ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Վախը մարդուն ի՞նչ կու տայ եւ Աստուծոյ ապաւինիլը ի՞նչ կու տայ:
Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, բայց Տիրոջ ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ՚ունենայ» (Առ 29.25):
Այստեղ ակնարկուած վախը սովորական վախը չէ, այլ վախ՝ մարդոցմէ: Արդարեւ, այս տեսակի վախը ո՛չ միայն մարդուն որոգայթ կը լարէ, այլեւ զինք կը վերածէ խամաճիկի մը, որ մարդոց ձեռքին մէջ խաղալիք կը դառնայ: Այս տեսակի վախը մարդս կը հեռացնէ Աստուծմէ, որովհետեւ մարդոցմէ վախնալ սկսելով, կը սկսի զանոնք աստուածացնել եւ Արարիչէն վախնալու փոխարէն կը սկսի արարածէն վախնալ եւ արարածին հաճելի թուիլ:
Պօղոս առաքեալը կը գրէ. «Միթէ ես մարդիկը սիրաշահելու համա՞ր կ՚աշխատիմ: եթէ մարդիկը սիրաշահելու ետեւէ ըլլայի՝ Քրիստոսի ծառայ ըլլալէ կը դադրէի» (Գղ 1.10): Հաստա՛տ. երբ մարդ սկսի մտածել մարդիկը սիրաշահելու, կը դադրի Քրիստոսի ծառայ, հետեւորդ ու աշակերտ ըլլալէ: Երբ մարդ սկսի մարդիկը սիրաշահելու մասին մտածել, վախը իր մէջ բոյն կը դնէ, որով կը հեռանայ Աստուծմէ եւ բնակարան կը դառնայ դեւերուն: Երբ մարդ մարդոց սիրաշահելու մասին սկսի մտածել, ապա կը սկսի մարդահաճոյ գործեր կատարել, որով ինքզինք ատելի կը դարձնէ Աստուծոյ: Մարդ ո՛չ թէ պէտք է մարդիկը հաճոյացնելու մասին մտածէ, այլ՝ զԱստուած:
Մարդը որպէսզի այս տեսակի վախէն ու մարդիկը սիրաշահելու ախտէն չբռնուի, ապա կարիք ունի Աստուծոյ ապաւինելու եւ Աստուծոյ կառչելու: Երբ մարդ Աստուծմով ապրի, ո՛չ միայն այս վախը, այլ՝ ամէն տեսակի վախերը կը հեռանան մարդէն, որովհետեւ ան իր կողքին ունի Տէր Յիսուսը, որ քանի՜ քանի՜ անգամներ Իր աշակերտներուն եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներուն Իրեն հետեւողներուն հետեւեալ քաջալերական խօսքը ըսաւ եւ կը շարունակէ ըսել, թէ՝ «Ես եմ, մի՛ վախնաք»:
Քրիստոսով ապրող մարդը վախ չ՚ունենար իր մէջ:
Քրիստոսով զինուած մարդը վախը հեռո՛ւ կը վանէ իրմէ:
ԶՔրիստոս զգեցած մարդը՝ քաջութիւն եւ համրաձակութիւն զգեցած կ՚ըլլայ:
Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կը գրէ.
«Ինչո՞ւ կը վախնաք, ո՜վ քրիստոնեաներ:
Քրիստոս կը խօսի. “Ես եմ, մի՛ վախնաք”:
Ինչո՞ւ կը նեղուիք այս բաներուն համար, ինչո՞ւ կը վախնաք:
Ասկէ առաջ խօսեցայ ձեզի այս բոլոր բաներուն մասին, որոնք անպայմանօրէն տեղի պիտի ունենան… “Ես եմ, մի՛ վախնաք: Անոնք ուզեցին զԻնք նաւակին մէջ առնել” (տե՛ս Յհ 6.20-21):
Երբ ճանչցան զԻնք ուրախացան եւ ազատագրուեցան իրենց մտավախութիւններէն. “Եւ անմիջապէս նաւակը հասաւ հոն՝ ուր որ կ՚երթային” (տե՛ս Յհ 6.21): Երկրի վրայ աւարտ մը գտնուեցաւ՝ ջրային աշխարհէն մինչեւ պինդ աշխարհ, խառնաշփոթէն մինչեւ կայունութիւն, ճամբայէն մինչեւ նպատակ»:
Իսկ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Աստուծոյ կամքը քեզ քու վախերէդ ազատելը չէ, այլ՝ քեզի կոչ ուղղելն է դիմադրելու ատոնց, քանի որ ատիկա աւելին է քան ատոնցմէ ազատուիլը»: Մենք շատ յաճախ երբ վախի, մտավախութեան մէջ յայտնուինք, Աստուծմէ կը խնդրենք, որ հեռացնէ զանոնք մեզմէ, բայց մեզմէ շա՜տ քիչերն են, որոնք Աստուծմէ կը խնդրեն, որպէսզի իրենց իմաստութիւն շնորհէ, կարենալ յաղթահարելու եւ դիմադրելու այդ վախերուն ու մտավախութիւններուն: Ոսկեբերան Հայրապետը յստակ կերպով կը բնորոշէ, որ մեր վախերուն դիմադրելն ու զանոնք յաղթահարելը շատ աւելի մեծ առաքինութիւն է, քան անոնցմէ պարզապէս ազատիլը:
Անդին, մարդ պէտք է վախնայ միայն իր հոգիին կորուստին համար, որովհետեւ այդ կորուստէն աւելի վտանգաւոր եւ ծանր կորուստ չկայ: Իսկ այդ կորուստը տեղի կ՚ունենայ, երբ մարդ հակառակի Աստուծոյ եւ Անոր չհնազանդի, որով Աստուած տեսնելով մարդուն անզեղջ կեանքն ու յամառութիւնը մեղքի կեանքին մէջ, անոր հոգին կորուստի կը մատնէ: Արդարեւ, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ մեզի, ըսելով. «Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Ըսեմ թէ որմէ՛ վախնաք: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու: Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5):
Մարդուն համար նախընտրելի պէտք է ըլլայ այստեղ՝ այս ժամանակաւոր կեանքին մէջ ժամանակաւորապէս մահանալ, ֆիզիքապէս մահանալ, քան թէ յաւիտենական կորուստի մատնուիլ՝ զրկուելով Աստուծոյ յաւիտենական ներկայութենէն:
Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը այս մասին այսպէս կը գրեն.
«Պէտք է հոգիին չարչարանքներէն վախնանք եւ ո՛չ թէ մարմինի սպանութենէն: Արդարեւ, մահը բնական աւարտն է մարմնական տանջանքներուն, սակայն պատիժին աւարտը չէ, որովհետեւ ան վերջ կը դնէ մարմինի (ժամանակաւոր) տանջանքներուն, իսկ հոգիին պատիժը՝ յաւիտենական է, որով պէտք է միայն Աստուծմէ վախնանք» (Սուրբ Ամպրոսիոս):
«Սուրբերէն մէկը ըսած է. մարմինը փորձութիւններէն վախնալով -որպէսզի նեղութիւն չկրէ եւ կամ իր կեանքը կորսնցնէ - մեղքին ընկեր կը դառնայ, ու այդ պատճառով է որ Սուրբ Հոգին կը ստիպէ իրեն մեռնիլ, որովհետեւ եթէ չմեռնի՝ չի՛ կրնար մեղքին յաղթել:
Եթէ ոեւէ մէկը փափաքի Աստուծոյ բնակարան ըլլալ, ապա պէտք է ճնշէ իր մարմինը ու Տիրոջ ծառայէ, կատարէ Հոգիին պատուիրանները, եւ իր մարմինը պահէ մարմինի գործերէն, որոնց մասին Առաքեալը գրած է: Մեղքով շաղախուած մարմինը՝ մարմինի գործերով կը հանգստանայ, իսկ անոր պտուղները՝ զԱստուած չե՛ն հանգստացներ…:
Այստեղ կը մահանամ, որպէսզի հոգիին իրական մահը, այսինքն՝ Աստուծմէ բաժանումը չտեսնեմ: Աւելի լաւ է ինծի համար այստեղ մեռնիլ անպականութեան համար, քան թէ վատ կեանքով ապրիմ: Այս մահը ընտրեցի ազատ կամքովս՝ մեղքերուս համար» (Իսահակ Ասորի):
•շար. 159
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ