ՈՒ ԴԵՌ ՍԻՐԱՅՕԺԱՐ Կ՚ԻՅՆԱՄ…
-Արփիակ, ինչ լաւ ըրիր հեռաձայնեցիր, թէ ոչ վարորդը պիտի կարծէր, որ խենթ եմ…
-Ինչո՞ւ, ի՞նչ ըրիր, մէկէն բարձրաձայն երգել սկսար նորէն…
-Ո՜չ, առանձին կը խնդամ, գիտնաս ի՛նչ յիշեցի…
-Ի՜նչ, նորէն…
-Կը յիշե՞ս մամիին սենեակը պահարանին վրայ ելանք, որպէսզի անկողինին վրայ ցատկենք…
-Մամ, ինչ բարի էիր… Ամէն բան կ՚ընէիր միայն ես ուրախ ըլլամ…
Ինչպէ՛ս կրնար մոռնալ տղաս։
«Ինթիֆատա» էր, շատ դուրս չէինք ելլեր, Արփիակս, որ մէկ հատիկ էր՝ պարտաւոր էի նաեւ քոյր-եղբայր ըլլալ։
Համոզեց… Ահով-դոհով բարձրացայ պահարանին վրայ մէկ պայմանով՝ ինք երեք անգամ կը ցատկէ, ես՝ մէկ։
Արագ-արագ ցատկեց, ութ տարեկան էր եւ ութ տարեկանի ճկունութեամբ ցատկեց։
-Եկուր դուն հինգ անգամ ցատկէ, ես մէկ, ըսի։
-Մամա, խաբել սկսար։
-Ոչ, բայց…
Պահարանէն առաստաղ կէս մեթր հազիւ կար եւ ես ծունկերուս վրայ կծկուեր էի, շարժելու անկարող, ուր մնաց ցատկէի։
-Մամ, խօսք տուիր, չ՚ըլլար, միշտ կ՚ըսես, որ տայտային հետ կը ցատկէիք, նոյն ձեւով ցատկէ, աչքերդ գոցէ եւ նետուէ։
-Տայտային հետ ցատկելու ժամանակ քու տարիքդ էի, հիմա շարժելու տեղ չկայ։
-Լաւ, մի՛ ցատկեր, խօսքդ չի պահեցիր, ուրեմն ես ալ արաբերէն չեմ սորվիր։
-Մա՜մ, օգնութեան հասիր։
Մայրս տեղեակ ըլլալով մատնուած վիճակիս, ձեռքը լաթ մը եկաւ.
-Քանի որ վեր ելեր ես, մէկ անգամէն պահարանին վրայի փոշին մաքրէ։
-Ինչ է, մամիկ եւ թոռնիկ խօսք մէկ ըրեր էք… Պիտի ճաթեցնէք զիս…
-Չես ճաթիր, տղուդ խօսք տուեր ես՝ յարգէ՛։ Արփիակ իջիր, որպէսզի մամայիդ տեղ բացուի։
-Արփիակ, ինչ աղուո՜ր, եկուր փոշիները միասին առնենք, բնաւ պահարանին վրայէն չենք առած։
-Ինչո՞ւ մենք պիտի առնենք, մամին կ՚ուզէ փոշիները առնել՝ ինքը թող պահարանին վրայ ելլէ… Մամա չառնես…
Սա ութ տարեկան խլէզին նայէ՛, մայր ու աղջիկ կապիկ դարձեր ենք դիմացը…
Մայրս խոհանոցի փոքրիկ աստիճանը բերաւ՝ անկարելիութիւն էր անոր հասնիլ իջնելու համար։ Ինչպէս ելեր էի չեմ գիտեր…
Բարեբախտաբար վանքին ելեկտրագործը՝ Իպրահիմը, մեր տունին վարը մեծ աստիճանի մը վրայ ելած, միաբաններուն ճաշարանին դուրս ինկած ելեկտրական թելերը կարգի կը դնէր, մայրս խնդրեց, որ աստիճանն ալ բերելով օգնութեան հասնի։
Ես քրտինքներու մէջ եմ արդէն, Արփիակը մէկ ականջէն միւսը երկարած երջանիկ ժպիտով դեռ կը համոզէ, որ ցատկեմ։ Իսկ մայրս կը պնդէ, որ քանի վերն եմ՝ փոշիները առնեմ…
Եղունգ ունիս գլուխդ քերէ… Մանրակազմ Իպրահիմը խոշոր աստիճանով քառորդ ժամ ետք հասաւ, կարծելով, որ կատու մը կամ թերեւս չեմ գիտեր ինչ մը վեր ելեր է եւ մեր իրարանցումին վախէն կը մերժէ իջնել եւ… Ի՜նչ տեսնէ… Ի՜նչ կատու… Ես եմ վերը կծկուած, անշարժ, քրտինքներու մէջ…
-Վա՜յ-վայ տոքթորա, մտքիս ծայրէն չանցաւ, որ քեզի համար է աստիճանը, ի՞նչ գործ ունիս վերը…
-Եթէ գիտնամ, կ՚ըսեմ Իպրահիմ, սա աստիճանը մօտեցուր՝ իջնեմ… Կաթուած պիտի անցընեմ։
Կաթուած անցուցի-չանցուցի չեմ գիտեր, բայց ձեւով մը իջայ…
-Աղջիկս տասը տարեկա՞ն կարծեցիր ինքզինքդ, խելքդ տղուդ հետ դրեր վեր ելեր ես… Ամէն օր կը փորձէ զիս ալ համոզել, որ հետը վեր ելլեմ եւ ցատկեմ անկողինին վրայ, «Մամի ուզածդ կ՚ընեմ, կ՚ըսէ, միայն մէկ անգամ հետս վեր ելիր»։
-Արփիակ, եթէ վաղը մէկու մը պատմես այս պատմութիւնը, կեանքիս մէջ քեզ տեղ չեմ տանիր… Ո՛չ մէկ ուզածդ կ՚ընեմ…
Երեսուն տարի անցեր է ու դեռ կ՚իյնամ իր խաղերուն մէջ եւ բոլոր ուզածները կ՚ընեմ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ