ԱԿՆԱՐԿ - 142 - «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ, ԱՂԲԱՐԻԿ…»
30 հոկտեմբեր, հինգշաբթի առաւօտեան, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դարաւոր Աթոռին շունչն ու ոգին ըմբոշխնելէ ետք իւրայատուկ պոլսեցիի մը հետ, մեր քայլերը բաժնուեցան, մէկունը՝ դէպի Պատրիարքարան, իսկ միւսինը՝ դէպի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատուն:
Այս տողերը գրողին համար այս երկու հաստատութիւնները՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնն ու ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը աքուցուած են իրարու երկու այն վկայութեան տախտակներէն, որոնց երեսներուն վրայ արձանագրուած կը գտնենք հայկական Պոլիսի եւ պոլսահայութեան պատմութիւնը: Մէկը արդէն դարաւոր կաղնի մը բունին հաստուտեամբ ամուր եւ կանգուն, հակառակ բազմաթիւ փոթորիկներու եւ դժուարութիւններու: Միւսը՝ արդէն աւելի քան մէկ դարու կեանքով, իր անունը, իր գործունէութիւնը ոսկէ տառերով արձանագրել տուած է այդ համայնքի կեանքէն ներս, դառնալով այդ համայնքի՝ Պոլսոյ հայ համայնքին վերջին աւելի քանի հարիւ տարիներու կենդանի վկան:
Նպատակս այս երկու հաստատութիւններուն գովքը հիւսելը չէ, այլ՝ այդ հաստատութիւններէն մէկուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերջին կէսդարեայ պատմութեան մէկ լուռ վկային, ով իր կարելին ըրած է, կանգուն պահելու համար իր նախնիներէն ստացած ժառանգութիւնը եւ փոխանցելու համար զայն իր յետնորդին:
Ինչպէս վերը նշեցի, հինգշաբթի առաւօտեան բաժնուելէ ետք մտերիմ պոլսեցիէն, քայլերս ուղղեցի դէպի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատուն: Ճամբուն ընթացքին նկատեցի, որ դիմացէս պրն. Սարգիս Գօչունեանը կու գար: Քայլերս դանդաղեցուցի եւ սկսայ ուշադրութեամբ հետեւիլ պրն. Սարգիսի քայլերուն, մարդ որ իր լռութեամբ կենդանի վկան է դարաւոր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցած ուղիին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն, միաժամանակ յաղթահարած գագաթներուն եւ ձեռք բերած նուաճումներուն:
Երբ մօտեցանք բարեւեցի անոր, ըսելով.
-Բարի լո՜յս, սիրելի՛ պրն. Սարգիս:
-Բարի լո՜յս, աղբարիկ,- հնչեց պրն. Սարգիսի խաղաղ ձայնը, որու մէջ զգալի է եւ ակներեւ տարիներու փորձառութեան եւ պարզութեան գեղեցիկ ներդաշնակութիւնը:
-Վարանդնն եմ, Քորթմոսեան, Հայաստանէն:
-Ո՜հ, պրն. Քորթմոսեան,- այս անգամ ան անկեղծօրէն ուրախացաւ, եւ ձայնին մէջ զգալի էր այն ջերմութիւնը, որու միջոցով կ՚ողջագուրեն կամ կը դիմաւորեն բարեկամ մը կամ սպասուած հարազատ մը:
Մի քանի վայրկեան իրարու հետ զրուցելէ ետք բաժնուեցանք իրարմէ, երեկոյեան հանդիպելու պայմանաւորուածութեամբ:
Երեկոյեան, դարձեալ հանդիպեցանք, այս անգամ պրն. Սարգիսի եւ տիկին Նատիայի հիւրընկալ եւ ջերմ յարկէն ներս:
Պրն. Սարգիսին հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցանք, թէեւ կարճ, բայց բովանդակալից: Խօսեցանք անցեալէն ու ներկայէն, խօսեցանք Պոլիսէն ու Հայաստանէն, Քեսապէն ու Վաղարշապատէն: Մէկ խօսքով խօսեցանք մեզ յուզող հարցերու մասին:
Պրն. Սարգիսին բարի դէմքը, քաղցր ժպիտն ու հարազատութեան ջերմութիւն տուող ձայնին ելեւէջները մեր ունեցած զրոյցը դարձուցին երկարատեւ տպաւորութիւն ձգող զրոյց մը: Անոր պահուածքէն, խօսքերէն, արտայայտած մտածումներէն կը զգացուէր տարիներու փորձառութիւնը, միաձուլումը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարաւոր ընթացքին, լուռ վկայութիւնը համայնքի վերելքներուն ու խարխափումներուն:
Մեր զրոյցին կը տիրէր խաղաղութիւն մը՝ շնորհիւ պրն. Սարգիսի խաղաղութեան, իրողութիւն մը, որ հազուադէպ է մեր օրերուն, որովհետեւ մեր օրերուն զիրար լսելը դարձած է դժուար իրագործելի իրողութիւն մը: Ամէն ոք ի՛րը կը պնդէ, ի՛րը կը թելադրէ: Պրն. Սարգիսին հետ ունեցած մեր զրոյցը այդպիսին չէր, այլ՝ աշակերտի եւ ուսուցիչի, երկար տարիներու փորձառու անձնաւորութեան մը եւ նոր փորձ ձեռք բերողի մը տպաւորութիւնը կու տար մեր զրոյցը:
Պրն. Սարգիսի խօսքին մէջ կար լուռ արժանապատուութիւն մը, ժառանգորդը ըլլալու Սարգիս եւ Միսաք, Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեաններուն: Լուռ արժանապատուութիւն մը եւ գոհունակութիւն մը, իր ստացած ջահը արժանաւորապէս փոխանցելու իր յետնորդին՝ Արային, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ներկայի խիզախ ջահակիրին ու խմբագիրին: Ջահը փոխանցելով միայն չէ բաւարարուած պրն. Սարգիս, այլ մինչեւ այսօր, հակառակ որոշակի դժուարութիւններու եւ պարագաներու, կը շարունակէ սատար հանդիսանալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան եւ շարունակութեան:
Արդարեւ, պրն. Սարգիսին հանդարտ եւ խորունկ ներկայութիւնը, անոր խօսքին պարզ ու ճշմարիտ անկեղծութիւնը իւրայատուկ էին եւ մէջս այնպիսի զգացում մը յառաջացուցին, որ երկա՜ր ժամանակ պիտի ընկերանայ ինծի:
Այդ երեկոյեան, Պոլիսը կարծես այլ երանգ ստացած էր. իր նեղ փողոցները, հին պատերը, ժամացոյցի դանդաղ ընթացքը… ամէն ինչ դադրեցաւ պարզօրէն ժամանակի նկարագրութիւն ըլլալէ ու դարձաւ հանդիպումի իրական վկան։ Այս հանդիպումը յիշողութեանս մէջ պիտի մնայ իբրեւ յարգանքի եւ գոհունակութեան չափանիշ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ պատմութիւնը կը շարունակուի ո՛չ միայն հաստ հատորներու էջերուն մէջ, այլ՝ կէս դարու փորձառութիւն ունեցող, կեանքը ապրած մարդու մը լռութեամբ, ջերմութեամբ եւ ժպիտով:
Եւ այդ լուռ վկաները -ինչպէս պրն. Սարգիս- ո՛չ միայն իրենց ստացած ժառանգութիւնը, իրենց թերթը կամ իրենց աւանդութիւնը կը պահեն, այլ նաեւ կը պահեն մեր ժողովուրդին ամուր ողնաշարը կոտրուելէ կամ կքելէ: Իսկ այդ ողնաշարը կը կառուցուի խոնարհութեամբ, տխուր ու ուրախ օրերու յիշատակներով եւ ամենէն գլխաւորը՝ նուիրումի ոգիով. նուիրում՝ իր գերդաստանին, ստացած իր ժառանգութեան, իր համայնքին ու ժողովուրդին:
-Բարի լո՜յս, սիրելի՛ պրն. Սարգիս:
Եւ ականջներուս մէջ կը հնչէ պրն. Սարգիսի քաղցր ձայնը.
-Բարի լո՜յս, աղբարիկ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10 նոյեմբեր 2025, Վաղարշապատ