբանութեան անուով Հ. Գէորգ Սարգիսեան արտայայտեց տքթ. Ճոն Յովհաննէս Ներսէսեանի նկատմամբ երախտագիտութիւն։ Այսպէսով Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի հաւաքածուն համալրուեցաւ արուեստի կարեւոր գործերով, ինչ որ յոբելենական շրջանի կարեւոր ձեռքբերումներու շարքին կը դասուի։
Միւս կողմէ, հանդիսութեան ընթացքին «Եդեսիա» համոյթն ալ հանդէս եկաւ երաժշտական կատարումներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։