«ՖՈՐՊԶ». ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԳԻՆԻԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ՏԻՏՂՈՍԻ ԹԻՒ ՄԷԿ ՅԱՒԱԿՆՈՐԴ

Ամերիկեան յայտնի տնտեսական «Ֆորպզ» ամսագիրը վերջերս լայնածաւալ յօդուած մը նուիրած է Հայաստանին՝ զայն անուանելով գինիի հայրենիքի թիւ մէկ յաւակնորդ։ Այս գնահատականը պատահական չէ․ Հայաստանը կեցած է համաշխարհային գինեգործութեան ծագման ակունքներուն։ 

«Արենի-1» քարայրին մէջ յայտնաբերուած աշխարհի հնագոյն գինեգործարանէն (6100 տարեկան) մինչեւ գինեգործութեան արդի վերածնունդը Հայաստանը դասած է այս ոլորտի թագակիրներու շարքը։ 

ՔՈՆԵԱՔԻ ՍՏՈՒԵՐԻՆ ՏԱԿ

Յօդուածի հեղինակը՝ մրցանակակիր լրագրող Լէյն Ռանտոլֆ, կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ գինին երկար ժամանակ երկրորդական դերի մէջ մնացած է։ Խորհրդային իշխանութեան օրերուն խաղողի այգիները մղուեցան դէպի բարկօղիի (քոնեաք) արտադրութին։ «Արարատ» քոնեաքը այդպէսով համաշխարհային համբաւ ձեռք բերաւ։ Եալթայի նշանաւոր համաժողովին՝ 1945 թուականին, Սթալին մատուցեց հայկական քոնեաքը Չըրչիլին, որ շատ սիրեց եւ կապուեցաւ այդ խմիչքին։ Պատերազմէն ետք անոր ամէն տարի կը ղրկուէր 400 շիշ։ Այսպէս, Հայաստանը դարձաւ «քոնեաքի երկիր»։ Սակայն այսօր, ինչպէս կը գրէ Ռանտոլֆ, Հայաստան ունի նոր պատուանուն՝ «գինիի ծննդավայր»։

«ԱՐԵՆԻ-1» ՔԱՐԱՅՐ․ ՎԵՑՀԱԶԱՐԱՄԵԱՅ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Վայոց ձորի Արփա գետի կիրճին մէջ, գրեթէ 100 քարէ սանդուխ ներքեւ իջնելով կը բացուի «Արենի-»1 քարայրին մուտքը։ «Ֆորպզ»ի լրագրողը քարանձաւը կը նկարագրէ իբրեւ հին, զով, արձագանգող տեղ մը, ուր 2007 թուականին Գալիֆորնիայի համալսարանէն գիտական խումբ մը յայտնաբերեց կաւէ մամլիչ մը, անօթներ, թաղուած սափորներ, գաւաթ, աման, խաղողի կորիզներու կուտակում եւ գինիի հետ կապուած այլ հետքեր։ Բոլորը միասին կը վկայեն նախնադարեան գինեգործութեան մասին։ Թուագրումները կը տանին Նախքան Քրիստոս 4100-4000 թուականներ։ «Առաջին անգամ ունինք ամբողջական հնագիտական պատկեր մը՝ 6100 տարուան հնութեամբ», այն ժամանակ ըսած էր Գրիգոր Արէշեան, պեղումներուն համախմբավարը։ Եւ գիտնականները փաստեցին, որ գտնուածը գինեգործութեան ամենավաղ ամբողջական կառոյցն է, որ երբեւէ յայտնաբերուած է։ 

Քիմիական փորձերու ընթացքին խեցեղէնի կտորներուն եւ կարասի պատերուն մէջ գտնուեցաւ գինիին կարմիր գոյնի գոյացուցիչը։ Խաղողի կորիզները, պարզուեցան, որ նոյն տեսակի մէկ խաղողին կը պատկանին, որ այսօր ալ կը գործածուի բարձրորակ գինիներու արտադրութեան համար։ Նոյն քարայրէն գտնուեցաւ նաեւ աշխարհի հնագոյն կաշիէ կօշիկը։ Այս ամէնը «Արենի-1»ը կը դարձնեն իսկական ժամանակային հնոց։ 

Քարայրին դիրքը՝ պատմական արեւելք-արեւմուտք ճամբուն վրայ, կը շեշտէ հայկական գինիի երկակի դերը՝ պաշտամունքային ու առեւտրական։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՆԻՆ

Լրագրողը կը գրէ, որ գինեգործական գործիքները գտնուեցան գերեզմանոցի մօտ․ ամենայն հաւանականութեամբ անոնք ծիսական գործառոյթ ունէին։ Այս կը համընկնի Աստուածաշնչի վկայութեան հետ․ Նոյեան տապանակը իջաւ Արարատի լեռներուն վրայ, Երեւանի դիմաց, ուր Նոյը տնկեց խաղողի այգի։

Պրոնզէ դարուն եւ միջնադարեան դարերուն հայկական գինեգործութիւնը ծաղկեցաւ թագաւորութիւններու եւ վանքերու հովանաւորութեամբ։ 4-րդ դարուն, քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունելէն ետք, վանական գինեգործութիւնը դարձաւ տնտեսական ու մշակութային կեդրոնական երեւոյթ։ Հայ վաճառականները Մետաքսի ճամբուն վրայ կը տարածէին գինիներ, իսկ անոնց համբաւը հասած էր հեռու երկիրներ։

ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐ

Գալով նոր ժամանակներուն, հեղինակը կը նկատէ, որ 20-րդ դարու խորհրդային իշխանութիւնը գրեթէ կտրեց այդ յարատեւութիւնը։ Խաղողի այգիները ծառայեցին քոնեաքի արտադրութեան եւ գինին մղուեցաւ ետին հարթակ։ Բայց որոշ տեղական խաղողատեսակներ՝ Արենի, Ոսկեհատ եւ այլն, գոյատեւեցին ընտանեկան այգիներու մէջ։

ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

1991 թուականի անկախութենէն ետք, նոր սերունդի գինեգործները սկսան վերագտնել հայրենի խաղողը։

Ճանապարհորդ լրագրողը կը համտեսէ հայկական խաղողները եւ կը նկարարգէ զանոնք։ Արենի՝ նրբակազմ կարմիր խաղողը, յաճախ կը համեմատուի ֆրանսական «փինօ-նուար»ին հետ։ Ոսկեհատ՝ «ոսկեայ հատիկը», ճերմակ խաղող է, որ կը փայլի ծաղկային բուրմունքով եւ հանքային յենարանով։ Խաթունին՝ ճերմակ ու թափանցիկ, նուրբ կառուցուածքով ու նոյնքան նուրբ համով խաղողը նոյնպէս գինիի հիմնական հումքերէն է։ 

Անկախ Հայաստանի մէջ գինեգործները վերականգնեցին նաեւ հին մեթոտները, ինչպէս կարասային գինեգործութիւնը՝ գինին հողի մէջ թաղուած կաւէ կարասներու մէջ քացխեցնելով։

ԱՐԴԻ ԳԻՆԵԳՈՐԾՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ

Գինիի պատմութիւնը ուսումնասիրած ամերիկացի լրագրողը շրջած է Հայաստանի գինիի քարտէսը ձեռքին եւ իր յօդուածին մէջ վկայած է, որ այսօր Հայաստանի մէջ տեսանելի է գինիի վերածնունդը։ Իր յօդուածին մէջ ան անդրադարձած է տեղացի գինեգործներու։ Այցելած է «Trinity Canyon» գինեգործարանը՝ «Արենի-1»ի մօտ․ այս գործարանը կը գործածէ տեղական խաղող եւ կաւէ թրծուած կարասներ՝ արդիւնաւէտօրէն առաջ մղելով հնագիտական ​​​​հետազօտութիւնները: «Զորահ» գինեգործարանը իր «Արենի» գինիները կարասներու մէջ հնեցնելով կ՚արժանանայ միջազգային գնահատանքի։

Մարիամ Սաղաթելեան 2012 թուականին հիմնած է «InVino»ն՝ Հայաստանի առաջին բարձրակարգ գինետունը։ Համտեսներու, ճամբորդական այցերու եւ դասընթացքներու միջոցով ան փոխած է գինիի տեղական ընկալումը եւ ըստ ամերիկացի լրագրողին, գինին այլեւս օտար շքեղութիւն չէ, այլ՝ մշակութային վերածնունդ։ Մարիամ Սաղաթելեան նաեւ կը դասաւանդէ գինիի ձեռնարկատիրութեան հիմունքներ՝ փոխանցելով գործիքներ՝ Հայաստանի գինեգործներու եւ ձեռնարկատէրերու յաջորդ սերունդը կառուցելու համար:

«Գէորգեան» գինեգործարանը կը կիրառէ թէ՛ աւանդութիւն, թէ՛ կը փորձարկէ նորարարութիւն․ ան առաջինը Հայաստանի մէջ արտադրեց «pét-nat» ըմպելիքը, նաեւ՝ նռան գինին եւ ներդրեց «կախանի» մեթոտը՝ արեւին տակ խաղող չորցնելով։ «Կրիա» ընկերութիւնը կը վերականգնէ Վայոց ձորի լքուած հին այգիներ, հնագոյն եւ անտեսուած վազերէն քամելով ընտիր գինի։ Անոնց այս աշխատանքը կեանք կու տայ այգիներու, որոնք կրնային անհետանալ։

Գինեգործներու մէկ մասը Հայաստան եկած է դուրսէն։ Անոնց մէջ հայեր ալ կան, օտարներ ալ։ Գալիֆորնիայէն գինեգործ Փոլ Հոպս 2005 թուականին այցելած է Հայաստան՝ «Արենի-1»ի յայտնաբերումէն երկու տարի առաջ։ Ան արագօրէն նկատած է ներուժը եւ Վիգէն Եագուպեանի հետ հիմնած «Yacoubian-Hobbs» գինեգործարանը՝ «Արենի-1» քարայրին մօտ։ Այս գինիները առցանց հասանելի են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ․ աշխարհի հնագոյն գինիի պատմութիւնը դարձած է հասանելի եւ ճաշակելի։ 

ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՄ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Վերջին տասնամեակին Հայաստանէն գինիի արտահանումները կրկնապատկուած են։ Հայկական գինիները կը հասնին երեսուն երկիրներ։

Լրագրողը կը նկատէ՝ Հայաստանի յատկութիւնը այն է, որ այստեղ գինին կը խարսխուի ո՛չ միայն գինեգործութեան, այլեւ՝ հնագիտութեան վրայ։ Ի տարբերութիւն Վրաստանի եւ Թուրքիոյ, Հայաստանը ունի յայտնաբերուած վայր մը՝ մզարան, կարաս եւ խաղողի ծինային փորձագիտութիւն։ Այս բոլորով անցեալը կապուած է ներկային։

Գիտնականները խաղողի ծինը ուսումնասիրելով՝ հաստատած են, որ «Արենի»ի կուտերը կը պատկանին այն տեսակին, որ այսօր ալ կը մշակուի Հայաստանի մէջ։ Այս շարունակականութիւնը անզուգական է։ Քարայրին դիրքը՝ պատմական առեւտրական ճամբուն վրայ, Հայաստանը կը հաստատէ իբրեւ գինեգործութեան ծագման կէտ եւ միեւնոյն ժամանակ՝ կամուրջ, որով գինին տարածուած է Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ։

Հայաստանի գինիի պատմութիւնը կ՚ամփոփէ թէ՛ հնագոյն ժառանգութիւն եւ թէ արդի վերածնունդ։ «Ֆորպզ»ի բնորոշումը՝ Հայաստանը իբրեւ գինիի հայրենիք, պարտաւորեցնող է հայ գինեգործներուն համար։ 

«ՖՈՐՊԶ»Ի ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ 

Լէյն Ռենտոլֆ գինիի ճամբորդ-լրագրող մըն է, որ իր յօդուածներուն մէջ կ՚ուսումնասիրէ համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւնը, կենսաոճը եւ ձեռնարկատիրութիւնը՝ գինիի լոյսի տակ։ Իր աշխատանքը կը լուսաբանէ պատմական գինիի ուղիները, բարձրակարգ եւ յառաջադէմ զբօսաշրջութիւնը եւ այն մարդիկ, որոնք կը կազմաւորեն գինիի աշխարհը։

Լէյն այցելած է 53 երկիր՝ հինգ մայրցամաքներու մէջ եւ ԱՄՆ-էն զատ բնակած է Հռոմի, Ֆլորանսի եւ Թուրինի մէջ։ Իր ընթերցողներուն ան պատմած է հարիւրաւոր գինիի ապրանքանիշերու, կարեւոր գինեգործարաններու եւ պտուղի այգիներու մասին։ Անոր յօդուածները տպուած են «Wine Enthusiast», «Decanter», «Haute Living» եւ «AFAR» հրատարակութիւններուն մէջ։

Իբրեւ գինիի մասնագէտ-լրագրող Լէյն երկու անգամ արժանացած է հեղինակաւոր մրցանակներու եւ ներկայիս համահեղինակն է լոյս տեսնելիք գիրքի մը՝ «Գինին մշակոյթ է» խորագրով։ 

Հայկական գինիի մասին հետաքրքրական պատմութիւններ

Աստուածաշունչին մէջ կը պատմուի, որ Նոյեան տապանը իջաւ Արարատեան լեռներուն վրայ։ Տապանէն իջնելէ ետք Նոյը առաջինը խաղողի այգի տնկեց եւ գինի պատրաստեց։ Այս դէպքը հայ գինեգործները կը նկատեն իրենց արուեստին աստ-ւածաշնչեան հիմնաւորումը։ Շատեր կը սիրեն ըսել․ «Հայկական գինին այն ըմպելիքն է, որ մարդ արարածը համտեսեց ջրհեղեղէն ետք՝ կեանքի վերագտնումի պահուն»։

ՏԻԳՐԱՆ ՄԵԾԻ ԳԻՆԻՆԵՐԸ

Ասորեստանի եւ Պարսկաստանի հետ պատերազմներու ժամանակ Տիգրան Մեծի բանակին մէջ գինի կը խմուէր՝ որպէս ուժի եւ քաջալերանքի միջոց։ Հին պատմիչներ կը պատմեն, որ Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ կառուցուած էին առանձնայատուկ մառաններ։ Կը կարծուի, որ անոնցմէ շատեր կը լեցուէին Արարատեան դաշտէն բերուած գինիներով։

ՎԱՆԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Միջնադարուն վանքերը գինիի ամենամեծ պահապաններն էին։ Կը պատմեն, թէ գինեգործները գինին կը թաղէին հողին տակ, կարասներու մէջ, եւ վրայէն կը ցանէին ցորեն, որպէսզի թշնամիներ չգտնեն զանոնք։ Այսպէս գինին կը պահուէր մինչեւ խաղաղութեան օրերը։

Վեցհազարամեակ առաջ մարդիկ նոյն ձեւով կը ճնշէին խաղողը ոտքերով այնպէս, ինչպէս այսօր դեռ կը տեսնենք հայկական գիւղերու մէջ։

ԳԻՆԻՆ ՈՐՊԷՍ ԴԵՂ

Հայ բժիշկները գինին համարած են բուժիչ։ Մխիթար Հերացին 12-րդ դարուն կը գրէր, որ գինին կրնայ զօրացնել սիրտը, մաքրել արիւնը եւ քաջութիւն ներշնչել։ Հին ժամանակ յատուկ գինիի տեսակներ կը խառնէին բուսական խոտերու հետ՝ ստեղծելով դեղատնային ու բուժիչ խմիչքներ։

Հայերէնին մէջ գինին յաճախ դրական ու բանաստեղծական իմաստ ունի։ Ըսուած է․ «Գինիին մէջ ճշմարտութիւն կայ», «Գինիով սիրտը կը բացուի»։ Իսկ գիւղական միջավայրին մէջ գինին միշտ կապուած է հիւրասիրութեան հետ․ տանտէրը առաջին բաժակը միշտ իր ձեռքով կը լեցնէ, իբրեւ բարեկամութեան նշան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՆԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ՝ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆԵՐԿԱՅ

Արագածոտնի մարզի Սասունիկ գիւղը արդէն միայն բնութեան գեղեցկութեան վայր մը չէ, այլ դարձած է հայկական գինեգործութեան հնագոյն պատմութեան կեդրոն։ Այստեղ հիմնուած է Հայաստանի Գինիի պատմութեան թանգարանը, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 2022 թուականին։ Թանգարանին մէջ ներկայացուցած է գինեգործութեան վեցհազարամեայ եւ խաղողագործութեան ութհազարամեայ պատմութիւնը։

Թանգարանը խորհրդանշական է ո՛չ միայն հայկական գինիի մշակոյթի, այլեւ՝ ազգային ինքնութեան տեսակէտէ։ Այստեղ այցելուները կրնան ծանօթանալ խաղողի տնկման առաջին փորձերուն, մառաններու եւ կարասներու դարաւոր պատմութեան, միջնադարեան վանականներու մշակութային ու ծիսական սովորութիւններուն։ Թանգարանը նոյնպէս սկիզբ կը դնէ Հայաստանի մէջ գինիի զբօսաշրջութեան՝ երկիրը դարձնելով տարածաշրջանի եզակի երթուղիներէն մէկը։

Թանգարանին մուտքը ներշնչուած է հայկական դիցաբանական պատմութիւններէն։ Փայտեայ մեծ դարպասները պատրաստուած են Մհերի յիշատակով՝ դիւցազնավէպի «Սասնայ ծռեր»էն ոգեշնչուած։ Թանգարանի ճանապարհը կը սկսի ուրարտական ոճի պալատէն, ապա կը տանի ցուցասրահ՝ տասն բաժիններով, որոնք ներկայացուցած են գինիի պատմութիւնը՝ կիրառումէն, բժշկութենէն, առեւտուրէն մինչեւ կրօն եւ ծիսական նշանակութիւն։ Ստորգետնեայ շէնքը կառուցուած է մառաններու օրինակով՝ քարայրային մթնոլորտով, զուսպ լոյսերով ու ստուերներով, որոնք այցելուները կը փոխադրեն անցեալ՝ ստեղծելով գինիին բնորոշ տրամադրութիւն։

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են աշխարհի հնագոյն գինիի եւ խաղողի հետ կապուած գտածոներ, ուրարտական կարասներ, սափորներ եւ պաշտամունքային իրեր։ Նաեւ ներկայացուած է ութ հազար տարեկան խաղողի կուտը՝ գտնուած Արմաւիրի մարզին մէջ՝ հայ-ֆրանսական գիտական համագործակցութեան արդիւնքին։ 

Թանգարանի իւրաքանչիւր ցուցանմոյշ այցելուներուն կ՚օգնէ զգալ հայկական բնաշխարհին ուժը, որ դարեր շարունակ յենարան եղած է հայ մարդուն։ Այստեղ ցուցադրուած են խաղողի տեսակներ. ինչպէս՝ Ոսկեհատ, Գառան դմակ, Սեւ Արենի, Կարմրահիւթ, Նռնենի, Մսխալի, Մեղրաբոյր, Նազելի եւ այլ հնագոյն տեսակներ, որոնք այսօր ալ կ՚աճին Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ՝ Արարատէն մինչեւ Սիւնիք։

Թանգարանը կը ցուցադրէ նաեւ հայկական շրջաններու խաղողի տարածուածութիւնը, մշակութային սովորութիւնները եւ խաղողագործութեան գաղտնիքները, որոնք նախնեաց աշխատութեամբ հասած են կատարելութեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2025