ՁԵՌՆԱՐԿԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջին, Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ, գաղութիս «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը կազմակերպած էր հայերէն գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք մը, Փասատինայի իր կեդրոնէն ներս:
Այս առթիւ, յատուկ հրաւէրներ ուղարկուած էին շրջանի գրողներուն եւ գրավաճառներուն, որպէսզի մասնակից դառնային այս նախաձեռնութեան: Ինծի ալ, համեստօրէն ըսեմ, որ իբրեւ տասնեակ մը հատորներու հեղինակ, ղրկուած էր ցուցահանդէսին մասնակից դառնալու հրաւէրը, որ մեծ ուրախութեամբ ընդունած էի:
Ու մինչեւ սրահ հասնիլս, հայ գիրի ու գրականութեան, մշակութային միութիւններու աշխատանքներուն, հայ ընթերցողի եւ հայերէն գիրքի յատուկ մտահոգութիւններու մասին, ես ինծի տեսակ մը վերաքննութեան ենթարկելով հարցաքննած էի, քննադատած նաեւ վեր առած մեր ապրած այս գաղութէն ներս նման ձեռնարկի մը էականութիւնը, այժմէականութիւնը, ծրագրումն ու անոր դրական եւ գործնական ներկայութիւնը:
Ապա, քիչ անց, սրահէն ներս, ցուցահանդէսին մասնակից դարձող գրչընկերներուս ու մանաւանդ ընթերցասէր եւ հետաքրքիր այցելուներուն հետ մէկ կողմէ խօսած, իսկ միւս կողմէ ալ մտիկ ըրած էի հայերէն գիրի ու գրականութեան, եւ մանաւանդ հայերէն գիրքը փրկելու պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն մասին:
-Ինչո՞ւ սակայն նման նախաբան,- հաւանաբար ըսէր ընթերցողը: Միտքս պարզեմ:
Որովհետեւ, այս օրերուն, կը զգամ եւ տեսանելի ալ է, որ գիրքը, հայերէն գիրքը, վտանգաւոր տագնապ մը կ՚ապրի: Կրնամ նաեւ աւելցնել, թէ ան յաճախ ալ մնացած է անտեսուած ըլլալու չափ անարձագանգ:
Իրականութիւն է, որ բոլորիս առօրեայ կեանքի բազմազան մտահոգութիւնները եւ անոնցմով բեռնաւորուած հարցերը՝ կը կրծեն մեր ժամանակը: Ահա թէ ինչո՞ւ մեզմէ շատեր իրենց անհոգութեան, անտարբերութեան ու «գունաւոր» ու «անգոյն» նման պատճառաբանութիւններէն մեկնած, հեռացած են հայերէն գիրքէն, անոր ընթերցման հաճոյքէն, անոր հին ու նոր կանչերէն:
Այլ խօսքով,- բացառութիւնները միշտ յարգելով աւելցնեմ,- տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս սփիւռքի տարածքին ապրող այսօրուայ հայ մարդը ինքզինք «կտրած» է, հեռացուցած եւ մեկուսացուցած է հայ գիրքէն, հայ լեզուէն եւ յաճախ ալ՝ հայ մտածողութենէն:
Ըսի բացառութիւնները յարգուած են: Բայց լաւ պէտք է գիտնալ, որ բացառութիւններով կարելի չէ ազգն ու իր մայրենին պահել եւ փրկել: Որովհետեւ, այս բացառիկները բաւարար թիւ-քանակ չեն կազմեր իրենց դէմ վազող հսկայ հոսանքին ուժգնութիւնը դիմադրելու:
Ճիշդ է, որ չենք կրնար անտեսել մեր միութիւններու, կազմակերպութիւններու, դպրոցներու, հայ կեդրոններու այս հոսանքին դէմ մղած ճիգերը: Նաեւ, չենք կրնար անտեսել անոնց՝ նոր սերունդը փրկելու յատուկ տարած մեծ ու յարատեւ ճիգերը, անոնց մտքով, մարմնով եւ հոգիով հայ պահելու ծանր աշխատանքները: Երբեք:
Բայց... անկեղծօրէն ըսեմ,- Ամերիկայի մէջ հայերէն գիրքը շուկայ չունի: Իմ կարծիքով, հայերէն գիրքը ո՛չ միայն շուկայ չունի, նոյնիսկ շուկայ ունենալու ապագայի յոյսը պղտոր է: Որովհետեւ շուկան կը զարգանայ, եթէ գոյութիւն ունենայ հայերէն գիրք ընթերցող-կարդացողներու զանգուած: Իսկ այսօր, կրկնութեան գնով յիշեցնեմ, որ ամէն տեղ, հայ աշակերտ, հայ ծնողք, հայ մարդ, դժբախտաբար ո՛չ հայերէն կը խօսի, ո՛չ կը կարդայ եւ ո՛չ ալ հայերէնով կը գրէ: Ցաւալի իրականութիւն...:
Կը կարծեմ, որ նման ճշմարտութիւններ ճակատաբաց պէտք է երեւան բերել, արեւի լոյսին յանձնել, որպէսզի մարդիկ կարենան լաւապէս տեսնել, հասկնալ եւ գոնէ՝ ինքնագիտակցիլ: Մի՛ մոռնաք, որ հայ գիրին, գիրքին եւ գրականութեան ապահովումն ու տարածումը եւս հայ դատին մաս կը կազմէ:
Նաեւ պէտք է յիշել, թէ հայ գիրքի ցուցահանդէս-փառատօն-վաճառքի պարագային, հայ մշակութասէրը, ընթերցասէրն կամ պարզ այցելուն, ո՛չ միայն հին ու նոր հրատարակուած հայերէն գիրքերու կամ հայ օտարագիր գրողներու ստեղծագործութիւններուն կը ծանօթանայ, այլ՝ աւելի մօտէն նաեւ կրնայ հայ գրիչին հանդիպիլ, զրուցել, մօտէն ճանչնալ հայ հեղինակը, գրագէտը, բանաստեղծն ու մտաւորականը: Այս ձեւով, հայ գրող-հեղինակ մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէ ալ հայ ընթերցող-անհատ կապը կ՚ըլլայ կենդանի ե՛ւ օգտակար, հետաքրքիր ե՛ւ նպատակայարմար:
Կար ժամանակ, որ շատերուս տուներէն ներս, հայ գիրքի ներկայութիւնը պաշտամունքի աստիճան դառնալով, մեզի նոր ու տարբեր շունչ տուած էր: Ու մենք ալ, այդ օրերուն, իբրեւ նոր սերունդի ժառանգորդներ, անկէ ներշնչուած, վերապրած էինք: Ու հաստատօրէն հայերէն գիրքերը մեր դիմաց բացած էին գրական նոր դռներ, մտքերու գեղեցիկ լուսամուտներ, որոնց շնորհիւ գրողի ճաշակն ու ոճը ընկալած էինք մեծ հաճոյքով եւ նոյնիսկ՝ օրինակուած:
Ու պատիւ իրեն, պէտք է նաեւ յիշել, որ հայ ընթերցասէրը, ամէն պատեհ առիթով, հայ գիրքի ընթեցումը փնտռած է, որպէսզի իր միտքն ու հոգին ալ լիցքաւորուէին հայութեամբ, որպէսզի հայու իր դիմագիծն ու արեան բաբախումը ապահով մնային:
Իսկ այս օրերուն, կասկածէ դուրս է, որ մեր նոր սերունդին նման «ժառանգ» փոխանցելու պատասխանատուութիւնը, պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնները նախ կ՚իյնան եւ անպայման հայ ծնողքի վիզին, ապա հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտին, ինչու չէ անոր հայերէն լեզուի ուսուցիչին, նաեւ հայ տղուն կամ աղջկան պատկանած միութեան կամ կազմակերպութեան ուսերուն:
Արդ, ի տես այդ օրուայ, այդ գեղեցիկ եւ օրինակելի նախաձեռնութեան, իբրեւ հայ մտքի համեստ մշակ, հայ գիրն ու գիրքը փնտռող, անոր գուրգուրացող եւ տարածող գրիչ՝ կը մտածեմ, որ մեր բոլորի ուժերուն ներած չափով եւ տարողութեամբ, գոնէ տարին անգամ մը պէտք է կազմակերպուի հայ գիրքի ցուցահանդէս-փառատօն-վաճառք մը: Եւ այս աշխատանքը կը կարծեմ, որ նաեւ կ՚իյնայ գաղութէն ներս գործող բոլոր մշակութային միութիւններու ուսերուն վրայ: Ցուցահանդէս մը, որ քիչ մըն ալ իր կարկինը լայն բանալով, նաեւ ընդգրկէ շրջանի հայ հրատարակչատուները, հրատարակիչ տպարանները, հեղինակ գրիչներու ստեղծագործութիւններու կողքին:
Տակաւին աւելցնեմ... Հայ մշակոյթի ամսուան իբրեւ գործնական եւ օգտաշատ միջոցառում՝ նման ցուցահանդէսին հայկական վարժարաններու աջակցութեամբ ալ անպայման կազմակերպել աշակերտներու այցելութիւնները:
Հաւատացէ՛ք... չեմ ուզեր ինքզինքս դասել միամիտ երազողներու ցանկին մէջ, այլ միայն ու միայն այս բոլորին գործնական իրականացումը անմեղօրէն կ՚ուզեմ ակնկալել...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ