ՍԹԻՒՏԻՕ ԿԻՊԼԻԻ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐԸ՝ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԾՈՎՈՒՆ ՄԷՋ
Երբ գիշերը մեղմօրէն կը փաթթէ քաղաքը, երբ անձրեւը մեղմ կաթիլներով կ՚իյնայ պատուհանիս ապակիէն, յաճախ կու գամ ինքզինքս կորսուած գտնել Սթիւտիօ Կիպլիի ժապաւէնի մը մէջ։ Այդ պահերուն, երբ հոգին կը փնտռէ հանգստութիւն եւ սիրտը՝ երազային աշխարհ մը, անոնց ժապաւէնները կ՚երթան պարզ ժամանցէ մը անդին։ Անոնք զիս կը տանին մանկութեան անմեղ օրերը, ուր ամէն ինչ կ՚երեւի մոգական, իսկ ամենասովորական ձայնը՝ հսկայական իմաստութիւն։
Սթիւտիօ Կիպլին ճաբոնական անիմասիոնի ընկերութիւն մըն է, որ հիմնադրուած է 1985 թուականին Հայաօ Միազաքիի (Hayao Miyazaki), Իսաօ Թաքահաթայի (Isao Takahata) եւ Թոշիօ Սուզուքիի (Toshio Suzuki) կողմէ։ Այս սթուտիոյի ժապաւէնները ո՛չ միայն Ճաբոնի, այլ ամբողջ աշխարհին մէջ մեծ յաջողութիւն եւ սէր շահած են։ Կիպլիի գործերը կը դրդեն երեւակայական աշխարհներ, խոր մարդկային զգացումներ եւ բնութեան հետ ներդաշնակ կեանք մը ապրելու փափաքը։
Հայաօ Միազաքիին պատմութիւնները երբեք սեւ ու սպիտակ չեն։ Բարիքն ու չարը՝ միասին կը գոյատեւեն եւ ամէն հերոս ունի թերութիւն։ Ան կը ստիպէ մեզ հարց տալ՝ ո՞վ է մեղաւորը, երբ բոլորը կարծես ճշմարտութեան իրենց կողմը ունին։
Սթիւտիօ Կիպլին ունի ձայն մը՝ խաղաղ, բայց ուժեղ։ Անոր ամենափոքր դրուագը՝ թեւերու մեղմ շարժումը, պտուղի կտրուելու ձայնը, գիշերուան ճպուռի երգը կ՚ունենան այնպէս խոր իմաստ, որ երբեմն բառերը կը դառնան աւելորդ։ Այդ բոլոր մանրամասնութիւնները կ՚ուսուցանեն մեզի, որ գե-ղեցկութիւնը կը գտնուի պարզութեան մէջ։
Կիպլիի ժապաւէնները կը տարբերին սովորական անիմասիոն ժանրերէն։ Այս ժապաւէններուն մէջ կը պակսի «լաւն ու վատը» պարզ սահմանագիծը։ Փոխարէնը, կերպարները խոր եւ բարդ անձնաւորութիւններ ունին ու անոնց պատմութիւնները մեզ կը ներշնչեն մտածելու՝ ընկերային, էթիք եւ բնապահպանական հարցերու շուրջ։ Օրինակ՝ «Իմ դրացի Թոթորոն» (My Neighbor Totoro) մանուկներուն աչքերով ցոյց կու տայ ընտանիքի մը եւ բնութեան կապը՝ պարզութեան եւ անմեղութեան խոր զգացումով։
Միւս կողմէ, «Ուրուականներէն քշուածները» (Spirited Away) Կիպլիի ամենէն յաջող եւ միջազգային մակարդակի վրայ ճանաչում գտած ժապաւէնն է, որ 2003 թուականին շահեցաւ Օսքարի մրցանակը՝ «Լաւագոյն անիմասիոն ժապաւէն» բաժնին մէջ, կը պատմէ փոքրիկ Չիհիրոյի արկածախնդրութիւնները կախարդական աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ կը փոխուին անասուններու եւ հին ճաբոնական մշակոյթի խորհրդանիշները կենդանութիւն կ՚առնեն։ Ժապաւէնը բազմաթիւ խաւեր ունի՝ կեանքի անցողիկութիւնը, ինքնութեան փնտռտուքը եւ բնութեան հանդէպ յարգանքը։
Կիպլիի ժապաւէններուն մէջ բնութիւնը առանցքային դեր ունի։ Անոնք յաճախ կը ցուցադրեն մաքրասիրտ հերոսներ, որոնք կը փորձեն պաշտպանել իրենց շրջապատը չարագործ ուժերէն կամ արատաւոր արդիւնաբերութենէ։ «Նաուսիքաան՝ Քամիներու Յովիտէն» (Nausicaä of the Valley of the Wind) եւ «Իշխանուհի Մոնոնոքէ» (Princess Mononoke) այս միտքը ճիշդ կ՚արտացոլեն։ Այս ժապաւէններուն մէջ բնութիւնը պարզ միջավայր մը չէ, այլ կենդանի, սուրբ եւ ուժեղ ներկայութիւն մը, որ պէտք է յարգուի։
Բացի բովանդակութենէն, Սթիւտիօ Կիպլիի գեղարուեստական ոճը նոյնպէս եզակի է։ Գեղեցիկ կերպով նկարուած տեսարանները լի են մանրամասնութեամբ եւ նուրբ գունաւորումով։ Իւրաքանչիւր պատկերը կարծես վրձինով նկարուած կտաւ մըն է։ Երաժշտութիւնը, յատկապէս Ճոի Հիսաիշիի (Joe Hisaishi) ստեղծագործութիւնները յաճախ կը դառնան պատմութեան անբաժան մաս մը՝ աւելցնելով յոյս կամ լռութեան գեղեցկութիւն։
Սթիւտիօ Կիպլին միայն մանուկներուն համար չէ։ Մինչեւ այսօր, անոնք հասցուցած են հաղորդելու այնպիսի համամարդկային արժէքներ. ինչպէս՝ խաղաղութիւնը, բնութեան հանդէպ սիրոյ զգացումը, սորվելու կարեւորութիւնը եւ երազանքներու իրականացման հաւատքը։ Անոնք կը ներշնչեն թէ՛ մանուկներու եւ թէ մեծահասակներու հոգիները։
Իմ կեանքիս մէջ, երբեմն մտածած եմ, որ կորսնցուցած եմ երազելուն կարողութիւնը։ Բայց ամէն անգամ, երբ դարձեալ կը նստիմ ու կը դիտեմ «Հաուլի շարժուն բերդը» կամ «Քիքիի առաքման ծառայութիւնը»՝ կը զգամ, թէ անզգալաբար կը ժպտիմ։ Ներաշխարհս դարձեալ կը լուսնայ։ Գուցէ կը յիշեցնէ՝ թէ իմ մէջ տակաւին կայ մանուկ մը, որ կը հաւատայ թռչելու, բուժուելու եւ սիրելու կարողութեան։
Լեզու մը են Սթիւտիօ Կիպլիի ժապաւէնները, որոնք առանց թարգմանութեան կը խօսին սրտերէն։ Անոնք կը յիշեցնեն, թէ երբեմն լռութիւնը կ՚ըսէ ամենէն շատը։ Անոնք կամուրջներ են երազին եւ իրականութեան միջեւ, մեր մանկութեան եւ մեր տագնապներուն միջեւ։ Կ՚արժէ միշտ պահել այդ կամուրջը՝ ամուր ու կենդանի։
Վերջապէս, կարելի է նշել, որ Սթիւտիօ Կիպլիի ժառանգութիւնը այսօր կը շարունակուի ո՛չ միայն նոր արտադրութիւններով, այլեւ Ճաբոնի մէջ իրենց թանգարանով եւ սփռումով աշխարհով մէկ։ Իրենց ժապաւէնները կը մնան մարդկային երեւակայութեան ու արուեստի մեծագոյն գագաթնակէտներէն մէկը՝ ապացուցելով, որ իսկական պատմութիւնները ո՛չ միայն կը զուարճացնեն, այլ կրնան փոխել մեր աշխարհընկալումը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ