ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա մշտապէս կ՚աջակցի Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հնարաւորինս արագ կարգաւորման, ինչ որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման հիմքն է։ Իր խօսքով՝ Ռուաստան պատրաստ է շարունակել աջակցիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն՝ յարաբերութիւնները խորացնելու ուղղութեամբ՝ ներառեալ «3+3» ձեւաչափի շրջանակները։ «Կարեւոր է, որ համաձայնութիւններու մշակման գործընթացէն ներս հաշուի առնուին տարածաշրջանի իրականութիւնները եւ հարեւան երկիրներու շահերը, ինչպէս նաեւ բացառուի որեւէ արտաքին դերակատարի կողմէ միջամտութիւնը», ընդգծեց ռուս բանբերը։

Մարիա Զախարովա այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու վերջին հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ան յիշեցուց, որ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 2022 թուականի յունուարի 14-ին, Մոսկուայի մէջ։ Զախարովայի խօսքով՝ սա պատահականութիւն մը չէր։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2025