ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԷՆ ԲՈՂՈՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը մէկ կողմէ յամառ ջանքեր կը գործադրէ ազգապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին տէր կանգնելու համար, իսկ միւս կողմէ այս բարդ ժամանակաշրջանին կը դիմագրաւէ նաեւ տեղեկատուութեան կամ ապատեղեկատուութեան արշաւներու հետեւանքներ։ Սուրբ Աթոռի դիւանին կողմէ վերջին օրերուն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր մատնանշուած է, որ Պատրիարքարանի վերաբերեալ ուղղակի կամ անուղղակի պնդումներով լրատուութիւնները կը համարուին պախարակելի։ Արդարեւ, այդ պնդումները կ՚ակնարկեն եկեղեցւոյ միջոցներու մսխման, ինչ որ Պատրիարքարանի կողմէ կը համարուի անհիմն։ Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի անունն ու իրաւասութիւնները անհատական շահերու համար ոմանք կը չարաշահեն անուղղակի ձեւով եւ այս կապակցութեամբ բացարձակապէս մերժելի է Պատրիարքարանի անունին, հեղինակութեան ու վարկին առանց թոյլտուութեան օգտագործումը։

Հուսկ, Հայոց Պատրիարքարանը այս զրպարտութիւնները պախարակած է ու կը տեղեկացնէ, որ ինքզինքին կը վերապահէ օրինական միջոցներու դիմելը՝ հեղինակութիւնն ու վարկը պահպանելու համար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2025