Ժ. ԴԱՐՈՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ժ. դարը հարուստ է եկեղեցական գրականութեամբ։
Այդ դարուն շինուեցան բազմաթիւ վանքեր՝ որոնք մտաւորական կեանքի կեդրոններ դարձան։ Մէկ կողմէ այն ժամանակի յունաց կրօնական ճնշումները եւ հալածանքները, միւս կողմէ ալ ներքին կրօնական տարբեր մտածումներ եւ հոսանքներ՝ Թոնդրակեցիներ, Սիւնեաց ապստամբութիւնը, Խոսրովի ըմբոստացումը եւ այլն, նպաստեցին եկեղեցական գրականութեան ճոխացման։ Եւ այս դարու առաջին մատենագիր կը հանդիսանայ Խոսրով Անձեւացեաց եպիսկոպոսը՝ որ իր կնոջ մահուընէ յետոյ կուսակրօն դարձաւ, եւ ապա Անձեւացեաց եպիսկոպոս՝ 945-965 թուականներուն։
Այս շրջանին ան գրեց իր երկու նշանաւոր գործը՝ որոնցմով միշտ պատուաւոր տեղ պիտի բռնէ հայ գրականութեան մէջ։ Անոր առաջին գործն է «Ժամագրոց մեկնութիւնը»՝ Պոլիս տպագրուած, որու յառաջաբանին մէջ ան կը բացատրէ գրութեան շարժառիթը՝ այն է. հասկնալի դարձնել հասարակ ժողովուրդին եկեղեցւոյ ժամասացութիւնը։ Միեւնոյն նպատակը ունի եւ Ս. Պատարագի մեկնութիւնը։ Այս երկու գործն ալ կարեւոր են մեր ժամասացութեան զարգացման ընթացքը ներկայացնելու տեսակէտով։
Պատմութեան ընթացքին կը տեսնուի, որ Խոսրով Հայ Եկեղեցւոյ հակառակ կը սկսի քարոզել, թէ օրհնուած եւ չօրհնուած խաչը միեւնոյնն է, թէ եպիսկոպոսն ալ կաթողիկոսին համապատիւ է, ապա ուրեմն պէտք չէ՛, որ անոր տուրք տայ։ Նոյն շրջանին ուրիշ մէկ անձնաւորութիւն՝ Արամ անունով, Պտղի կոչուած տուրքին կը հակառակէր։ Եւ ահաւասիկ, այս կարծիքներուն դէմ գրեց Անանիա Կաթողիկոս (Անանիա Ա. Մոկացի. 946-968) իր նշանաւոր նամակները։
Խոսրովին ազգակից եւ ժամանակակից էր Անանիա Նարեկացին՝ Նարեկի վանքի վանահայրը՝ հայ պատմիչներէն մեծապէս գովուած իբրեւ փիլիսոփայ, իբրեւ անուանի անձնաւորութիւն եւ գիտնական, իբրեւ հանճարեղ մեկնիչ։ Բայց Անանիայի գործերէն մեզի մեր ժամանակներուն շատ բան հասած չէ։ Անոր յայտնի գործերէն մէկն է. «Գիր խոստովանութեան»՝ ուր կը նզովէ Թոնդրակեցի աղանդաւորները՝ հերքելով նաեւ այն կարծիքը, թէ ինքն ալ անոնց համամիտ է։
Անորն է նոյնպէս Շողակաթի վրայ գրած խրթին ճառը։ Անանիա Կաթողիկոս ունի նաեւ «Հաւատարմատ», համառօտ հայոց պատմութիւնը, որ կը յիշատակէ Ուխտանէսը. բայց այդ գործերը մեր ժամանակներուն յայտնի չեն։ Կը կարծուի, թէ վախճանած է 986 թուականէն առաջ, ըստ պատմիչներու։
Ժ. դարու ամենանշանաւոր բազմաբեղուն գրիչ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի սիրելին՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ ծնած է մօտաւորապէս 940-945 թուականներուն եւ վախճանած՝ 1002 թուականին։ Ան Խոսրով Անձեւացեաց եպիսկոպոսին որդին էր։ Ան կրթուեցաւ եւ ուսանեցաւ Նարեկի վանքը՝ իր քեռի Անանիա Նարեկացիի խնամքին տակ եւ դարձաւ կատարեալ ներանձնական կեանքի նուիրուած վանական մը։
Ս. Գրիգոր Նարեկացի ունի բազմաթիւ գործեր, բոլորն ալ կրօնական՝ որոնց մէջ ամենագերազանցը կը հանդիսանայ «Ողբերգութեան մատեան»ը, սովորաբար «Նարեկ» կոչուած, որով իսկապէս ան հռչակուած է։
«Ողբերգութեան մատեան»ը՝ «Նարեկ»ը բաժանուած է 95 գլուխի՝ «Բան», որոնք կը կոչուին «Ի խորոց սրտից խօսք ընդ Աստուծոյ», այսինքն՝ «Սրտի խորերէն Աստուծոյ հետ խօսք»։
«Ողբերգութեան մատեան» գիրքը ծայրէ ի ծայր այրուող սրտի բուրմունք է, որ մերթ այսպէս կը պատկերացնէ եւ մերթ այնպէս. իսկ Նարեկացիի բանաստեղծական թռիչքը այս բոլոր այլազան պատկերները արտայայտելու զարմանալի եւ հրաշալի գիւտեր կը ներկայացնեն։
Բայց «Ողբերգութեան մատեան»ը աղօթագիրք մըն է՝ զօրաւոր եւ աներկբայ, հաստատ հաւատքի սրտաբուխ արտայայտութիւն մը։
Արդարեւ, «Նարեկ»ի աղօթքներուն բուժիչ զօրութիւնը անվիճելի է եղած ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին մէջ, այլ տիեզերական ընդարձակութեան մէջ։
Նարեկացիի զգացումներու խորութեան եւ բանաստեղծական թռիչքի արտայայտիչ են նաեւ «Գանձեր»ը՝ որոնք միանգամայն արուեստի կողմէ ժողովրդական դրոշմ եւս կը կրեն։
Պատմական տեսակէտով շատ կարեւոր է նաեւ Կճաւի վանականներուն ուղղած նամակը Թոնդրակեցւոց մասին (Գիրք թղթ. 598 եր.), ուր բաւական առատ տեղեկութիւններ կու տայ այդ աղանդի մասին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16, 2025, Իսթանպուլ