ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻ ՕՐՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մինչ կրօնական արարողութիւններէն վերջ պատարագիչ տէր հայրը բոլորին կողմէ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ՝ անուանակոչութեան օրուան առթիւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025