ԲՈՒՐԳԵՐՈՒ ՆՈՐ ԴՐԱՑԻՆ
Աշխարհի ուշադրութիւնը նոյեմբերի սկիզբին ուղղուեցաւ դէպի Եգիպտոս, ուր հանդիսաւորապէս բացուեցաւ Եգիպտական մեծ թանգարանը։ Ան աշխարհի ամենամեծ թանգարանն է, որ նուիրուած է մէկ քաղաքակրթութեան։
Քառորդ դարու սպասումով վերջապէս իրականութիւն դարձաւ նախագիծը, որու աւարտական տեսքին Եգիպտոսին հետ միասին նաեւ աշխարհը կը սպասէր, քանի որ ան այլեւս միայն եգիպտական մշակութային ձեռնարկ մը չէր, այլ համաշխարհային ժառանգութեան նոր տաճար մը, ուր միաւորուած են մարդկութեան ամենահին յիշողութիւններէն մէկը եւ արդիականութեան նոր լեզուն։
Աշխարհին համար հետաքրքրութիւնը միայն հնութիւններու ցուցադրութիւնը չէ․ այս ձեռնարկին սպասողները անհամբեր էին տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս Եգիպտոս նոր դարաշրջանին կը յաջողի ներկայացնել իր հազարամեայ քաղաքակրթութիւնը՝ առանց կորսնցնելու անոր խորհրդաւոր շունչը։ Երկար սպասուած այս թանգարանը դարձած էր խորհրդանիշ մը՝ թէ՛ գիտնականներու եւ հնագիտութեան մասնագէտներու, թէ՛ ճարտարապետներու, զբօսաշրջութեան աշխարհին ու միջազգային լրատուամիջոցներուն համար։
Աշխարհը այս ձեռնարկին կը սպասէր նաեւ այն պատճառով, որ Եգիպտական մեծ թանգարանը կ՚երեւէր իբրեւ կամուրջ մը՝ անցեալէն դէպի ապագայ։
Թանգարանին շինարարութիւնը սկսած էր շուրջ երկու տասնամեակ առաջ, երբ տակաւին Եգիպտոսի պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուէր՝ մշակութային ինքնահաստատման ձգտումը։ Բացումը սկզբնապէս նախատեսուած էր շատ աւելի կանուխ, բայց յետաձգուեցաւ Արաբական գարնան ապստամբութիւններուն եւ յետագային՝ քորոնաժահրի, տնտեսական դժուարութիւններու, տարածաշրջանային լարուածութիւններու պատճառաւ, որոնք տարիներով կասեցուցին աշխատանքները։
Թանգարանի գաղափարը ծնունդ առաւ 1990-ականներուն՝ այդ օրուայ մշակոյթի նախարար Ֆարուք Հոսնիի նախաձեռնութեամբ։ Ան վստահ էր, թէ մայրաքաղաքի Թահրիրի հրապարակին վրայ գտնուող Եգիպտական հին թանգարանը այլեւս չէր համապատասխաներ ժամանակակից պահանջներուն․ «Ամէն անգամ, երբ կ՚այցելեմ հին թանգարանը, գլխացաւ կ՚ունենամ ու տխրութիւն կ՚ապրիմ, իսկ անոր վերաձեւաւորումը անհնար է», ըսած է ան։
Նոր թանգարանի մը նախագիծը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ 1992 թուականին՝ նախագահ Հիւսնիւ Միւպարէքի կողմէ։
Կառուցումը փաստացի սկսաւ 2005 թուականին: Բացումը նախատեսուած էր 2020 թուականին, ապա յետաձգուեցաւ 2021-ի, այնուհետեւ 2023-ի վերջ եւ վերստին՝ 2024 թուականը։ Վերջապէս, Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի 2025 թուաանի օգոստոսի 6-ին յայտարարեց, որ նախագահ Ապտել Ֆեթթահ էլ-Սիսիի որոշումով թանգարանի պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի այս տարուան նոյեմբերի 1-ին։ Էլ-Սիսի ինք 2002 թուականի յունուարին իր ձեռքով դրած էր հիմքին առաջին քարը՝ Կիզէի սարահարթին մէջ՝ մեծ բուրգերէն ոչ շատ հեռու։
Բուրգերը ունեցան նոր դրացի մը, որ մրցակից չէ, այլ դարաւոր քաղաքակրթութեան պատուաւոր ժառանգորդը․ անոնց միասնութիւնը կը խորհրդանշուի նաեւ այն բանով, որ թանգարանը ուղիղ ճանապարհ մը ունի դէպի Կիզէի բուրգերը: Մարդը, որ թանգարանէն դուրս կու գայ, կը գտնէ իր դիմաց բուրգերը՝ հազարամեայ քարերէ կազմուած լռակեաց վկաները։
Եգիպտական մեծ թանգարանը մաս կը կազմէ Գահիրէի գլխաւոր յատակագիծին եւ այդ առումով ներդաշնակ է պատմական քաղաքին, որուն ձուլուած է Կիզէն:
Կիզէն արդէն իսկ աշխարհի մէջ հռչակաւոր է ո՛չ միայն իր երեք անզուգական բուրգերով, այլեւ դիցաբանական հսկայ կերպարով՝ Մեծ Սփինքսով, որուն կիսամարդ, կիսառիւծ ձեւը դարեր շարունակ խորհրդանիշ դարձած է Եգիպտոսի գաղտնի եւ խորհրդաւոր ոգիին։
Թէեւ Սփինքսի պատկերով արձաններ շատ կառուցուած են Եգիպտոսի զանազան կողմերը, սակայն Կիզէի Սփինքսը՝ Նեղոսի ձախ ափին կանգնած անշարժ պահապանը, մնացած է ամենէն մեծն ու նշանաւորը։
Բուրգերէն ու Սփինքսէն զատ, այսօր Կիզէի տեսարանը աւելի հարստացած է նոր խորհրդանիշով՝ Եգիպտական մեծ թանգարանով, որուն ճարտարապետական ձեւաւորումը ինքնին կը յիշեցնէ բուրգային աշխարհը։ Թանգարանը կը թուի բխած ըլլալ հին քարերէն՝ շարունակութիւնը դառնալով այն մեծ քաղաքակրթութեան, որ հազարաւոր տարիներ առաջ շինեց այս վիթխարի բուրգերը։
Ճարտարապետները՝ հաւատարիմ եգիպտական ոգիին, ազատ կերպով ներշնչուած են բուրգերու ու փարաւոններու խորհրդաւոր աշխարհէն։ Անոնք բուրգերուն պատմական ուժը եւ յարատեւ շունչը խտացուցած են թանգարանին արտաքին եւ ներքին ձեւաւորումին մէջ։ Լայն ճակատները, անկիւնագիծերը, արեւմտահայեաց լոյսի խաղերը եւ կարմրաւուն քարերէ շինուած պատերը կը յուշեն բուրգերուն բնութիւնը, մինչ ապակեայ երեսապատումները եւ մետաղական շողքը կը տանին դէպի նոր դարաշրջանի թափանցիկութիւն։
Քսան տարիներու ընթացքին, հսկայական աշխատանքով, թանգարանը աստիճանաբար ստացած է արդիական կառոյցի մը տեսք։ Յարկէ յարկ, սրահէ սրահ, ձեւ առած է այն գաղափարը, որ պիտի միացնէր հին Եգիպտոսը նոր աշխարհի պատկերացումին։
Եգիպտոսի իշխանութիւնները իրենց կարգին յայտնած են խոր հաւատք, որ թանգարանին բացումը պիտի դառնայ երկրի տարուան ամենակարեւոր իրադարձութիւնը․ այդպէս ալ եղաւ։ Ան դարձաւ նաեւ իրադարձութիւն մը աշխարհի թանգարանային ոլորտին մէջ՝ նշանաւորուելով իբրեւ հնագիտական ամենամեծ թանգարանը, նաեւ ամենաթանկարժէք ծախսեր խլած թանգարանը։ Եգիպտական մեծ թանգարանը այլեւս հնագիտութեան եւ ազգագրութեան համաշխարհային կեդրոն մըն է։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Նոյեմբերի 1-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ՝ ներկայութեամբ նախագահ էլ-Սիսիի եւ առաջին տիկնոջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներու եւ նշանաւոր հիւրերու, բացուեցաւ վերջին տասնամեակներու Եգիպտոսի ամենամեծ մշակութային ձեռնարկը։ Ներկայ էին Պելժիոյ, Սպանիոյ, այլ երկիրներու թագաւորներ, Յորդանանի թագուհին, Յունաստանի վարչապետը, Գերմանիոյ նախագահը եւ այլ բարձրաստիճան անձեր։
Արարողութիւնը բացուեցաւ եգիպտացի տարեց եւ անուանի բժիշկ փրոֆ. Սըր Մաքտի Եագուբի, արուեստագէտ եւ նախկին նախարար Ֆարուք Հոսնիի եւ բնապահպան Մունիր Նեմաթալլայի խօսքերով։
Արարողութեան երաժշտութիւնը գրած էր Հիշամ Նազիհ։ Եգիպտական երգի աստղերը բեմին վրայ էին։ Թատերական մասերուն մասնակցեցան եգիպտացի դերասաններ Ահմէտ Մալեք, Հուտա Էլ-Մուֆթի, Սալմա Ապու Տիեֆ՝ մարմնաւորելով հին Եգիպտոսի թագաւորներն ու թագուհիները, իսկ անոնց միացած էին Ողիմպիական մարզիկներ Ֆերիէլ Ապտըլազիզ եւ Ֆարիտա Օսման։ Աստղային հրավառութեան ներքոյ արուեստի եւ ճարտարապետութեան հրաշքը վառեց իր գիշերային լոյսերը։
Թանգարանը կը ծաւալի շուրջ 500 հազար քառակուսի մեթր տարածքի վրայ, որմէ 167 հազարը կառուցապատուած է եւ կը կազմէ հսկայ շէնքը, որուն ճարտարապետութիւնը նախագծուած է եւրոպական ճարտարապետական ընկերութեան մը կողմէ։ Այդ ընկերութեան նախագիծը յաղթած է աշխարհի 82 երկիրներէ ներկայացուած 1557 նախագիծերուն մէջ։ Ճարտարապետական միտքի թռիչքները իրականացուցած են եգիպտացի վարպետները՝ զանազան ընկերութիւններու հետ միասին։ Հիմնական շէնքէն զատ, թանգարանին շուրջ կը գործեն շարժանկարի սրահ, գրադարան, լսարաններ, գիտաժողովներու համար սրահներ, երեխաներու, սահմանափակ հնարաւորութիւն ունեցող մարդոց համար թանգարան, զուարճանքներու կեդրոն, ցուցասրահ՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու համար եւ զբօսայգիներ:
Եգիպտական մեծ թանգարանը կը պարունակէ աւելի քան 100 հազար հնագիտական նմոյշներ, որոնք կը ներկայացնեն Եգիպտոսի պատմութիւնը՝ նախնական ժամանակներէ մինչեւ ղպտիական շրջան։ Առաջին անգամ հանրութեան առջեւ կը ցուցադրուին շուրջ 20 հազար իրեր, որոնց շարքին է նշանաւոր փարաւոն Թութանխամոնի ամբողջական հաւաքածոն՝ 5 հազար 398 առարկաներով։ Այդ հաւաքածոն կը տարածուի 7 հազար 500 քառակուսի մեթր տարածքին վրայ, իսկ շրջակայ սրահներուն մէջ կարելի է տեսնել նոր վերականգնուած նմոյշներ՝ Քէոփսի երկրորդ արեգակնային նաւը, թագուհի Հեթեֆերեսի (Քէոսփի մայրը) հաւաքածոն եւ Եույայի ու Թույայի (թագուհի Թիյայի ծնողները) թանգարանային գանձերը։
Թանգարանի սիրտին մէջ կը գտնուի Մեծ սրահը՝ 10 հազար քառակուսի մեթր տարածքով եւ ապակեայ տանիքով։ Սրահին մէջ է հսկայ արձանը Ռամսէս Բ.-ի՝ 11 մեթր բարձրութեամբ եւ 83 թոն ծանրութեամբ։ Արձանը 2006 թուականին փոխադրուած է Գահիրէէն Կիզէ եւ տեղադրուեցած է այստեղ 2018 թուականին։ Սրահը կը միանայ Մեծ սանդուխքին, որ կը բարձրանայ վեց յարկ՝ այդ ընթացքին ցուցադրելով աւելի քան վաթսուն հնութիւն։
ՓՈՐՁՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Այս թանգարանը նիւթական մեծ հարստութեան տեւական հոսք պիտի ըլլայ Եգիպտոսի համար։ Թանգարանի պաշտօնական բացումէն առաջ՝ փորձնական բացումէն ետք (2024 թուականի հոկտեմբերէն սկսեալ), տասն ամսուան մէջ զայն ընդունած է շուրջ մէկուկէս միլիոն այցելու, միջինը՝ օրական 4 հազար մարդ։ Այս թիւերը վկայութիւնն են այն բանի, թէ ինչպէս Եգիպտական մեծ թանգարանը վերածուած է ո՛չ միայն պատմամշակութային կեդրոնի եւ ազգային խորհրդանիշի, այլեւ՝ զբօսաշրջութեան գրաւչութեան։ Երկրի իշխանութիւններու մշակութային քայլը միաժամանակ տնտեսական եւ քաղաքական նշանակութիւն ձեռք բերած է։ Ան Եգիպտոսի համար ապահոված է ա՛լ աւելի աշխարհաքաղաքական տեսանելիութիւն, որ մեծապէս պիտի օգնէ դիմագրաւելու արտաքին ազդեցութիւնները եւ երկրին փայլուն հեղինակութիւն բերելու հեռանկար ունի։ Այս տեսակ քաղաքական ազդեցութիւնը խիստ կարեւոր է յատկապէս այնպիսի շրջաններու ընթացքին, երբ երկրի հեղինակութիւնը եւ կայունութիւնը միջազգային հարթակի վրայ ժամանակ առ ժամանակ մարտահրաւէրներու կ՚ենթարկուին։ Թանգարանի բացման արարողութեան մասնակցած օտար պետութիւններու տասնեակ ամենաբարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութիւնն ալ Եգիպտոսի դիւանագիտական դիրքի ամրապնդումի քայլ մըն է։ Յայտնի է, որ Եգիպտական մեծ թանգարանը նպատակ ունի դիրքաւորուիլ համաշխարհային մշակութային ասպարէզին վրայ՝ մրցակցելով եւրոպական եւ տարածաշրջանային մեծ թանգարաններու հետ։ Թանգարանին մօտակայքը արդէն կառուցուած է «Սփինքս» միջազգային օդակայանը, որ աշխարհի զանազան երկիրներէ ուղղակի այստեղ պիտի բերէ զբօսաշրջիկները: Երկրի նախագահը իր ընկերային ցանցերու վրայ գրած է, որ թանգարանը պիտի միաւորէ հին եգիպտացիներու հանճարը եւ ժամանակակից եգիպտացիներու ստեղծագործականութիւնը՝ հարստացնելով համաշխարհային մշակոյթն ու արուեստը նոր տեսարժան վայրով, որ պիտի գրաւէ բոլոր անոնք, որոնք կը գնահատեն քաղաքակրթութիւնը եւ գիտելիքները։
ԱՊՇԵՑՈՒՑԻՉ ՆՄՈՅՇՆԵՐ
Եգիպտոսի նշանաւոր Թութանխամոն փարաւոնի դամբարանին ցուցանմոյշներէն մէկն է իր սանտալները՝ ոսկեայ կիսակօշիկ բոկոտիկները, որ բոլորովին նախատեսուած չէին մահկանացուներու աշխարհին համար։ Անոնք պատրաստուած են փայլուն մետաղէ բարակ թերթերէ՝ ճշգրտութեամբ ու գեղարուեստական նրբութեամբ։ Գործնական կօշիկներ չէին․ այլ սրբազան զարդեր՝ յատկապէս պատրաստուած հանդերձեալ կեանքին մէջ ճանապարհորդելու համար։ Կրելն իրական կեանքին մէջ տանջալի պիտի ըլլար՝ կոշտ, անզիջում եւ անյարմար շարժման համար, սակայն մահուան մէջ անոնք կը խորհրդանշէին յաւերժական կատարելութիւն։
Երբ 1925 թուականին Թութանխամոնի դամբարանը բացուեցաւ, այս նրբագեղ իրերը հանուեցան ուսումնասիրելու համար; Այն ատեն այս քայլը սովորական գիտական գործելակերպ մըն էր, իսկ այսօրուայ եգիպտագէտները նման բան պիտի չընէին։
Թութանխամոնի յուղարկաւորութեան սանտալները իրենց երկրորդ կեանքին մէջ պիտի շողան Եգիպտական մեծ թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ։
Ոսկեզօծ սանտալները, ինչպէս հին Եգիպտոսի մշակոյթի բազում խորհրդանիշներ, կը միացնեն գործնականը եւ անգործականը, կեանքը եւ մահը, մարմնականը եւ հոգեւոր փառքը։ Թութանխամոնի ոտքերուն տակ դրուած այս փոքրիկ վարպետութիւնները յիշեցում են, որ անգամ մահը, եգիպտացիներուն համար ո՛չ թէ վերջ էր, այլ շարունակութիւն՝ նոր ճանապարհ մը, դէպի լոյս, ուր ոսկին այլեւս շքեղութիւն չէ, այլ յաւերժութեան շունչ։
Նորաբաց թանգարան փոխադրուած է նաեւ Քէոփսի հանրայայտ Արեւային նաւը, որ սգոյ խորհրդանիշ մըն է, սակայն այնքան փառաբանուած է, որ եգիպտացիները անոր մէջ կեանքի եւ ապրելու մեծ իմաստներ դրած են: Արեւային նաւը, ըստ առասպելի, հոգիները կը փոխադրէ հանդերձեալ աշխարհ: Նաւին երկարութիւնը 42 մեթր է: Ան 4 հազար 600 տարեկան է եւ կը նկատուի աշխարհի մէջ պահպանուած հնագոյն փայտեայ նաւերու ամենէն մեծը: Քէոփս փարաւոնի Արեւային նաւը կը գտնուէր նոյնինքն՝ Քէոփսի բուրգին ներսը: Մօտաւորապէս 5 հազար տարի հողին տակ թաղուած մնալով՝ 1954 թուականին յայտնաբերուած է բուրգին մօտ, փոսին խորքը՝ զատ կտորներով։ Ատոնք վերամիաւորուած եւ կազմած են նմոյշը, որուն համար բուրգին քովը Արեւային նաւու թանգարանը կառուցուած էր:
Արեւային նաւը եգիպտական առասպելաբանութեան մէջ խորհրդանշական իմաստ ունեցող առարկայ մըն է՝ կապուած օրուան արեւային փուլերու եւ անոր արարիչ արեւի աստուած Ռայի պաշտամունքին հետ։ Հին եգիպացիները մշտապէս կրկնուող արեւածագն ու արեւամուտը կը նմանցնէին կեանքի եւ մահուան հերթականութեան։ Ըստ այդ յիշատակումներու, ամէն առտու արեւը կը ծնի արեւելքէն, կը հասնի մինչեւ բարձրակէտին, ապա կը ծերանայ արեւմուտքի մէջ կամ կ՚անհետանայ մեռեալներու թագաւորութենէն ներս: Այս ճանապարհորդութիւնը արեւի աստուած Ռան, ըստ հին եգիպտացիներու, կ՚անցնէր Արեւային նաւով։ Նաւին ընտրութիւնը՝ որպէս փոխադրամիջոց, կապուած է հին եգիպտական քաղաքակրթութեան մէջ Նեղոս գետի, առհասարակ ջուրի՝ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող արժէքին հետ։ Հին եգիպտացիները բոլոր երեւոյթները կը ջանային մեկնաբանել իրենց դարաւոր հաւատալիքներուն համապատասխան: Անոնց համար կարեւորագոյն հասկացութիւններէն են գիշերուան եւ ամէն առտու վերածնող արեգակին շրջապտոյտը, տարիներու շրջապտոյտը՝ կապուած մակարդակին հետ Նեղոսի ջուրերուն, որոնք կարող էին ինչպէս ուրախութեան, այնպէս ալ տխրութեան առիթ դառնալ եւ կամ կեանքին շրջապտոյտը, երբ ծնունդը կը յաջորդէ մահուան։
Կը ցուցադրուին նաեւ փարաւոնի մարտակառքերը, վիմադամբարանները, ոսկեայ մահճակալները, սատափեայ զարդերը՝ դրուագուած թանկարժէք քարերով:
Եգիպտական մեծ թանգարանը իր մեծ բացումով աշխարհին ապացուցանեց, թէ հինը եւ նորը կարելի է միաւորել՝ ստեղծելով հնագիտական, մշակութային եւ մարդասիրական արժէքներու անմահ տուն մը, ուր իրապէս կը տօնուի մարդկային հանճարին ու յիշողութեան յաղթանակը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան