ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին բացաւ նոր եղանակը։ 2025-2026 շրջանը երգչախումբի անդամները ողջունեցին բարձր տրամադրութեամբ եւ արձակուրդի շրջանէ վերջ զիրար վերագտնելու խանդավառութեամբ։ Այս նոր մեկնարկի փուլին բոլորը ստացան դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի օրհնութիւնը։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ յարակից, Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացման հաւաքոյթը։ Բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ անդամներուն կողմէ։ Տնօրէն խորհուրդը նոր եղանակի բացումը այնպէս մը կազմակերպած էր, որ տօնախմբութեան համազօր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Յակոբ Մամիկոնեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Հաւաքոյթի ծրագիրը յատկանշական էր, որովհետեւ մրցոյթի բաժինը ունէր։ Երգչախումբի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան իրենց գիտելիքները չափելու՝ դասական ու արդի երաժշտութեան շուրջ՝ մանաւանդ հայկական կտրուածքով։
Երեկոյթը եզրափակուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի օրհնութեան խօսքով, որու ընթացքին ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին՝ յոյս յայտնելով, թէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը կը շարունակէ մնալ իր բարձրութեան վրայ ու միշտ կ՚արդարացնէ իր բարի համբաւը։
Միւս կողմէ, երգչախումբի մանկապատանեկան կազմն ալ նոր եղանակի աշխա-տանքին ձեռնարկեց՝ նոյնպէս Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի օրհնութեամբ։