ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ թեմէն ուխտաւորներ։ Նախըթաց օր, Վեհափառ Հայրապետը վեհարանի գահասրահին մէջ իր օրհնութիւնը տուաւ ուխտաւորներուն, որոնք կը գլխաւորուէին Թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի կողմէ։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին կարեւորեց աշխարհասփիւռ հայոց թեմերէ նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը՝ դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Արդարեւ, այդ ուխտագնացութիւնները ազգային ինքնութեան պահպանման եւ միասնականութեան գրաւական կը համարուին։

Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն յորդորեց՝ ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի իրենց համայնքը զօրացնեն եւ օգտակար ծառայութիւն ապահովեն ազգին, Հայաստանին ու եկեղեցւոյ համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2025