ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ «ԱՅՔԸՆ»

Հեռաձայնի աղմուկէն ընդոստ արթնցաւ: Ո՛չ միայն վախցած՝ այլ անիծեալ այդ ճչոցը հիմա զինք անժամանակ սարսափի մատնած էր: Սիրտը, կարծես զինք պատող վանդակը պատռելով, դուրս պիտի նետուէր: Աւելի քան վայրկեան մը այս վիճակին մէջ մնաց: Կեանքին մէջ այսչափ չէր վախցած: Վախը փարատող ումպ մը ջուր ուզեց խմել, մինչ հեռաձայնի գործիքը տակաւին կը բացագանչէր: Մութին մէջ խարխափելով հապճեպ՝ ջուրով լեցուն իր գաւաթը փնտռեց:

«Բայց ինչո՞ւ տնեցիք չեն պատասխաներ», զարմացած մտովի հարց տուաւ ինքզինքին:

Տան մէջ, միշտ այսպէս էր եղած: Որեւէ հեռաձայնի պարագային, իբրեւ անգիր օրէնք, տնեցիք շուտով իրեն կը դիմէին, զանգին կամ զանգերուն պատասխանելու յոգնեցուցիչ յանձնառութեան տակ զինք դնելով:

-Պա՛պ, վերցո՛ւր, քեզի է, քու մարդոցմէդ… քուկիններէդ է…

Բայց ինչպէ՞ս կը գիտնային, որ իրեն համար էր, երբ տակաւին ընկալուչը չէին վերցուցած: Զարմանալի: Ու այս «քուկիններէդ» բացատրութիւնը ո՛չ թէ իր հարազատ-ազգականներէն էր, այլ՝ ակնարկութիւնը կ՚երթար միութենական եւ կամ վարչական գործընկերներուն, որոնց հետ տարիներէ ի վեր ժողովականի իր կեանքը բաժնած էր: Ինք, թէեւ բոլորին հարցերը լուծողի յաւակնութիւնը երբեք չէր ունեցած, սակայն միութենական պարտականութիւն-պարտաւորութիւնները տնեցիներուն «առաջնորդած» էին «քուկիններդ» ըսելու կամ որակելու բարի սովորութեան:

Ուստի, անախորժ այդ «ձայնը» զսպելու համար, հեւալով փորձեց ընկալուչը արագ մը վերցնել: Վերցուց: Ո՛չ մէկ ձայն: Գործիքը տեղը դրաւ, մտովի անկանոն բառեր շարելէ ետք: Ապա, դառնալով դէպի աջ, մութին մէջ անկողնին կնոջ կողմը նայեցաւ: Կինը չկար:

-Կ՚երեւի խոհանոցը առաւօտեան սուրճը պատրաստելով զբաղուած է, ինքզինք համոզեց, բայց ինչո՞ւ ննջասենեակին վարագոյրները այսպէս ամբողջովին գոցուած էին. նման սովորութիւն՝ ո՛չ ինք ունէր, ո՛չ ալ իր կինը…, ելլեմ ե՛ս բանամ, ըսաւ ու մութին մէջ, դէպի պատը փորձեց քալել:

Նախ լոյսին կոճակը փնտռեց: Զայն չգտնելով, ստիպուած դէպի պատը յառաջացաւ: Ու ենթագիտակցութեան դրդումով անդրադարձաւ, որ իրենց ննջասենեակը պատուհան չունէր, ու «ա՛յս ուրկէ՞ բուսաւ…» մը մտքէն անցուց: Կարծես «գլխագիր» ապուշ մը դարձած էր: Արագօրէն վարագոյրը բացաւ:

Աղօտ տեսարան: Դիմացը… մշուշապատ երկար փողոց մը, երբեմն արագ սուրացող ինքնաշարժներու լոյսերով «զարդարուած»: Այս էր այդ աղօտ տեսարանը:

Ու հետզհետէ ուղեղը, քիչ առաջուան տագնապէն դուրս գալով, կարծես սկսած էր կամաց-կամաց իր բնական նախկին հունին մէջ մտնել, մտածել, գործել, հրահանգել եւ մանաւանդ՝ տրամաբանել:

Ուրեմն սխալ բան չկար: Ո՛չ կին եւ ո՛չ ալ սուրճի պատմութիւն: Ի՛նք սխալած էր: Ո՛չ, ո՛չ, ի՛նք շփոթած էր: Պարզապէս՝ թիւրիմացութիւն: Աւելի ճիշդ, պարզապէս՝ թմրած եւ ապա յանկարծակի վախի ազդեցութեան տակ ընկճուած ուղեղի մը հարազատ արդիւնք: Ուրիշ ոչինչ:

Շուտով լոյսի կոճակը գտնելով, զայն դարձուց եւ ահա… սենեակը լուսաւորուեցաւ: Յետոյ, մահճակալին ծայրը նստելով, սկսաւ ուշի ուշով սենեակը զննել:

Պարզուեցաւ: Ամէն բան՝ յստակացաւ: Ինք՝ այս պահուն, պանդոկի մը մէջ կը գտնուէր, եւ ո՛չ իր տան: Երէկ, ուշ ատեն, իր գործակից չինացի ճարտարապետ՝ Ճիմի Քէյին հետ, երկար եւ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք, հասած էր այս գիւղի պանդոկը, եւ ապա, պատառ մը հաց ուտելէ ետք, բաժնուելով իր ընկերոջմէն, իր սենեակէն ներս ինքզինք նետած էր այս անկողնին վրայ:

Իրապէս, իր միտքը սկսած էր վերյիշումի շրջան մը ապրիլ, միաժամանակ փոխելով իր տրամադրութիւնը:

Ու այսպէս, տակաւին շաբաթ մը առաջ էր, երբ իր աշխատած ընկերութեան պոսը, զինք իր մօտ կանչած էր եւ բացատրած՝ թէ ինք եւ չինացի այս գործընկերը, հեռաւոր նահանգ մը պարտաւոր էին երթալ, մէկ ամսուայ պայմանաժամով, յատուկ «փրաճեքթ»ի մը ամբողջացման համար:

Ինք, նախ արագօրէն իրեն ներկայացուած այս առաջարկը մերժած էր, աւելի ճիշդ մանուկի նման ինքզինք արդարացնել ջանալով, պատրուակներով ինքզինք արդարացնելով, փորձած էր իր մեծաւորը համոզել, որ զինք նկատի չ՚առներ: Որովհետեւ «չար սատանայ», ինք՝ թոռնիկներ ունէր, նաեւ՝ գաղութէն ներս միութենական եւ ազգային ուրիշ պարտաւորութիւններ, կիսատ մնացած ծրագիրներ, ժողովներ, եւ մէկ ամիսով քաղաքէն իր բացակայութիւնը կրնար խանգարէր շատ մը «բաներ»:

Միւս կողմէ, հակառակ իր պարզաբանութիւններուն, իր պւսը հաստատ կը մնար իր առաջարկին վրայ:

Այս խօսակցութեան ընթացքին, յանկարծ Ճիմի Քէյը յայտնուեցաւ: Տարիներու փորձառութիւն եւ ամէն անգամ գործով «դուրսերը» ղրկուած այս չինացին, որ կարծես նախապէս տեղեակ ըլլալու էր այս առաջարկին, շատ պարզ եւ անմեղ մօտենալով պոսին հարցուց, թէ ե՞րբ «պիտի թռէին»:

Ուրեմն՝ կատարուած իրողութիւն էր: Փախուստ չկար: Իրեն կը մնար միայն հնազանդիլ:

Եւ այսպէս, շաբաթ մը ետք, երկու օդանաւ փոխելէ, ապա վարձուած ինքնաշարժով շուրջ ժամ մը քշելէ ետք, բաւական ուշ ժամուն երկուքով հասած էին Այքըն՝ այս անծանօթ գիւղը: Եւ իբրեւ «փորձառու» ճամբորդ, չինացին, պանդոկի պաշտօնեային թելադրած էր անպայման առաւօտ կանուխ հեռաձայնի զանգով արթնցնել, որպէսզի «գործէն» չուշանային:

Ահա՛ վերջապէս այդ երկար ու զզուելի հեռաձայնի պատճառը: Իսկ հիմա, կազմ ու պատրաստ, եւ անկողնին վրայ նստած, անհամբեր կը սպասէր իր գործընկերոջ:

Յանկարծ ցնցուեցաւ: Ոտքի ելաւ: Սենեակին բոլոր լոյսերը բանալով, սկսաւ իր շուրջը դիտել: Անզգալաբար դարձեալ ինկած էր յուշերուն գիրկը:

Տակաւին քանի մը օրեր առաջ էր, երբ կինը իր իսկ ներկայութեան սկսած էր պատրաստել իր ճամբորդական պայուսակը:

-Նայէ՛, երկար թեւով շապիկ-քազակ ունիս… հագի՛ր հա… չե՛ս պաղիր… չե՞ս գիտեր հո՛ն ինչե՜ր կրնան պատահիլ… ապահով հագի՛ր… դեղերդ չմոռնա՛ս… ուշ մի՛ պառկիր… ամէն օր հեռաձայնէ՛…

Ու այսպէս, կինը մէկ կողմէ պայուսակը պատրաստելով՝ թէ՛ կը խօսէր եւ թէ կը խրատէր: Այդ վայկեանին ինք կը կարծէր, որ իսկապէս պանդխտութեան կ՚երթար: Ինքզինք պանդուխտի նմանցուցած էր: Իր կարդացած գրական ստեղծագործութիւններէն, յանկարծ յիշեց պանդուխտներու բաժինը: Յուզիչ պատկերներ: Պարթեւեանէն մինչեւ Երուխանի հերոսները սկսած էին տողանցել իր աչքին դիմաց: Ճակատագրական պահեր եւ դէմքեր: Վայրկեանի մը համար եւ միամտօրէն ինքզինք նմացուցած էր առաջին անգամ ըլլալով հօրենական տունէն բաժնուող այն հայուն, որ գործի համար, ո՛չ թէ Պոլիս, այլ՝ Այքըն, այս պզտիկ գիւղը պիտի երթար աշխատելու: Պարզապէս միամտութիւն: Պարզապէս անկապ զուգահեռ գիծ…: Բայց իր այս «պանդխտութիւնը» անոնց չէր նմաներ: Նոյնիսկ այս մէկը «պանդխտութիւն» չէր: Այս, իր ապրած երկրին մէջ միլիոնաւոր մարդիկ գործի բերմամբ նոյնը «կ՚ընէին», բայց պանդուխտ չէին կոչուեր…: Իսկապէս տրամաբանութիւն ըսուածը խախտած էր: Բայց իր ձեռքը չէր: Ոչ ալ մեղադրելի: Թէեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ներս տակաւին նման դրութիւնը կայ, կ՚ապրի, բայց այս մէկը պարզապէս «Ամերիկեան պանդխտութիւն» մըն էր:

Ու մեկնումէն օր մը առաջ, երբ հարազատներով «երթաս բարովի»ի համար հաւաքուած էին, կարծես բոլորն ալ խօսքերնին մէկ ըրած, իր վրայ թափած էին խրատականներով լեցուն երկար խօսքեր…

-Ձեռքի հեռաձայնդ չմոռնա՛ս… միշտ մօտդ պահէ՛…

-Ժողով-մողով չունիս… հանգիստիդ նայէ՛…

-Լա՛ւ քնացիր… շատ չյոգնիս…

-Ամա՜ն, միայն հիւանդ չըլլաս…

-Պարապ ժամերուդ ուզածիդ չափ կարդա՛… գրէ՛… քե՛զ խանգարող չկայ…

Շտկուեցաւ: Առաջին օրուան աշխատանքին կանուխէն արդէն պատրաստուած էր: Բայց Ճիմի Քէյը կ՚ուշանար: Վաթսունը անց այս պուրմացին, ինքզինք իբրեւ «ճերմակ» չինացի կը ներկայացնէր բոլորին: Կանուխէն մեծ հայր դարձած այս մարդը, ամբողջ ճամբու ընթացքին, նոյնիսկ օդանաւին մէջ, այս քանի մը տեղեկութիւնները փոխանցած էր իրեն: Ինք կ՚ուզէր աւելի մտերմանալ: Վերջապէս ամիս մը միասին պիտի ըլլային, միասին պիտի ուտէին, ժամանակ անցընէին:

Յանկարծ սենեակին դուռը ուժգին զարնուեցաւ: Ճիմի Քէյն էր: Բարձրաձայն կը ձայնէր, թէ ինք պատրաստ էր եւ վարը ինքնաշարժին մօտ իրեն կը սպասէր:

Ուստի ոտքի ելաւ: Սենակին բոլոր լոյսերը մարեց, դարձեալ մթութեան մէջ ձգելով ամէն դէմք, ե՛ւ յուշ, ե՛ւ երազ ու արագօրէն իջաւ ցած, միանալու ճերմակ չին-չինին, միեւնոյն ատեն մտովի ողջունելով.

-«Կուտ մորնինկ Այքըն»…:

Կարծեցեալ «պանդխտութեան» առաջին օրը սկսած էր արդէն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025