ԵՐԲ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՐՈՍԷՆ ԱՌԱՋ ԿԸ ՄԵՌՆԻ
Շատեր քննադատութեան ճշմարիտ իմաստը չհասկնալով՝ անիմաստ կը նկատեն քննադատութիւնը՝ այդ մէկը շփոթելով ատելութեան կամ հակակրանքի հետ։ Ըստ երեւոյթին, տակաւին դար մը կ՚ուզենք լաւապէս հասկնալու համար, թէ քննադատութիւնը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ համար կը քննադատեն: Քննադատութեան ինչութիւնը շատ աւելի պարզ ու յստակ դարձնելու համար կ՚ուզենք որպէս նիւթ վերցնել մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 1 սեպտեմբեր 1926-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած «Խարտոց» շաբաթաթերթի Ա. տարի, թիւ 1-ի երկրորդ էջին մէջ հրատարակուած այս կարճ տողերը՝ որ կը կրէ «Պատմական նօթ» խորագիրը։
«Ո՛չ փող զարկին, ո՛չ ալ մօսին պարպեցին: Յատարարութիւններէ յետոյ, երբ այրերը, կիներն ու նորածիններ հաւաքուեցան Մէօտօնի անտառը, արշաւախումբը սկսաւ դանդաղօրէն քալել դէպի Շավիլի գերեզմանը, ուր՝ սեւ խաչի մը տակ կը պառկի Խանասորի հերոսը: Ո՛չ ոք, նոյն իսկ բանախօսը չէր գիտեր, թէ քանիերորդ տարեդարձն էր, որ կը տօնուէր։ Բայց երբ տեսնուեցաւ, թէ նշանակուած հռետորները չէին բարեհաճած ներկայանալու, մէկը խօսք առաւ: Իր միտքը 50 տարուան հնութիւն ունէր, անոր համար շատերուն մութ մնաց. բայց կ՚երեւի, լաւ խօսեցաւ, որ կին մը կու լար, ուրիշ մը լալ կը փորձէր եւ մէկ մը... միւսին կսմիթ կու տար: Առաջին խօսքին լրանալէն վերջ փնտռուեցան ուրիշ հռետորներ ալ, մէկուն աչք ըրին, միւսին նշան, որ խօսին...: Բայց բոլոր հետեւանքը՝ հինգ վայրկեանի ակամայ լռութիւն... բանախօս չի գտնուելուն համար: Գարեջուրի աճուրդով մը վերջացաւ այս տօնը: «Յայտնի էր» ըսաւ մէկը քովէս. այսպէս կ՚ըլլայ երբ աւանդութիւնը հերոսէն առաջ կը մեռնի...: Այս եղաւ արշաւի փիլիսոփայութիւնը»:
Իրականութեան մէջ, այս կարճ գրութեան մէջ կայ խոր քննադատութիւն մը. մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնք կրնան վնասել մեր ինքնութիւնը, մեր արժէքներն ու հայրենասիրութիւնը: Եթէ օրին այս քննադատական կոչը իր նպատակին ծառայած ըլլար, այսօր հայ ժողովուրդին պատկերը կրնար ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ: Աւելի լաւ հասկնալու համար վերլուծենք վերոնշեալ քննադատութիւնը.
Քննադատը կը ներկայացնէ, որ խումբ մը հայեր կ՚երթան Խանասորի հերոսին գերեզմանը այցելելու՝ անոր մասին նուազագոյն տեղեկութիւնն անգամ չունենալով: Իրականութեան մէջ քննադատը պէտք է հպարտ ըլլար ու շնորհակալ, որ խումբ մը հայեր կ՚երթան հերոսի գերեզմանը՝ առանց բան մը գիտնալու, որովհետեւ այսօր առանց գիտնալու գացողներու պակասն անգամ ունինք: Քննադատը իր այս տողերով ըսել կ՚ուզէ, որ նոր սերունդին մօտ կամաց կամաց ազգային արժէքներու անկում կը նկատուի. այս տողերը գրուած ժամանակ Խանասորի արշաւանքէն անցած էր մօտաւորապէս երեսուն տարիներ եւ արդէն իսկ մարդիկ սկսած էին մոռնալ այն հերոսները՝ որոնք պայքարեցան հայրենիքի համար: Քննադատը իր այս տողերով կ՚ուզէր ուշադրութիւն դարձնել այն իրողութեան, որ հերոսները սրբազան արժէքներ ըլլալով պէտք չէ՛ տրուին մոռացութեան: Այդ մոռացութեան հետեւանքը կարելի է գտնել նաեւ այսօր. փողոց դուրս գալով հարց տուէ՛ք Խանասորի արշաւանքին մասին. հարցուցէ՛ք, թէ ո՞վ է Յարութիւն Շահրիկեանը, ո՞վ է Սարգիս Մեհրապեանը (ծանօթ Խանասորի Վարդան անունով). հարցուցէ՛ք, թէ ո՞վ է Յովսէփ Արղութեանը եւ այսպէս բազմաթիւ անուններ: Հարցուցէք, թէ ո՞վ է Կարօ Զօրեան՝ որ Խանասորի արշաւանքի 25 զոհերէն մէկն է:
Ցաւ ի սիրտ, մեր ժողովուրդը իր պատմութեան մասին շա՜տ քիչ բան գիտէ. բոլորը գիտեն 1915 թուականն ու ցեղասպանութիւնը, սակայն, փորձեցէք մի քանի մանրամասնութիւններ հարցնել. պիտի տեսնէք, որ անոնք լոկ վերնագիրներ գիտեն: Նոյնիսկ երիտասարդներ՝ որոնք այս կամ այն կուսակցութեան շարքերուն կը ծառայեն՝ չեն գիտեր պատմութիւնը եւ կամ գաղափարախօսութիւնը: Այս մէկը լուրջ մտահոգութիւն էին անցեալին եւ կը շարունակեն լուրջ մտահոգութիւն ըլլալ, որովհետեւ երբ երիտասարդը չի՛ գիտեր պատմութիւնը՝ չի կրնար գիտնալ անոնց սրբազան արժէքը:
Միւս կէտը, որ քննադատը կ՚ուզէ շօշափել «ղեկավար» ու «պատասխանատու» մարդոց անտարբերութիւնն է. անձերը, որոնք կազմակերպած են արշաւը՝ ո՛չ Խանասորին եւ ո՛չ ալ անոր հերոսին մասին բան մը գիտեն. այս մէկը հայելին է այն դժբախտութեան, որ այսօր մեր ղեկավարութեան գլուխը չեն գտնուիր: Մեր գաղութներու մէջ յաճախ կրթական ծրագիրին գլուխը կը գտնուին անձեր՝ որոնք ո՛չ կրթութենէն եւ ո՛չ ալ գիտութենէն տեղեկութիւն ունին. եկեղեցիներու ատենապետութեան գլուխը կը գտնուին անձեր՝ որոնք Աստուածաշունչը երբեւէ բացած եւ կամ աչքէ անգամ անցուցած չեն: Քննադատը կ՚ըսէ «բանախօս չի գտնուելուն պատճառով», որովհետեւ մեր պատմութեան, մեր արշաւանքներուն եւ մեր արժէքներուն մասին տեղեկութիւն ունեցողներուն թիւը կը պակսի:
Կը կարծենք, որ «Գարեջուրի աճուրդ»ը փոխաբերական ըլլալու է. այս տողով քննադատը ըսել կ՚ուզէ, որ մեր գաղութներու մեծաւորները հայրենասիրական ու սրբազան արժէքներով հետաքրքրուելու փոխարէն իրենց առօրեան կ՚անցընեն կեր ու խումով եւ անիմաստ ժամանցներով: Իրականութեան մէջ ներկայի վիճակը եւս տարբեր չէ. աչքէ անցուցէք Եւրոպայի եւ կամ Ամերիկայի միութենական կեանքը. «party»ներէ, պարահանդէսներէ բացի այլ աշխատանք պիտի չկարենաք տեսնել՝ անշուշտ, եթէ այդ բոլորը աշխատանք կարելի է անուանել:
Այս բոլոր գրութեան մէջ յատկանշական է վերջին տողը. «երբ աւանդութիւնը հերոսէն առաջ կը մեռնի...». մեր հերոսները պատերազմի դաշտին վրայ նահատակուեցան՝ որպէսզի մենք ապրինք. սակայն մենք ապրելով մեռցուցինք անոնց յիշատակը եւ մոռացութեան տուինք ամենէն սրբազանն ու ազգայինը. աւանդութիւնները կը մեռնին, տակաւ առ տակաւ մեռցնելով մեր ինքնութիւնը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ նոր սերունդը ազգային արժէքները չի ճանչնայ:
Պատասխան. Երբ նոր սերունդը իր ազգային արժէքները չի ճանչնար, ազգայնութիւնը կը տկարանայ, պատմական եւ մշակութային ինքնութիւնը կը խեղաթիւրուի եւ հասարակութիւնը իր արմատներուն կապը կորսնցուցած կ՚ազդուի արտաքին մշակոյթներէն: Երբ նոր սերունդը իր արժէքները չճանչնայ՝ ազգային միասնականութիւնը կը վտանգուի եւ ժառանգութեան շարունակութիւնը կը դառնայ անկայուն եւ անպաշտպան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան