ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Վերամուտ է։
Դպրոցական աշակերտ մը ունենալու կամ չունենալու հետ կապ չունի այս իրողութիւնը։ Շուրջդ կարծես ամէն ինչ նորէն, ետ, դարձեալ սկսելու տրամադրութիւն մը կը յուշէ։
Շատերու համար հանգստանալու լաւ առիթ մը հանդիսացող ամրան արձակուրդի կլորէն դուրս ելլելու ու չելլելու սահմանին կեցած՝ մանուկներուն պէս կը հարցնենք. խաղը վերջացա՞ւ, թէ՞ հոսկէ-հոնկէ կարելի է կորսուած վայրկեաններ հաւաքել...
Աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ նոյնն է այս ժամանակաշրջանին նկարագրութիւնը։ Տօնն է գրախանութներուն։ Խճողուած են բոլորը, փոքր թաղերուն մէջ տեղաւորուածներէն մինչե՜ւ մեծ, անուանի, լայն ու լուսաւոր պողոտաներու վրայ փայլողերը...
Ձեռքը թուղթ մը բռնած անծանօթ մայրերն ու հայրերը գրախանութներուն մէջ իրարու կը ժպտան։ «Երանի մէկ թուղթ բռնողին», կը մտածեն անոնք, քանի որ երկու, երեք թուղթ բռնող ալ կայ՝ փաստօրէն։
Նորութիւն են աս թուղթերը։ Ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին պահանջուած «բաներուն» ցանկ մը ընելը 21-րդ դարուն կը պատկանի, բարեկամներ։
Մեծ տետրակ, պզտիկ տետրակ, 100 էջնոց տետրակ, 40 էջնոց տետրակ, մէկ գիծ, երկու գիծ, մեծ քառակուսի, պզտիկ քառակուսի, կարմիր կողք, կապոյտ կողք, գծագրութեան մեծ տետրակ չէ՛, ո՛չ, «sketch» է անունը, ջրաներկ, երկու, չորս, վեց ang-lo վրձիններ եւ փայտեայ «Faber Castell» գոյներ...
Հաւանաբար չէք գիտեր դուք, որ կան ծնողներ, որոնք թուղթին մէջ պահանջուած այդ փայտեայ գոյներուն դիմաց՝ քառասունո՜ւթը գոյներով տուփ մը կը գնեն նախակրթարանի որեւէ դասարան յաճախող իրենց զաւակին համար, յաճախ չգիտակցելով, թէ, բացի ֆիզիքականէն, նաեւ բարոյական ինչպիսի բեռ մը կը դնեն անոնք այդ մանուկին ուսերուն վրայ։ Այս ելակէտէն շարունակելով, հաւանաբար չգիտնաք նաեւ, որ դասարանին մէջ պզտիկները փայտեայ գոյները լայնքին կը բռնեն, անոնց վրայ գրուած մակնիշը կը կարդան ու միայն այդպէս կրնան զանազանել իրե՛նց պատկանող գունաւոր մատիտները...
Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ այսպէս եղանք՝ մենք ու մեր զաւակները։
Մէ՛կ գոյն, մէկ կողք, մէկ մատիտ, մէկ ռետին, մէկ տաշելիք ու երկու գրիչով կը դառնար մեր աշխարհը... բայց խոստովանիմ, երեսուն տարի առաջ, մեր դասարանին մէջ ալ սրտիկներով զարդարուած թաց գրիչներ, նապաստակի տեսքով ռետին, պաղպաղակի նմանող տաշելիք, ժանժան գծաքաշ, «միքի մաուս»ով գրչատուփներ կային. կը յիշեմ ես դասարանի սովորական, գրեթէ պարապ, նիհարի՜կ գրչատուփներէն զանազանուող լեփ- լեցո՜ւն գրչատուփները։ Կային աս տեսարանները, այո՛, բայց հատուկենտ էին անոնք։ Իսկ այսօր՝ կը մրցին երեխաները, եւ ինչ խօսք՝ նաեւ ծնողները, մեր հնամաշ կապոյտ, կարմիր ու առաւելագոյնը՝ կանաչ գրիչէն անդին՝ նարնջագոյն, թիւրքուազ, ոսկեգոյն ու դեռ չյայտնաբերուած ինչ-ինչ գոյներով գրող զարմանահրաշ գրիչները...
Գրիչներն են ասոնք. չեմ ուզեր խորանալ, բայց պայուսակներն ալ կան. անիւով քշուող ու առանց անիւի՝ ուսին շալկուող պայուսակները, անոնց զարմանալի գիները, ջրամանները, անոնց «ձայնակցող» կերակուրի տուփերն ու այս միայն երկուքը կրելու համար պատրաստուած յատո՜ւկ պայուսակը...
Ինչո՞ւ հնարուեցան այս բոլորը։
Թափանցիկ, մաքուր թաշկինակի ու տոպրակի մը մէջ կը փաթթուէին մեր «սանտուիչ»ները։ Գաւաթ մը կ՚ունենայինք իւրաքանչիւրս եւ միա՛յն զբօսանքին կը վայելէինք ջուր խմելու արտօնութիւնն ու հաճոյքը։
Հին են այս օրէնքները։ Ծարաւ չե՛ն մնար, պէտք չէ՛ մնան մեր մանուկները։ Պատերազմներու, գաղթերու, վրաններու, ռումբ ու պայթումներու, սով ու զրկանքներու բոլոր մանուկներէն տարբեր են անոնք։
Ասոնք ծուխերու մէջ, փառք Տիրոջ՝ ծիածաններն են մերիններուն առաջնորդները։
Ուրկէ՞, ինչպէ՞ս կը ծագին եւ դէպի ո՞ւր կը տանին անանձրեւ այս ծիածանները...
Նորաձեւութեան ժամանակն է։
Ո՞վ ըսաւ, որ մեր հայրենիքին մէջ է միայն այս նորաձեւութիւնը։ Ո՜չ։ Հոս, հոն ու շատ տեղեր՝ նորաձեւ է կրթութիւնը, նորաձեւ են դպրոցները, համալսարանները, անոնց յարափոփոխ օրէնքները, տարիէ տարի սուղցող կրթաթոշակներն ու արժեզրկուող գիտելիքները։ Նորաձեւ մեր ժամանակին կը պատկանին շուտով AI-ին գողնալիք բոլոր հնաոճ մասնագիտութիւնները, նորաձեւ են «codding», «design» ու «program»ով վաղուան աշխարհը պատրաստելիք մեր մասնագէտները։
Սարսափելի կրնայ թուիլ, բայց մի՛ վհատիք։
Մեր հայրենիքին մէջ եւ այլուր նոր մանկապարտէզներ կը բացուին։ Թերեւս չհաւատաք, բայց դե՜ռ կանաչ խոտ, օրօրոց ու սահնակներ կան այդ պարտէզներուն մէջ. պիտի վազեն, աւազ ու խմորով պիտի խաղան, բաներ մը շինեն, երգեն, օրօրուին ու սահին՝ շուտով մոպայլ բռնելիք ու անոր թելադրած «ռիվիու»ներով ու «վիու»ներով առաջնորդուելիք մեր մանուկները։
Կ՚ուզեմ չմթագնիլ, չյուսահատիլ, կ՚ուզեմ չսարսափիլ ու հաւատալ, որ մեր տուներուն մէջ յանկարծ անջատուող ելեկտրականութեան պէս, յանկա՛րծ տեղ մը կենայ, տեղ մը կը դադրի մեր անծանօթութիւնը այս նոր աշխարհին։ Տեղէ մը ե՛տ կը դառնայ ամէն ինչ եւ չենք սահմռկիր այլեւս իրական կարծած ու սուտ ըլլալը պարզած մեր տեսածներէն, չենք հիասթափուիր մեր սիրած ու փայփայածներէն, սրտով մեր հաւատացածներէն...
Այո՛, կ՚ուզե՛մ, դեռ մէջս ուժ ունիմ հաւատալու, որ ենթադրելի այս աշխարհէն, սուտ ու կեղծիքէն մեզ դէպի իրականութիւն վերադարձնող իրակա՛ն վերամուտ մը ունինք ապրելիք...
Բայց մինչ այդ՝
Մեր բոլոր աշակերտներուն, ծնող ու ուսուցիչներուն, AI-ին շուքին տակ՝ շունչ ու գրիչով, յոյզ ու ջանքով, մա՛րդաբար սորվիլ ու սորվեցնել ուզողներուն՝
Բարի վերամուտ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ