ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿԱՆ. ԷՍՔԻՇԷՀԻՐԷՆ՝ ԵՒՐՈՊԱ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՆ…
Հայկական գիտութեան պատմութեան մէջ կան անուններ, որոնք կը մնան անխամրելի՝ իբրեւ ստեղծագործական ուժի, բազմակողմանի հմտութեան ու համբերատար վաստակի խորհրդանիշ։ Նման վառ ու պայծառ դէմք մըն էր Յակոբ Անասեան՝ պատմաբանը, աղբիւրագէտը, ձեռագրագէտը, մատենագէտը, բանասէրը, որուն ծննդեան 120-ամեակը լրացաւ անցեալ տարի։
Հայագիտութեան գանձարանին մէջ անոր ձգած ժառանգութիւնը այսօր ալ կը փայլի իբրեւ արդիւնք տիտանական աշխատանքի, վերլուծական միտքի եւ գիտութեան ու ազգին հանդէպ անմնացորդ նուիրումի։
Դիւրին չէ եղած Յակոբ Անասեանի (ծնեալ՝ Սէօյլէմէզեան) ճանապարհը՝ Փոքր Ասիոյ ափերէն մինչեւ Ֆրանսա, յետոյ՝ Հայաստան, այնուհետեւ՝ ռազմագերիի ճակատագրով Ռումանիա եւ վերջապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ գիտն֊ականը մահացած է 1988 թուականին։
Իր կենսագրութեան մանրամասնութիւնները հիմնականը կը կարդանք ինքնակենսագրութեան մէջ (յետմահու լոյս տեսած «Հայ մատենագիտութեան տիրակալը» գիրքին մէջ) եւ իր որդիին՝ երաժիշտ, խմբավար Հենրիկ Անասեանի՝ քսան տարի առաջ կազմած մէկ գիրքին մէջ, զոր որդին նուիրած է իր հօրը 100-ամեակին։ Այդ գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ Յակոբ Անասեանի գրական գործերէն եւ նամականիէն փունջ մը։
ՎԱՂ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐ
Յակոբ Անասեան ծնած է 1904 թուականին, Փոքր Ասիոյ Էսքիշէհիր քաղաքին մէջ։ Տարրական կրթութիւնը ստացած է Կուտինայի հայ կաթողիկէ համայնքի դպրոցի երդիքին տակ։ 1916-1917, 1917-1918 ուսումնական շրջաններուն ան ուսանած է Կուտինայի Սուլթանական վարժարանի (Սուլթանի Մէքթէպի) Ա․ եւ Բ․ դասարաններու մէջ։ Այդ դպրոցէն անոր ստացած հիմնական կրթութիւնը եղած իւրացումը է օսմաներէնի, որ յետագային ալ ինքնաշխատութեամբ լրացուցած է զայն, անթերի մակարդակի հասցուցած է եւ այդ հմտութիւնը մեծապէս գործածած է իր գիտական աշխատութիւններուն մէջ։
1919 թուականի սկիզբները Յակոբ Անասեան իր հօր եւ քրոջ հետ Պոլիս կը փոխադրուի, բայց քիչ ժամանակ անց ճակատագիրն ու ժամանակները զինք պիտի առաջնորդէին դէպի նուիրեալ ուղի մը։ 1919-1922 թուականներուն ան ուսանած է Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ՝ իւրացնելով հայերէն եւ գրաբար։ Յակոբ Անասեան կը պատկանի Ա․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք Ս․ Ղազար հասած ուսանողութեան առաջին խումբին, որ կազմուած էր պատերազմը վերապրած 18 պատանիներէ։ Ընտանիքը, շատ մը հայ ընտանիքներու պէս թրքախօս էր եւ ինքն ալ քանի մը տասնեակ բառ հազիւ գիտէր հայերէն, այն ալ՝ դպրոցէն։ Ս․ Ղազարին մէջ կը սորվի նաեւ հայերէնը եւ գերազանց կ՚աւարտէ վանքին վարժարանը՝ ըլլալով առաջադէմ ուսանողներէն։ Կը վերադառնայ Պոլիս, միայն անոր համար, որ ընտանիքի միակ տղան էր եւ հօրը խօսք տուած էր, որ պիտի դառնայ։ Ինքնակենսագրութեան մէջ, սակայն, կը կարդանք, որ առաջին օրուընէ կը զղջայ վերադարձին, քանի որ ուսումը շարունակելու եւ իբրեւ մտաւորական գործելու համար պայմաններ չի գտներ։ Այնուամենայնիւ, կ՚ընդունուի Բերայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարան, քիչ մը կ՚ընդլայնէ իր գիտելիքները հայագիտական առարկաներէ։ 1923 թվականն էր, Պոլիսը՝ թոհուբոհի մէջ, արտագաղթը անխուսափելի էր․ ան կը մեկնի Յունաստան, ուր կը մնայ տասներեք ամիս, ապա Ֆրանսա, հարաւ, ուր Քասթէլ-Սարազին գիւղաքաղաք հասած էր հայրը։ Հայր ու որդի հազիւ մէկ ամիս կ՚ապրին միասին, հայրը կը մահանայ, իսկ տղան գիւղաքաղաքէն կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր տասնմէկ երկար տարիներ կ՚ապրի։ Հոս իր ապրուստը հոգալու համար սկզբնական շրջանին զանազան աշխատանքներ կը կատարէ, մինչեւ իսկ՝ դերձակութիւն, կ՚աշխատի հագուստեղէնի արտադրութեան մէջ, բայց միշտ կարօտը կը զգայ ազգային-հասարակական կեանքի։ Ան կը դառնայ «Եռագոյն» խումբի հիմնադիրներէն մէկը, աւելի գործօն կ՚ըլլայ այդ տարիներուն կեանքի կոչուած Չափահաս որբերու միութեան մէջ, այդ միութեան Փարիզի մասնաճիւղի քարտուղարը կ՚ըլլայ, ամէն ջանք կը գործադրէ, որպէսզի նոր սերունդը ծանօթանայ հայ մտաւորականութեան հետ։ Այսպէս երիտասարդ Անասեան ինքն ալ կը ծանօթանայ Արշակ Չօպանեանի եւ Կարապետ Պասմաճեանի հետ, անոնց խորհուրդներով յօդուածներ կու տայ թերթերուն։ Այս հանգամանքը կը ստիպէ վերանայիլ իր ստորագրութիւնը, որ պիտի դրուէր յօդուածներուն տակ։
Ինչպէս իր որդին կը գրէ․ «Յակոբ մշտապէս կը նեղուէր իր Սէօյլէմէզեան մականունին թրքական արմատին պատճառով։ Այդ բառը, որ «չըսող» կը նշանակէ, ան որոշ լեզուական ստուգումներ ենթարկելէ ետք կը փոխէ հայերէն «անաս» բառի՝ «անասելի» իմաստով։ Իր այս ցանկութիւնը Փարիզի Հայ գաղթականներու միութեան կողմէ պաշտօնական վկայագրով մը կը կնքուի եւ Սէօյլէմէզեանը կը դառնայ Անասեան»։
Փարիզը այն միջավայրն էր, ուր իր գիտական աշխարհայեացքը պիտի հարստանար անսահման գիտելիքներով։
Նոյն ժամանակահատուածին կը հրատարակէ իր առաջին ուսումնասիրութիւնները, որոնք արդէն կը վկայէին ճշգրիտ մտածողութեան, աղբիւրներու հանդէպ սրտագին խնամքի ու գիտական անկողմնակալութեան մասին։
1930 թուականին Յակոբ Անասեան կ՚ամուսնանայ Դպրոցասէր տիկնանց վարժարանի սաներէն Վերժինէ Յովհաննիսեանին հետ, որ աւարտելով վարժարանը, հոն ալ հայերէն կը դասաւանդէր։ Ամուսնութեան առթիւ Անասեան կը գրէ «Տաճար մըն ես» բանաստեղծութիւնը, որ լոյս կը տեսնէ «Երկունք» ամսագրին մէջ՝ նոյն տարին։ Իր կնոջ մասին Յակոբ Անասեան հետեւեալ վկայութիւնը ունի․ «Վերժինէն եղաւ ընտանիքի տիպար մայր, Անասեան գերդաստանին պարգեւեց երկու զաւակ՝ Արսէն եւ Հենրիկ, որոնց դաստիարակութեան համար ձեռնհասօրէն աջակցեցաւ իր ամուսնոյն եւ անոր համար ամուր հիմք հանդիսացաւ յատկապէս իրենց կեանքի հայաստանեան շրջանին՝ ազատելով ընտանեկան առօրեայ հոգսերու կաշկանդումէն, որպէսզի ան կարողանար ազատօրէն նուիրուիլ գիտական ասպարէզին»։
Փարիզի տարիներուն (1931-1934) Յակոբ Անասեան շուրջ չորս տարի մասնակցած է պատմաբան, բառարանագիր, բժիշկ Կարապետ Պասմաճեանի դասընթացքներուն՝ Հայաստանի պատմութեան, հնագիտութեան, պատմական աշխարհագրութեան եւ հին գրականութեան մասին։ Ան գիտելիքները կ՚ամրապնդէր Նուպարեան մատենադարանին մէջ, կը գնէր մասնագիտական գիրքեր եւ կը հարստացնէր իր գրադարանը։ Յօդուածները մեծ մասամբ կը տպուէին «Երկունք»ի, «Յառաջ»ի, ինչպէս նաեւ՝ Մխիթարեաններու մամուլին մէջ։
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1930-ականներուն Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը զանազան կոմիտէներու հետ ներգաղթ կազմակերպած էր զանազան երկիրներէ։ Անասեան նոյնպէս փափաք ունէր իր ընտանիքին հետ օր առաջ ոտք դնել հայրենի հողին վրայ՝ մասնակցելու անոր շէնացումին, գիտական յառաջընթացին։
Կարաւանները լեցուն էին հայրենիք ներգաղթել ցանկացողներով եւ իր կարգը չէր հասներ։ Ընտանիքին հետ կարգէ դուրս հայրենիք կը գաղթէ 1936 թուականին՝ Աւետիք Իսահակեանի ու Արշակ Չօպանեանի միջնորդութեամբ։
Կառավարութիւնը Անասեաններուն ուրիշ ներգաղթողներու հետ բնակարան կու տայ Արաբկիր շրջանին մէջ՝ մասնաւոր ներգաղթեալներու համար կառուցուած շէնքին մէջ։
Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ կարճ ժամանակի մէջ հայրենադարձ մտաւորականը գրադարանի աշխատակից, այնուհետեւ՝ պատմութեան բաժնին կից գիտական մասի աշխատող եւ բաժնի ղեկավար կը դառնայ։ Հինգ տարի ան աշխատած է այդ բաժնին մէջ, ղեկավարած է մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմը։ Ա․ Համաշխարհայինէն մազապուրծ հայորդին այս անգամ ստիպուած էր մասնակցելու Բ. Համաշխարհային պատերազմին։ Անասեան կը զօրակոչուի, գերի կ՚իյնայ եւ կը տարուի Ռումանիա։ Իբրեւ մտաւորական ան ազատուած էր ծանր ֆիզիքական աշխատանք կատարելէ․ գերմանացիները անոր զինուորական վերարկուի թեւքին մէջ գիրքեր եւ ձեռագիրներ յայտնաբերած էին եւ մարդասիրական վերաբերմունք դրսեւորելով՝ վերադարձուցած էին։ Անոր արտօնուեցաւ մատենագրութեամբ զբաղիլ։ Յակոբ Անասեան իր վիճակին եւ գիտական ուսումնասիրութիւններուն մասին հաղորդած էր Փարիզ՝ Արշակ Չօպանեանին, ան ալ տեղեակ պահած էր գրող Յակոբ Սիրունիին, որ Պուքրէշ կը բնակէր։ Վերջինս կ՚այցելէ Անասեանին, գիրքեր կը նուիրէ, այնուհետեւ Յակոբ Սիրունիի եւ անոր գլխաւորած Հայ Ռազմագերիներու օգնութեան յանձնախումբի ջանքերով 1943 թուականի վերջերուն Յակոբ Անասեանը կը փոխադրեն աւելի նպաստաւոր պայմաններ ունեցող ռազմակայան։ Որոշ ժամանակ անց այնտեղէն յատուկ կարգադրութեամբ աշխատանքի կը տարուի Քիթիլայի շաքարի գործարան, որու տէրը հայ էր՝ մեծահարուստ Ֆրենկեանը։ Հոս ալ անոր համար կը ստեղծուին բնակութեան եւ ապրուստի համար հանգստաւէտ պայմաններ։ Այնտեղ, նշանակուելով գրասենեակի պաշտօնեայ, հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ուսումնասիրելու ռումաներէնը՝ մինչեւ 1944 թուականի օգոստոսի 23-ի յեղաշրջման օրը։ Խառնակ օրեր էին երկրին մէջ, Ռումանիան դարձած էր Գերմանիոյ դէմ։ Խոյս տալու համար վտանգներէն՝ Յակոբ Անասեան կը փախչի Քիթիլայէն եւ 12 քիլօմեթր քայլելով կը հասնի մայրաքաղաք։ Հոս ալ մտաւորականը կը ներգրաւուի հայկական ազգային կեանքին՝ աշխատանքի անցնելով Հայ Մշակոյթի տան մէջ, որպէս տնօրէն Ռումանահայ կեդրոնական մատենադարանի եւ թանգարանի, որոնք հիմնուած էին Յակոբ Սիրունիի ջանքերով։
Կրկին հնարաւորութիւն էր՝ պրպտումներ եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու։
Որդին՝ Հենրիկ Անասեան կը վկայէ, որ իր հայրը Ռումանիա ապրած ժամանակ մտերիմ կապեր հաստատած է ապագայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա․-ին հետ։ Այդ ծանօթութիւնը յետոյ վերածուած է ամուր բարեկամութեան եւ գիտական համագործակցութեան։ Հայաստան վերադառնալէ շատ տարիներ յետոյ Յակոբ Անասեան աւելի քան քսան տարի հայագիտական, պատմական յօդուածներ տպագրած է «Էջմիածին» հանդէսին մէջ։ Հայաստան վերադառնալէ ետք շարունակուած է նաեւ իր կապը Յակոբ Սիրունիի հետ, որ Հայաստան այցելելով, քանիցս հիւրընկալուած է Անասեաններու տունը։
Անասեանի կ՚արտօնուի Հայաստան վերադառնալ 1945 թուականին։ Ան կը վերադառնայ իր նախկին աշխատանքին՝ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ որպէս գիտական գրադարանի մատենագիտութեան բաժնի ղեկավար։ 1947 թուականին կը տեղափոխուի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, ուր կը պաշտօնավարէ երկար տարիներ։ Ան ուսումնասիրութիւններ կատարած է նաեւ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ, այցելած է Երուսաղէմ եւ այլ հայագիտական կեդրոններ։
Մինչեւ իր թոշակի անցնիլը՝ 1976 թուականը, ան ակադեմիոյ մէջ ստեղծած է իր գլխաւոր գիտական ժառանգութիւնը։ Սակայն ան միշտ գտնուած է իրաւապահ մարմիններու ուշադրութեան ներքոյ, միշտ կասկածած են իբրեւ լրտես, հարցաքննութիւններու կանչած են եւ ի վերջոյ, Սթալինի մահէն յետոյ, հանգիստ ձգած են։
ԳԻՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Անասեանի վաստակը բազմաբեւեռ է։ Գիտնականը կը տիրապետէր շուրջ տասը լեզուներու եւ հայագիտութեան գետնի վրայ հրատարակած է աւելի քան հարիւր ուսումնասիրութիւն։ Սոյն աշխատասիրութիւնները ընդգրկած են հայոց միջնադարեան պատմութիւնը, ազատագրական շարժումները, եկեղեցական վէճերը, հայ մատենագիտութեան անգնահատելի ժառանգութիւնը։
ԱՆԱՍԵԱՆԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԿՈԹՈՂԸ
«Հայկական մատենագիտութիւն» հատորներն են, որոնք մասնագէտները համարձակօրէն համեմատած են «Նոր Հայկազեան բառարան»ի կամ Աճառեանի «Արմատական բառարան»ի հետ։ Այս աշխատութեան մէջ ան ամփոփած է շուրջ 1500 տարուան ձեռագիր ու տպագիր ժառանգութիւն՝ արժեւորելով զանոնք իբրեւ ազգային մշակոյթի ոսկեգանձեր։
Յատուկ տեղ կը գրաւեն անոր ուսումնասիրութիւնները Վարդան Այգեկցիի գործերուն շուրջ։ Ան բացայայտած է առակագիրէն նոր գործեր, բացած է մինչ այդ մութ մնացած էջեր եւ Այգեկցին ներկայացուցած է իբրեւ ո՛չ միայն առակագիր, այլեւ ազգային ինքնուրոյնութեան պաշտպան, եկեղեցական մեծ մտածող եւ ազգային պայքարի զինուոր։
Անասեանի աշխատութիւնները կը շեշտեն նաեւ հայոց եկեղեցական-դաւանաբանական պատմութեան նուրբ հարցերը։ Իր բոլոր դիտարկումները ան հիմնած է հին աղբիւրներու վրայ, որոնք կը վկայեն անոր գիտական խիզախութեան եւ աղբիւրագիտական ճշգրտութեան մասին։
ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ
1978 թուականին ընտանեկան հանգամանքներով Անասեան հաստատուած է Լոս Անճելըս, անողոք հիւանդութեամբ կը տառապէր. ընտանիքով Ամերիկա գացած են բուժումներու համար։ Այնտեղ մինչեւ իր մահը՝ 1988 թուականը, հայագիտութեան նուիրեալը շարունակած է գիտական գործունէութիւնը։ Դասախօսած է Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, եղած է «Գրիգոր Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի պատուակալ անդամ եւ շարունակած է հրատարակել բազմաթիւ աշխատութիւններ։
1984 թուականին Լա Վեռնի ամերիկահայկական միջազգային քոլէճը զինք պատուած է տոքթորի աստիճանով։
Յակոբ Անասեանի 120-ամեակի առթիւ, թերթելով ժառանգութեան, անցած ճանապարհի մասին էջերը, կը տեսնենք անժխտելի հեղինակութիւն մը, որ կը փայլի թէ՛ իբրեւ աղբիւրագէտ ու մատենագէտ եւ թէ իբրեւ անսպառ աշխատասիրութեան օրինակ։ Անասեանին համար գիտութիւնը ո՛չ թէ մասնագիտութիւն էր, այլ՝ ճակատագիր, նուիրումի ուղի, որ ան անցաւ դժուարութիւններով, լուռ, առանց աւելորդ աղմուկի, բայց՝ արժանապատիւ կերպով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան