ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս նշուեցաւ կարեւոր յոբելեան մը։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով նշուեցաւ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեյղեցւոյ հաստատման 100-ամեակը։ Դարադարձը բացառիկ էր, քանի առիթ դարձած էր նաեւ եկեղեցւոյ ծաւալուն վերանորոգման։ Օծման ու պաշտամունքի վերաբացման ընթացքին թեմակալ առաջնորդի կողքին էին՝ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճառեան եւ Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը նախկին պոլսահայ մըն է՝ Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան։
Օծման ու պաշտամունքի վերաբացման յոբելենական ծրագիրը անցեալ շաբաթավերջին կեանքի կոչուեցաւ՝ եռօրեայ ձեւաչափով։