ԱՅԼԱՏԵՍԱԿ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

Լիբանանի քաղաքական  իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ անորոշ։ Ճիշդ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր ամբողջական պատերազմի մը մասին խօսք չկայ, սակայն, Իսրայէլի բանակն ու գաղտնի սպասարկութիւնները  կերպով մը կը շարունակեն հարուածնել Լիբանանի հարաւային շրջանները։ Այդ հարուածներու հիմնական նպատակն է՝ պահպանել Իսրայէլ-Լիբանան սահմանային շրջաններուն վրայ ամբողջական վերահսկողութիւնը, հարուածներ տալ «Հիզպուլլահ»ին, որպէսզի չվերադառնայ դէպի սահմանամերձ գօտիներ։ 

Իսրայէլի «կանխարգելիչ» քայլերէն անդին՝ կան շատ աւելի մեծ եւ խորքային հարցադրումներ։ Արդեօք այդ հարուածները պիտի  կասեցնե՞ն «Հիզպուլլահ»ի թափը եւ պիտի կոտրե՞ն անոր վերադարձի հիմնական երազին ուժը։ Բաց աստի, յստակ անորոշութիւն կայ նաեւ Լիբանանի ներքին քաղաքական համայնապատկերին վրայ, ուր կառավարութեան «Հիզպուլլահ»ը զինաթափելու որոշումէն ետք, յայտնի դարձած է, որ այդ որոշումի գործադրութեան համար չկայ բաւարար ներուժ։ 

Զինաթափումը, ի վերջոյ, ամբողջ Լիբանանի համար մեծ երազանք մը կը համարուի, սակայն, կան մեծ հարցադրումներ, թէ սա արդեօք պիտի փրկէ՞ երկիրը։ Այլապէս խնդիրը պիտի դառնայ նոր փորձութիւն մը երկրին մէջ՝ խլրտումներ ստեղծելով կամ նոյնիսկ քաղաքացիական հաւանական պատերազմ մը հրահրելով։

Մինչեւ մօտաւոր անցեալը «Հիզպուլլահ» կը ներկայանար՝ իբրեւ անպարտելի ուժ։ Անոր առաջնորդին՝ Նասրալլահի թիրախաւորումը եղաւ անկիւնադարձ մը։ Իսրայէլ անմիջապէս վերաձեւաւորեց իր ռազմավարութիւնը՝ յատուկ նպատակ ունենալով ապահովել անվտանգութիւնը հիւսիս վերադարձող բնակչութեան։ Այս մէկը միացաւ «Համաս»ի կազմաքանդման եւ պատանդներու ազատ արձակման հիմնական նպատակներուն։ Լիբանանի ժողովուրդը վճարեց ամենաթանկ գինը։ Երկրի՝ արդէն խոցուած տըն-տեսութիւնը աւելիով վատթարացաւ։ Լիբանան դարձեալ զոհ դարձաւ մեծ խաղերու բախումին։ Ներքին քաղաքական դաշտը ա՛լ աւելիով գնաց բեւեռացման։

Այսօր Լիբանան տակաւին ունի բաց վէրքեր։ Երկիրը կը կրէ ողբերգութիւններ։  «Հիզպուլլահ» կը փորձէ վերագտնել իր ուժը, բայց, դժուար թէ վերադառնայ անցեալի վարկանիշին։ Իրան կը շարունակէ պաշտպանել «Հիզպուլլահ»ը, արաբական աշխարհը բաժնուած է իր դիրքորոշումներուն մէջ, իսկ Արեւմուտքը հետամուտ է Իրանի ազդեցութեան սահմանափակման։ Այսօր այս բոլորի ստուերը զգալի է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2025