ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉՈՒՆԻ ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԱՍԻՆ
Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Արեւելք» թերթը իր ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 1931-ի թիւին խմբագրականին մէջ կը գրէր հետեւեալ դժբախտ տողը. «Նոր սերունդը ցաւալի է ըսել, որ բաւարար ծանօթութիւններ չունի անցեալի մասին. գրեթէ անտեղեակ է, թէ որո՞նց կը պարտի ընծայուած դիւրութիւնները, որո՞ւ շնորհիւ ուսում ու կրթութիւն կը ստանան այսօր»:
Իրականութեան մէջ մեր սփիւռքի պատմութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ անուններ, որոնք հակառակ իրենց կատարած հսկայական գործին՝ տրուած են մոռացութեան. անձեր՝ որոնք իրենց բարիքները բաշխեցին ժողովուրդին, կառուցեցին դպրոցներ, եկեղեցիներ՝ որպէսզի հայ ազգը ապահովէ իր ինքնութեան գոյութիւնը: Սփիւռքի սերունդ մը այդ անձերու շնորհիւ իր հայեցի դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը ստացաւ, սակայն, դժբախտաբար մոռացութեան տուաւ զանոնք. այսպէս.-
Օրինակ վերցնենք Լիբանանը. ցեղասպանութենէն ետք Լիբանանի մէջ կառուցուեցան բազմաթիւ դպրոցներ՝ որոնցմէ մի քանին մինչեւ օրս կը գործէ, սակայն, անոնց բարերարները շնորհակալութեան եւ մեծարանքի արժանանալու փոխարէն մոռացութեան տրուեցան. օրինակի համար՝ այսօր մեզմէ ո՞վ գիտէ, թէ ո՞վ է Նշան Փալանճեանը եւ կամ անոր քոյրերը, որոնց նուիրատուութեամբ կառուցուեցաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը՝ 1948 թուականին։ Լեւոն Շանթ Ամերիկայէն հանգանակութեամբ կը հաւաքէ 127 հազար տոլար, իսկ Փալանճեան քոյրերը կը նուիրեն 20 հազար սթերլին: Համացանցի վրայ փոքր տեղեկութիւն մը անգամ գոյութիւն չունի Նշան Փալանճեան բարերարին մասին: Անշուշտ, Փալանճեանով վերջ չի գտներ. Լիբանանի մէջ դպրոց կառուցած են Պօղոս Գ. Կարմիրեան, Եղիշէ Մանուկեան, Սոֆիա Յակոբեան, Լեւոն Կ. Նազարեան, Փի-թըր եւ Էլիզապէթ Թորոսեան, Դարուհի Յովակիմեան, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան, Աքսոր Գասարճեան, Լեւոն Մկրտիչեան-Սահակեան, Սուրէն Խանամիրեան, Շամլեան-Թաթիկեան ընտանիքը եւ ուրիշներ: Լիբանանի մէջ այսօր ապրող նոր սերունդէն քանի՞ն իսկապէս գիտէ անոնց մասին. վերոյիշեալ դպրոցներուն մեծ մասը կառուցուած է 1920-1930 թուականներուն միջեւ, որովհետեւ յետցեղասպանութեան գաղ-թական ժողովուրդը հայ պահելու համար անհրաժեշտ էր դըպ-րոցի մը գոյութիւնը: Եթէ այսօր ունինք հայկական սփիւռք՝ կը պարտինք վերոյիշեալ մարդոց եւ անոնց նմաններուն, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ իրենց նիւթական նուիրատուութեամբ գաղութները հա-րըստացուցին դպրոցով՝ հաւատալով, որ միայն դպրոցով կարելի է պահել հայու ինքնութիւնը:
Անշուշտ, այս խնդիրը միայն Լիբանանի մէջ չէ. աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ կան նման հերոսներ, որոնց կը պարտինք շատ բան. օրինակի համար՝ աչքի առջեւ ունենանք Թուրքիոյ տարածքին գործող մի քանի վարժարաններ. Արամեան-Ունաճեան ընտանիք, Զենոփ էֆէնտի Մէրամէթճեան, Կիւմիւշեան եւ Գալուստեան ընտանիքներ, Յարութիւն ամիրա Պէզճեան, Սրբուհի Գալֆայեան, Յովհաննէս պէյ Տատեան, Լեւոն Վարդանեան եւ բազմաթիւ այլ անուններ: Այս անձերէն շատեր իրենց անունը անմահացուցած են պատմութեան գիրքին մէջ, սակայն, որպէս երախտագիտութիւն նոր սերունդէն քանի՞ն կը ճանչնայ զանոնք, քանի՞ն իրապէս գիտէ անոնց կեանքը, զոհողութիւնն ու բարիքները՝ ինչ որ տուած են հայ ժողովուրդին:
Այս բոլորը կը կարեւորենք, որովհետեւ վերոյիշեալ անձերն ու անոնց նմանները իրենց սեփական ունեցուածքէն տալով գաղութը ոտքի պահեցին. այսօր ունինք անձնուէր անձերու պակասը, որոնք իրենց ունեցուածքը ի սպաս դնեն հայ գաղութի, հայ ժողովուրդի բարօրութեան, թէեւ միշտ բացառութիւնները յարգելի են։ Ընդհանուր հայկական սփիւռքի դըպ-րոցներուն վիճակը ցաւալի պատկեր մը կը ներկայացնեն. արդէն գրեթէ նոր դպրոցներ չեն կառուցուիր, իսկ եղածները կը փակուին։ Եթէ փորձենք համեմատել վաճառականութեան հետ, ապա այդ մէկը տեղքայլ կը նշանակէ. ընկերութիւն մը նոր մասնաճիւղեր բանալու տեղ հիները երբ փակէ՝ կը նշանակէ նահանջի մէջ է. գուցէ նման անձերու պակասը պայմանաւորուած է վերոյիշեալ անձերու մոռացութեամբ, որովհետեւ հինին յիշատակը կենդանի պահելով է, որ նորերը ի յայտ կու գան. մենք ազգովին մեր արժէքները գնահատելու եւ մեծարելու ախտէն կը տառապինք:
Անշուշտ, պէտք է ընդգծել, որ վերոյիշեալ անունները այդ դպրոցները չե՛ն կառուցած, որպէսզի իրենց անունը անմահանայ. անոնք նպատակ ունեցած են հայ ինքնութեան պահպանումը, սակայն, հայ ժողովուրդը առ ի երախտագիտութիւն դպրոցը մկրտած է անոնց անունով: Յիշելը լաւ աշխատելու սկզբնաղբիւրն է. մենք պէտք է յիշենք այդ մեծերը, որպէսզի անոնց օրինակը որպէս տիպար ծառայէ նոր սերունդին. որպէս տիպար ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք այսօր ունին հարստութիւն՝ սակայն, ազգը անոնց հա-րըստութենէն բաժին չունի: Այսօր մեր հարուստներուն թիւը շատ աւելի է՝ քան 1920-1930 թուականներուն. սակայն, ինչպէս միշտ, քանակը չէ կարեւորը, այլ որակն է. անոնք քիչ էին՝ ստեղծեցին դպրոցներ. այսօր շատ են՝ կը փակեն դպրոցներ:
Առ այդ, նման նիւթերու պարագային մի՛շտ ակամայ կը յիշեմ Գամառ Քաթիպայի խօսքը. «Թէ որ քո փողից հայ ազգին օգուտ չի կայ, թքել եմ քո՛ էլ, փողիդ էլ վրայ...»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Երբ ազգ մը դպրոցներ կառուցելու փոխարէն եղածները փակէ, ի՞նչ կը նշանակէ:
Պատասխան. Երբ ազգ մը դպրոցներ կառուցելու փոխարէն եղածները փակէ, կը նշանակէ վստահութիւն չունի իր ապագային հանդէպ: Դպրոցը ո՛չ միայն գիտելիքի, այլեւ ինքնութեան ու շարունակականութեան կեդրոն է. անոր փակումը կը խորհրդանշէ գիտակցուած կամ անգիտակցուած ձեւով ապագայ սերունդներու կրթութեան, մտածողութեան եւ ազգային արժէքներու փոխանցման սահմանափակում: Այդ մէկը կը նշանակէ, որ կարճաժամկէտ շահերը գերադասուած են երկարաժամկէտ շահերէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան