«ՀԵՐԸԼՏ ՖՐԱՅԻ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ»

Ռէյչըլ Ճոյսի «Հերըլտ Ֆրայի անսպասելի ուխտագնացութիւնը» վէպը, առաջին հայեացքով պարզ ու սրտառուչ պատմութիւն մըն է, ապա՝ խորքով լեցուն հոգեւոր ու մարդկային փնտռտուք մըն է եւ կ՚արտացոլէ 65 տարեկան Հերըլտ Ֆրայի զարթօնքը, զոր կ՚ապրի ժամանակի ծանրութեան տակ։ Գիրքը թարգմանուած է երեսունվեց լեզուով եւ 2012-ին Մեծն Բրիտանիոյ նոր գիրքերու վաճառքի լաւագոյնն էր։ 2023 թուականին ալ սոյն վէպի հիման վրայ նկարահանուած է նոյնանուն ժապաւէն մը՝ բեմադրիչ Հեթի Մեքտանըլտի կողմէ։

Գլխաւոր հերոսը՝ 65-ամեայ Հերըլտ Ֆրայ, հանգիստ շրջան մը ապրող, կենսակերպով նստարանին վրայ հանգստացող սովորական թոշակառու մըն է։ Օր մը կը ստանայ տխուր լուր մը։ Իր հին ընկերուհի Քուինի Հենըսին քաղցկեղէ կը տառապի եւ կը գտնուի խտացեալ խնամքի տակ։ Հերըլտ Ֆրայ նամակ մը կը գրէ իր ընկերուհիին, բայց ան կը բողոքէ, որ իր գրած բառերը բաւարար պատասխան չեն, բայց առանց այլ գաղափարի՝ նամակատուն կ՚երթայ նամակը ուղարկելու։ Դժկամութեամբ ան կը շարունակէ քալել դէպի քաղաք, անտեսելով նամակը ուղարկելու քանի մը հնարաւորութիւն, կը յայտնուի խանութի մը մէջ, ուր աշխատող աղջիկ մը կը պատմէ իրեն, որ իր աջակցութիւնը օգնած է մօրաքրոջը պայքարիլ քաղցկեղի դէմ։ Աղջկան խօսքերէն ոգեշնչուելով՝ ան կը հեռաձայնէ հիւանդապահուհիին եւ կը խնդրէ Քուինիին ըսել, որ քալելով պիտի հասնի իրեն՝ շուրջ 700 քիլօմեթր, որպէսզի ան պահպանէ յոյսը ապրելու մինչեւ անոր ժամանումը։ 

Ճանապարհին ան կը հանդիպի զանազան մարդոց, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն անոր ուխտագնացութեան նկատմամբ։ Միեւնոյն ժամանակ իր կինը՝ Մորին բարեկամութիւն կը հաստատէ հարեւան Ռեքսի հետ, որու կինը քանի մը ամիս առաջ մահացած է եւ անոնք կը մխիթարեն զիրար առանձնութեան ժամանակ։ Ժապաւէնի մէջ նաեւ պատմուած է Հերըլտի միակ զաւակի՝ Քէյմպրիճի համալսարանի նախկին շրջանաւարտ Տէյվիտի ինքնասպանութեան մասին՝ թմրանիւթերու եւ ոգելից ըմպելիի լուրջ կախուածութեան մէջ իյնալէ յետոյ։ 

Մարդիկ կ՚ոգեւորուին Հերըլտի առաքելութեամբ։ Երբ լրատուամիջոցները կը լուսաբանեն անոր ուխտագնացութիւնը, ամբոխ մը կու գայ անոր միանալու այս ճանապարհորդութեան։ Անոնք ուտելիք եւ յատուկ մարզաշապիկներ կը նուիրեն Հերըլտին, որ երբեմն կը գնահատէ անոնց ընկերակցութիւնը, բայց այս ճանապարհորդութեան ընթացքին անսպասելի զգացումներ եւ յիշողութիւններ կ՚արթննան։ Ի վերջոյ միջոց մը վերջ Հերըլտ կը ստիպուի դարձեալ առանձին շարունակել իր ուխտագնացութիւնը։ Այս ճանապարհորդութիւնը, ամէն առումով, կապուած է քայքայման պատմութեան հետ։ Այս ճանապարհորդութեան միջոցով կը բացայայտուին նաեւ Հերըլտի եւ կնոջ միջեւ լարուածութիւնը եւ ճնշուած կեանքի ետին թաքնուած մեղքի զգացումը։ Մինչ Հերըլտ կը շարունակէ լուսաբանուիլ իր ճանապարհին հանդիպածներու շնորհիւ, իսկ ան, իր հերթին, կը ձգտի լուսաւորել անոնց ուղին։

Հերըլտ Ֆրայ քայլեց, բայց ոչ միայն Քուինիի համար… Իրականութեան մէջ ան իր մէջ թաքնուած մարդը դուրս հանելու փորձ մը կը կատարէր. հայր մը, որ չէր կրնար դիմակայել որդւոյն, մարդ մը, որ տարիներ շարունակ չէր լսած կնոջ դժգոհութիւնը... եւ նամակ։

Ժապաւէնը իրականութեան մէջ շատ լուռ է, բայց այս լռութիւնը միեւնոյն ժամանակ աղմկոտ է։ Որովհետեւ ամենալուռ վայրը անցեալն է։

Շունը գրկելու տեսարանը հօր մը հպումն էր, որ չէր կրցած գրկել իր երեխան։ Շունը վերջաւորութեան կը հեռանայ եւ Հերըլտ պարզապէս կը նայի անոր ետեւէն։ Հաւանաբար, ան նոյնը ըրած էր իր որդւոյն։ Ահա՛, թէ ո՞ւր ժապաւէնը կը հասնի իր նպատակին։ Որովհետեւ մենք բոլորս կ՚ափսոսանք, որ չենք կրցած գրկել մէկը։ Բայց երբեմն արդէն շատ ուշ կ՚ըլլայ։

Մորին, Հերըլտի այս «ուխտագնացութեան» առաջին պահերուն կը վիրաւորուի, կը զայրանայ ու մերժուած կը զգայ։ Բայց ան վերջապէս կ՚որոշէ Հերըլտը գտնել։ Հերըլտ կը հասնի Քուինիին, բայց կը տեսնէ, թէ անոր վերջին վիճակը վատ է։ Ան լուռ է, գուցէ արդէն մահուան սահմաններուն։ Հերըլտ իր կողքին կը թողէ նուէրներ եւ դուրս կու գայ հիւանդանոցէն։ Մորին վերջապէս կը մօտենայ իրեն… Բառեր չեն արտասանուիր։ Միայն կայ «ես քեզ կը հասկնամ» զգացումը։ Անոնք այլեւս անցած են այն անցեալէն, որու մասին միասին լռած են եւ այլեւս կը սկսին լսել զիրար։

Սա մարդու մը պատմութիւնն է, որ կը քալէ ներողութիւն խնդրելու եւ ներելու միջեւ։ Այս պատմութիւնը, առաջին հայեացքով տարօրինակ կրնայ թուիլ, բայց հետզհետէ կը դառնայ խորքային ճանապարհ՝ մարդկութեան, անցեալի հետ հաշուետուութեան, հաւատքի, յոյսի եւ վերածնունդի մասին։ 

«Հերըլտ Ֆրայի անսպասելի ուխտագնացութիւնը» բոլորէն առաջ մարդկային պատմութիւն մըն է, երկու հոգիի վերածնունդն է. որքան Հերըլտի, նոյնքան ալ Մորինի: Հերըլտի ուխտագնացութեամբ քայլ մը կ՚առնուի դէպի մխիթարութիւն, ներում եւ անցեալի հետ հաշուետուութիւն։ Ասոնք տեղի կ՚ունենան մարդու մը անհաւատութեան մէջ յայտնուած հաւատով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 18, 2025