ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՀԱՅ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղբայրական հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց։ Դէպի Վատիկան ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը երէկ առաւօտ Քաստել Կոնտոլֆոյի Առաքելական պալատին մէջ ընդունուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։ Եղբայրական ողջագուրումէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետն ու Սրբազան Պապը ունեցան առանձնազրոյց մը։ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու հովուապետները զրոյցի ընթացքին շօշափեցին զանազան խնդիրներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով՝ Վեհափառ Հայրապետը սրտանց շնորհաւորեց Սըր-բազան Պապը՝ թէ՛ ընտրութեան եւ թէ ծննդեան 70-ամեայ նշանակալի յոբելեանին առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որ երկնաւոր Տէրը ուժ եւ կարողութիւն շնորհէ Սրբազան Պապին եւ առատ պտուղներով արդիւնաւորէ անոր հովուապետութիւնը Աստուծոյ փառքի եւ մարդկութեան խաղաղ ու բարօր կեանքի համար։ 

Հայոց Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ, որ երկու եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական կապերը ամրապնդուած են շնորհառատ հանդիպումներու եւ հաւատքի համատեղ վկայութիւններու միջոցաւ։ Ան մասնաւորապէս յիշեց երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի այցելութիւնը Հայաստան 2021 թուականին։ Նոյն ամբողջին մէջ ան յիշատակեց նաեւ 2016 թուականին երջանկայիշատակ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հիւրընկալումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Սա եւս բարեպատեհ առիթ մըն էր՝ «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագրեալ ուխտագնացութիւն մը։ Երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ վերջին տասնամեակներու այլ յատկանշական իրադարձութիւնները յիշեցնելէ վերջ, Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ այդ յարաբերութիւնները կը շարունակուին զարգանալ նոյն եղբայրական ոգիով ու ջերմութեամբ՝ արդիւնաւորուելով նորանոր բարի համատեղ իրագործումներով։ 

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետն ու Սրբազան Պապը անդրադարձան աշխարհի արհաւիրքներուն ու մտահոգիչ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, փորձութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Քահանայապետի ուշադրութեան յանձնեց նաեւ իրենց նախնիներու բնօրրանէն՝ Արցախէն տեղահանուած հայութեան հիմնախնդիրները, Արցախի մէջ ոչնչացման վտանգի դէմ յանդիման կանգնած հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման հրամայականները։ 

Երկու հովուապետները կարեւորեցին եկեղեցիներու առաքելութիւնը աշխարհի վրայ արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատման, ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութեան ապահովման ուղղութեամբ՝ հաւատարիմ Տէրունաւանդ կոչման՝ առատացնելու մարդկանց սրտերուն մէջ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը միաւորելու եկեղեցիներու ջանքերը յանուն Աւետարանի լոյսի տարածման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բարօր ու ապահով աշխարհի կերտման։ 

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հրաւիրեց այցելել Հայաստան։ 

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետի պատուիարկութեան անդամները ստացան Սրբազան Քահանայապետի օրհնութիւնը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Դէպի Վատիկան ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ Հռոմի Ս. Մարիամ (Սանթա Մարիա Մաճճիորէ) պազիլիքը, ուր երջանկայիշատակ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի շիրմին առջեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ անոր հոգւոյ հանգստութեան համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2025