ՎԵՑՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՈՐՈՇԻՉ ԵՒ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ (2)

Դիւրին յաղթանակի մը չէին հաւատացած Իսրայէլի զօրավարները, որոնք հասկցած էին, որ երկիրը կը պարտուի այն ժամանակ, երբ իր պաշտպանութեան բանակի զօրավարները մնան տունը։ Յորդանանի Հուսէյին թագաւորը եւս հասկցած էր այդ մէկը, ինչպէս հասկցած էին Եգիպտոսի բարձրաստիճան զինուորականներու մեծ մասը՝ բացառութեամբ հրամանատար Ապտ ալ Հաքիմ Ամերին, որ այնքան ատակ չէր եւ կը մեղադրուէր փտածութեան մէջ։

1967 թուականի յունիսի 5-ի առաւօտեան, յանկարծակի գրոհի ժամանակ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը ոչնչացուցին Եգիպտոսի ռազմաօդային ուժերը, երբ դեռ անոնք գետնին վրան էին: 

Յաջորդող հինգ օրերու ընթացքին Իսրայէլ իրականացուցած է Բրիտանիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան կանխատեսումները։ Պատերազմէն արդէն վեց շաբաթ առաջ, Անգլիոյ համատեղ հետախուզական կոմիտէն ըսած էր, որ արաբներու յաղթանակը անհաւատալի բան մըն է։ Իսկ ԱՄՆ-ի բարձրաստիճան զինուորականներ պնդած էին, որ արաբական միացեալ բանակներու ուժերը որեւէ ռազմական մարտահրաւէր չեն ներկայացներ Իսրայէլին՝ առնուազն յառաջիկայ հինգ տարիներուն։

Իսրայէլի ինքնավստահ զօրավարները, մեծամասնութեամբ «Ալ Սապրա» (այս անունը կը տրուի այն իսրայէլացիներուն, որոնք ծնած են Իսրայէլ եւ ոչ արտասահման), 30-40 տարեկան, իրենց ողջ ասպարէզի ընթացքին մարզուած էին այս օրուան համար, որպէսզի վերջացնէին 1948-ին սկսած պատերազմը։ Սակայն զօրավարները ապրած են մեծ հիասթափութիւն, երբ քաղաքական առաջնորդները, որոնց մեծ մասը զգոյշ ներգաղթեալներ էին եւ առնուազն քսան տարի մեծ երիտասարդ զօրավարներէն, փորձած են դիւանագիտութեամբ վերջ դնել այն տագնապին, որ պիտի յանգեցնէր պատերազմին: Զօրավարները հասկցած էին, որ անտեղի յետաձգումը պատերազմի մը, որ անխուսափելի էր եւ կը նշանակէր միայն աւելի շատ կորուստներ, իսկ յաղթանակը, որուն կը պատրաստուէին բաւական ժամանակէ ի վեր, հաստատ էր: 

Նասըրի դրդապատճառները 1967-ի պատերազմին սկսելու՝ տակաւին կը մնան վիճելի։ Երկու իսրայէլացի պատմաբաններ մատնանշած են, որ Խորհրդային Միութիւնը խրախուսած է զայն պատերազմի սկսելու, քանի Մոսկուան կ՚ուզէր ոչնչացնել Իսրայէլի միջուկային զէնքի ծրագիրը Տիմոնա քաղաքին մէջ։ Այլ վարկածներէն մէկն ալ այն է, որ Նասըր պատրաստ էր Իսրայէլը տանիլ անդունդի եզրը՝ ամրապնդելու համար իր դիրքը, որպէս արաբներու հերոս։

Նասըր ենթադրած էր, որ եթէ Իսրայէլ անցնի սահմանը, գերտէրութիւնները պիտի միջամտեն զինք փրկելու, ինչ որ պիտի պարգեւէր քաղաքական յաղթանակ, ինչպէս պատահած էր 1956-ին, Սուէզի «Եռակողմանի յարձակում»ի պատերազմին։

Երբ իրականացած է Իսրայէլի յաղթանակը, անոր քաղաքացիները, որոնք երբեք չէին տեսած Իսրայէլի հզօրութիւնը, հաւատացած են, որ փրկուած էին անխուսափելի ճակատագիրէ մը։

Իսրայէլացի լուսանկարիչ, լրագիրներով տարածուած պատերազմի ամենայայտնի նկարին հեղինակը՝ Տէյվիտ Ռուպինկըր, որ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու անկարգելաւոր էր, երբ Իսրայէլի բանակը գրաւած էր Արեւմտեան պատը՝ «Լացի պատը», հազիւ զսպելով իր զգացումները պատմած է. «Մենք սկսանք լալ։ Այդ կրօնական լաց չէր, այլ ուրախութեան եւ ազատութեան լաց էր։ Մենք այնպէս կը զգայինք, որ մեր ճակատագիրը որոշուած է եւ մենք դատապարտուած ենք մահուան, սակայն ինչ-որ մէկը ազատեց մեզ գլխատումէ եւ ըսաւ՝ դուք ո՛չ միայն ազատ էք, այլ նաեւ իշխաններ, կարծես հրաշք էր»։

Մինչեւ հիմա իսրայէլացիներուն մեծ մասին մօտ կայ այն համոզումը, որ տեղի ունեցածը հրաշք էր, որ Աստուած փրկած է հրեայ ժողովուրդը եւ վերադարձուցած զիրենք իրենց պատմական հայրենիքը՝ Հրէաստան եւ Սամարիա։ Այս համոզումը Իսրայէլի կրօնական ազգայնութեան շարժիչ ուժն է։

«Այդ պատերազմը միայն տարածաշրջանային լարուածութեան հետեւանքով չէր, անոր իսկական պատճառը՝ այդ ժամանակ աշխարհը ողողող տնտեսական տագնապին մէջ ԱՄՆ-ի եւ Խորհրդային Միութեան քաղաքականութեան դերն էր: Ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հակամարտութեան կեդրոնական խաղացող դառնալը սրած էր լարուածութիւնը եւ արագացուցած Իսրայէլի կողմէ 5 յունիսին սկսած պատերազմը», գրած է վերլուծաբան Ճէյ Լարոն, իր «Վեցօրեայ պատերազմ. Միջին Արեւելքի կործանումը» գիրքին մէջ: Իսրայէլ բացի 5 յունիսի յարձակումէն, նոյնանման օդային յարձակումով մըն ալ կաթուածահարած է Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերը: Եգիպտոսի բանակը յարձակման ենթարկուած է ցամաքով առանց օդային աջակցութեան, իսկ երեք օրուան մէջ իսրայէլացիները ջախջախիչ յաղթանակ տարած են գրաւելով Կազզէն, ամբողջ Սինայի թերակղզին մինչեւ Սուէզի ջրանցքի Արեւելեան ափը:

Արեւելեան ճակատ մը սկսած է 5 յունիսին, երբ Յորդանանի ուժերը հրետակոծած են Արեւմտեան Երուսաղէմը՝ անտեսելով Իսրայէլի զգուշացումը Հուսէյին թագաւորին, որպէսզի չներքաշուի պատերազմին, ինչ որ յանգեցուցած է Իսրայէլի հակայարձակումին: Յունիսի 7-ին, Իսրայէլի ուժերը դուրս մղած են Յորդանանի ուժերը Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Արեւմտեան ափի մեծ մասէն: Նոյն թուականին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կոչ ըրած է հրադադարի, որ անմիջապէս ընդունուած է Իսրայէլի եւ Յորդանանի, իսկ յաջորդ օրը՝ նաեւ Եգիպտոսի կողմէ: Բայց Սուրիան դիմադրած է եւ շարունակած հրետակոծել հիւսիսային Իսրայէլի գիւղերը: Յունիսի 9-ին, Իսրայէլ յարձակման սկսած է Կոլանի բարձունքներուն վրայ եւ մէկ օրուան մէջ գրաւած է զայն: Սուրիան յաջորդ օրն իսկ համաձայնած է հրադադարին:

Պատերազմի ընթացքին արաբական պետութիւններու կորուստները եղած են աղէտալի։ Եգիպտոսի նահատակներու թիւը գերազանցած է 11 հազարը, Յորդանանինը՝ 6 հազարը, իսկ Սուրիոյ՝ հազարը, մինչդեռ Իսրայէլի կորուստները կազմած են ընդամէնը 700 նահատակ։ 

Այս պարտութիւնը յուսահատութեան մատնած է արաբ ժողովուրդն ու քաղաքական վերնախաւը։ Յունիսի 9-ին, Նասըր իր հրաժարականը տուած է, սակայն ան ընդառաջած է ժողովուրդի փափաքին, որ ցոյցերով պահանջած է անոր մնալը պաշտօնին վրայ: Իսկ Իսրայէլի մէջ կը տիրէր յաղթանակի ոգեւորութիւնը, այլեւս ապացուցուած էր, որ ան տարածաշրջանի յառաջատար ռազմական ուժն էր։

Վեցօրեայ պատերազմը սկզբնաւորութիւնն էր նոր փուլի մը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի հակամարտութեան, որուն հետեւանքով հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներ հեռանալով փախստական դարձան եւ աւելի քան մէկ միլիոնը մնաց Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած իրենց հողերուն վրայ: 

Այդ պատերազմը քառորդ միլիոն պաղեստինցի, նաեւ 100 հազար սուրիացի փախստական դարձուցած է: Միջին Արեւելքի մէջ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել՝ առանց փախստականներու խնդիրը լուծելու: Իսրայէլ դարձած է բռնագրաւող տէրութիւն: Եգիպտոսէն գրաւած է Սինայի թերակղզին եւ Կազզէն, Սուրիայէն՝ Կոլանի բարձունքները, իսկ Յորդանանէն՝ Արեւմտեան ափը եւ Արեւելեան Երուսաղէմը:

1973-ին, Իսրայէլ այլ պատերազմ մը մղած է Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի դէմ: Բայց ժամանակի ընթացքին, Իսրայէլի վրայ արաբական հիմնական ճնշումը բանեցուած է Եասեր Արաֆաթի կողմէ։ 

1967-ի արաբական ազգայնութեան ձախողութիւնը հիմնական գործօն դարձած է քաղաքական իսլամի վաղ ծնունդին, քանի որ մզկիթները սկսած էին տալ որոշ պատասխաններ այն հարցումներուն, որոնք անպատասխանի մնացած էին գերիշխող աշխարհիկ առաջնորդներուն կողմէ: Այժմ, աւելի քան կէս դար ետք, 1967-ի բռնագրաւուած Արեւմտեան ափի վերաբնակիչներուն թիւը գերազանցած է կէս միլիոնը: 

Ինչ կը վերաբերի պաղեստինցիներուն, վերաբնակեցումը աղէտ է, որ կ՚աճի օր ըստ օրէ եւ բնակավայրերու թիւը կ՚աւելնայ։ Տարիներու բռնագրաւումէ ետք, Իսրայէլ այլեւս չի կրնար յոյսը դնել 1967-ին վայելած միջազգային աջակցութեան վրայ։

2017-ին ի յայտ եկած են փաստաթուղթեր, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն պատերազմէն ետք տեղի ունեցած իրաւական եւ դիւանագիտական բանավէճերը։ Ի դէպ, վեցօրեայ պատերազմին Իսրայէլ գրաւած է 5900 քառ. քմ. տարածութիւն՝ Արեւմտեան ափէն եւ Երուսաղէմի Հին քաղաքէն, նաեւ քաղաքի արեւելեան կողմէն աւելի քան քսան արաբական գիւղ։

Պատերազմի աւարտէն՝ 10 յունիսէն ամիս մը ետք, արտաքին գործոց նախարարութեանց բարձրաստիճան պաշտօնեաներ տարբեր տեսակի առաջարկներ տուած են, թէ ինչե՛ր կրնայ ընել Իսրայէլը Արեւմտեան ափի եւ Կազզէի մէջ։ Պաղեստինցիները եւ շատ մը երկիրներ կը համարեն, որ բռնագրաւուած հողերուն վրայ Իսրայէլի բնակավայրեր կառուցելը անօրինական է։ Մինչդեռ Իսրայէլ կը մերժէ այդ մէկը եւ կը վկայակոչէ պատմական, աստուածաշնչեան եւ քաղաքական իր կապերը Արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի հետ, ինչպէս նաեւ յառաջ կը քշէ անվտանգութեան հանգամանքներով։

1967-ի պատերազմէն ետք, Իսրայէլ իրենը յայտարարած է Երուսաղէմը եւ ամբողջ քաղաքը՝ իր յաւերժական եւ անբաժանելի համարած մայրաքաղաքը, սակայն, այս կարգավիճակը միջազգային ճանաչում չէ ստացած եւ պաղեստինցիները կը պահանջեն, որ Արեւելեան Երուսաղէմը ըլլայ իրենց ապագայ պետութեան մայրաքաղաքը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

- Վերջ -

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025