ՔԱՂԱՔԸ ՋՈՒՐ ԿԸ ՏԵՆՉԱՅ

Երեւանը կը շնչէ ծանր եւ տաք շունչով։ Զբօսաշրջիկներուն համար այդքան սիրուած Երեւանը աննախադէպ տաք ու չոր օրեր կը դիմագրաւէ՝ իր բոլոր հետեւանքներով։ 

Օգոստոսը, որ միշտ ալ բերնէ բերան արեւի լոյսով ու շիկացած օդով կու գայ, այս տարի կարծես աւելի ծանր եւ աւելի անողոք դարձած է․ «Այսպիսի տաք չենք տեսած», կ՚ըսեն աւելի տարիքոտները։ Եւ իրաւ, բարձր ջերմաստիճաններ արձանագրուեցան օգոստոսի սկիզբին։ 

Ոմանք քաղաքէն փախան աւելիւ զով տեղեր, բայց, Երեւանը տակաւին լեցուն է մարդոցմով, զբօսաշրջիկներով, որոնք քաղաքը կ՚ուզեն վայելել, բայց կ՚ուզեն նաեւ, որ քաղաքը ըլլայ թարմ եւ խոնաւ։ 

Արեւի ճառագայթները առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը շիկացնեն քաղաքի ճեմուղիները, իսկ օդին մէջ անշարժ կախուած է փոշիի հաստ շերտ մը։

Քաղաքի այգիները՝ օդ ծծելու միակ տեղերը, կարծես լռելեայն ջուր կը մուրան։ Ծառերուն տերեւները, որոնք ամիսներ առաջ թարմ ու խիտ կանաչով կը փայլէին արեւին տակ, հիմա յոգնած կախուած են ճիւղերէն, դեղնաւուն եզրերով՝ փոշիի մանրաթելերով։

Հողի երեսը ճաքած է, աւազի պէս դէս ու դէն կը նետուի ամէն քայլքի տակ։ Երեւանը կը սպասէ մէկ բանի՝ առատ ջուրի։

ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Քանի մը շաբաթ առաջ, Վարդավառի պայծառ օրը, քաղաքը ուրիշ շունչով մը կը շնչէր։ Ջուր ցանող հսկայ մեքենաներ, քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, դուրս եկան փողոցներ՝ թարմացնելու եւ զովացնելու ծառերը, փողոցները, ի վերջոյ՝ մարդիկը։ 

Այդ օրը փողոցներու եզերքը սուրացող ջուրի շիթերը կը բախուէին տաք սալայատակին եւ վեր բարձրանալով կը կապէին մառախուղի նմանող բարակ շերտ մը, որուն մէջ օդը կը դառնար շնչելի, թարմ։ Երեխաները ծիծաղելով կը վազէին, անցորդները կանգնելով կը դիտէին այդ պարզ, բայց երջանիկ տեսարանը, ոմանք կը նետուէին ջուրերուն տակ։

Այդ օրուն, մեր քաղաքը կարծես կը մտնէր մաքրման եւ կենարար լոյսի ծէսի մէջ։ Ջուրը կը սահէր այգիներու խոտին վրայ, կը թրջէր բոյսերու արմատները, արձաններու եւ մայթերու վրայէն կը մաքրէր ամիսներու փոշին։ Բայց հիմա՝ Վարդավառէն քիչ անցած այս կարճ ժամանակին, այդ յիշողութիւնը կը մնայ միայն որպէս հաճելի պատկեր։ 

Քաղաքը դարձեալ չորցած է եւ օդը, որ Վարդավառին ծովափի թարմութիւն կը յուշէր, դարձած է տաք, մղձաւանջային շունչ մը, որ կը վանէ։ 

ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՅԳԻՆԵՐԸ՝ ՋՈՒՐԻ ԿԱՐՕՏ

Երեւանի այգիները միայն կանաչ զարդարանք չեն։ Անոնք քաղաքին թոքերն են, որոնք առանց ջուրի կը տկարանան։ Մասնաւորապէս այս օրերուն, երբ շոգը կը հասնի իր գագաթնակէտին, ծառերը մեր ամենէն հաւատարիմ պաշտպաններն են արեւի ճառագայթներէն։ Բայց նոյն այս ծառերը այսօր կը պայքարին գոյատեւման համար։

Դաւիթաշէն թաղամասի հսկայական այգին մեր աչքին առջեւ չորցած է այս ամառ։ Քաղաքի սիրտին մէջ՝ Օղակաձեւ զբօսայգիի ծառերուն ստուերը սակաւացած է, իսկ խոտածածկ մակերեսները՝ տեղ-տեղ դեղնած։ Այգիները ջուրի կարօտ են։

Հողը այնքան չոր է, որ նոյնիսկ շուները, որոնք միշտ կը վազեն խոտին վրայ, այսօր նստած ծոյլ կը քնանան՝ զով աղբիւր մը գտնելու երազով։ Իսկ մարդը, որ սովոր է այս այգիներուն մէջ ստուեր գտնելու, կը զղջայ այգի մտնելուն։ Ծառերը, որոնք տարիներ շարունակ մեր քաղաքի զանազան ճնշումներու դիմացած են, յաճախ փրկուելով անօրինական հատումներէ, այսօր կանգնած են չորանալու սպառնալիքին առջեւ։

Այս շոգ եւ ցամաք ամառը մտածել կու տայ ո՛չ միայն արագ արձագանգի մասին, այլեւ՝ երկարաժամկէտ ռազմավարութեան, ըստ որու՝ քաղաքը ամառը միշտ խոնաւ եւ թաց կը մնայ։ Այս օրերուն, երբ առատ ջուրը Երեւանի մէջ կարծես դարձած է տենչանք, անհրաժեշտ է, որ քաղաքը տնօրինողները մտածեն ամրան ամիսներուն կազմակերպուած ջրման ու մաքրութեան ծրագրի մասին։ Ջրցան մեքենաները պէտք է յաճախ դուրս գան, ո՛չ միայն տօնական օրերուն երեւնան, այլ պարտադիր ըլլան ամրան ամենէն շոգ ժամանակաշրջանին։

ՓՈՇԻՆ՝ ՔԱՂԱՔԻ ԱՆԵՐԵՒՈՅԹ ՇԵՐՏԸ

Երեւանի փողոցները ամրան միշտ ալ փոշոտ են։ Բայց այս տարի, շոգին եւ անձրեւի բացակայութեան պատճառով, փոշին դարձած է քաղաքի մաշկին վրայ նստած աներեւոյթ շերտ մը։ Ամէն քայլքով, ամէն մեքենայի շարժումով, այդ փոշին կը բարձրանայ օդ, կը մտնէ մարդոց աչքն ու քիթը, կը նստի մազերուն, մաշկին, հագուստներուն․․․

Բոլորը կը տենչան, որ ամէն առտու արթննան եւ տեսնեն քաղաքը ջրուած, լուացուած։ Քաղաքի ամբողջ մակերեսը՝ իր ծառերով, արձաններով, շէնքերու ճակատներով, ջուրի կարօտ է։

ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ՝ ԼՈՒՌ ԱԿԱՆԱՏԵՍՆԵՐ

Երեւանի արձանները, յուշարձանները, գլխաւոր շէնքերու ճակատները նոյնիսկ Վարդավառին չջրուեցան։ Վերջին անգամ մէկ տարի առաջ անոնք աղուոր մը լուացուեցան, թարմացան, բայց այսօր կրկին անխնամ տեսք ունին։ Արձանները ո՛չ միայն յայտնի մարդոց անուններ են, այլ՝ քաղաքի տեսքը, որ պատմութիւն կը փոխանցեն։ Երբ անոնք կը մնան անխնամ, կարծես քաղաքը կը մոռնայ իր պատմութիւնը։ Արձան մը լուալ՝ միայն փոշի մաքրել չէ, այլ՝ յարգանքի նշան։

Անցեալ տարի, երբ քաղաքի մաքրութեան ծառայութիւնները արձանները ջրեցին ու մաքրեցին, մարդիկ կեցան դիտելու, լուսանկարուեցան աղուոր պատկերներուն հետ։ Այդ պարզ տեսարանը պարզ մաքրութիւն չէր միայն․․․

ՋՈՒՐԸ՝ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ

Մարդիկ յաճախ ջուրին կը նային որպէս կենսական աղբիւր։ Բայց քաղաքներու պարագային, ջուրը նաեւ քաղաքավարութեան եւ հոգածութեան խորհրդանիշ է։ Երբ զբօսաշրջիկ մը Երեւան կու գայ ու կը տեսնէ, որ այգիները թարմ են, փողոցները մաքուր, արձանները փայլուն՝ անիկա կը զգայ, որ այս քաղաքին մէջ մարդիկ կը յարգեն իրենց տարածքը եւ զիրենք շրջապատող միջավայրը։

Այդ հոգածութիւնը վարակիչ է։ Մաքուր եւ ջրուած քաղաքը կը ներշնչէ իր քաղաքացիները աւելի հոգատար ըլլալու ո՛չ միայն հանրային, այլ նաեւ անձնական տարածքներու հանդէպ։

Անշուշտ, մենք գիտենք, որ ջուրը պէտք է խնայել։ Բայց խնայել չի նշանակեր զայն չօգտագործել այնտեղ, ուր ան կը դառնայ գոյատեւման գործիք։ Մասնաւորապէս քաղաքային կանաչ տարածքներու եւ հանրային մակերեսներու համար, յարմարեցուած ու ժամանակացոյցով ջրումը կրնայ փրկել ծառեր եւ նուազեցնել փոշին, տհաճութիւնը։

Բացի այդ, համայնքային մասնակցութիւնը կրնայ դեր ունենալ։ Յաճախ տեսած եմ, թէ ինչպէս դրացիներ, իրենց շէնքերուն դիմացի ծառերը դոյլերով կամ խողովակներով կը ջրեն, կամ փոքր այգի մը կը պահեն։ Այդպիսի փոքր քայլերը, եթէ բազմապատկուին, կը դառնան քաղաքային կեանքը փոխող ուժ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՊԱԳԱՅԻ ՋՐԱՅԻՆ ԵՐԱԶԸ

Պահ մը մտածենք, թէ ի՛նչ գեղեցիկ տեսարան կ՚ըլլար, եթէ Երեւանի այգիները ամրան ամէն օր թարմ ջուր ստանան, արձաններն ու շէնքերը ամէն շաբաթ լուացուին, ծառերը վերէն վար ջուր տեսնեն։ Այդ պարագային հով ըլլալուն պէս փոշի չի բարձրանար։ Այդպիսի քաղաքը աւելի գեղեցիկ ըլլալէն առաջ աւելի առողջ կ՚ըլլայ։ Կենսական վերականգնում է քաղաքին համար։ Մարդիկ, որոնք երբ արթննան տեսնեն թարմ ու ջրուած քաղաք մը, կը զգան հոգեկան հանգստութիւն եւ կ՚արժեւորեն իրենց միջավայրը։ 

Վարդավառը մեզի ցոյց տուաւ, որ ջուրը կրնայ փոխել քաղաքին հոգեվիճակը՝ նոյնքան, որքան կը փոխէ ծառի եւ խոտի տեսքը։ 

Այժմ, մեր պարտականութիւնն է այդ օրուան ոգին տարածել ամրան ամբողջ ընթացքին։

Երեւանը ջուրի տենչի մէջ է։ Իսկ մենք, որ կ՚ապրինք եւ կը շնչենք այս քաղաքին մէջ, պարտաւոր ենք լսել այդ լուռ կանչը։ 

Մենք չենք կրնար մեղմացնել արեւին կրակը, բայց կրնանք գոնէ մաքրութեան եւ ջուրի թեթեւ շունչը վերադարձնել մեր այգիներուն, մեր ծառերուն եւ մեր արձաններուն։

ԽՄԵԼՈՒ ՋՈՒՐԸ

Երեւանի մէջ խմելու ջուր կը հոսի ցայտող աղբիւրներէն, բայց տուներու մէջ միշտ առատ ջուր չկայ։ 

Այսօր Երեւանի միայն կանաչ տարածքները չէ, որ ջուրի կարօտ են։ Քաղաքի որոշ թաղամասերուն մէջ, մասնաւորապէս անոնց, որոնք հեռու են կեդրոնական ջրամատակարարման կէտերէն, խմելու ջուրը պարբերաբար կը կտրուի, իսկ կեդրոնական շատ մը թաղամասերու մէջ ալ գիշերը ջուր չ՚ըլլար։ Տնտեսական ու կենցաղային խնդիրներ կը ստեղծուին՝ առանց այդ ալ ջուրի պահանջարկի շատ բարձր մակարդակի պայմաններուն մէջ։ Շատերը ստիպուած են խմելու ջուր հաւաքել կամ գնել, մինչ ոմանք կը հաւատան, որ քաղաքային ջրօգտագործման մօտեցումները պէտք է աւելի արդար եւ արդիւնաւէտ կարգաւորուին։ Այս վիճակը աւելի կը ծանրացնէ քաղաքի տաք եւ փոշոտ ամրան շունչը։

ՆՈՒՊԱՐԱՇԷՆԻ ԱՂԲԱՆՈՑԸ ԾԱՆՐԱՑՈՒՑ ՕԴԸ

Երեւանի ամենամեծ աղբանոցին՝ Նուպարաշէն աղբանոցին մէջ այս օրերուն յառաջացած մեծ արհաւիրքը՝ բռնկած կրակը, եկաւ աւելի տխուր տեսք տալու մեր քաղաքին։ Այս անսպասելի աղէտը, որ պատահեցաւ քանի մը օր առաջ, յաճախակի մոխիրներ, քիմիական միացութիւններ եւ կրակի հոտ տարածեց օդին մէջ։ Քաղաքի ամէն կողմը զգալի էր այդ մէկը։

Երեւանի օդը, որ առանց այդ ալ ծանրացած էր շոգի ու փոշիի պատճառով, այժմ կրակի պատճառաւ դարձած է աւելի աղտոտ եւ վնասակար առողջութեան։ Բազում առողջական խնդիրներ՝ շնչառական, դիւրազգացութեան եւ այլ ծանրաբեռնուածութիւններ նկատուած են յատկապէս տարեցներու եւ խոցելի խումբերուն մօտ։ Շնչառական ուղիներու գրգռումը, ցնցղատապերը շատցած են այս ամիսներուն։ Արդարեւ, ամառնային այդ փոշին մեր առողջութեան լուռ թշնամին է, որուն դէմ պէտք է ամբողջ ուժով պայքարիլ։

Այս երկու գործօնները՝ ջուրի պակասը եւ աղբանոցի հրդեհը, միասին կը ստեղծեն քաղաքային կեանքի համար խիստ վտանգաւոր պայմաններ։ 

ԵՐԵՒԱՆՑԻՆԵՐՆ ՈՒ ՋՈՒՐԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Երեւան քաղաքը հարուստ է մշակոյթով, հին ու նոր մարդկային պատմութիւններով։ Բայց որեւէ քաղաք՝ ըլլայ պատմական կամ նոր, առանց ամենօրեայ ջուրի, առանց այդ կենարար տարրի՝ իր պատմութիւնը կը կորսնցնէ։ Ջուրը եւ ջրամատակարարումը պէտք է դառնան միայն պետական խնդիր։

ՋՈՒՐ ԾԱԽՈՂ ՏՂԱՆ

Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ ջրավաճառ տղայի արձանը Երեւանի այդ պատմութիւններէն մէկն է։ Ժամանակին նոյնպէս քաղաքի մէջ ջուրի խնդիր եղած է, իբր այդ պզտիկ ու երիտասարդ տղաներ թասերով ջուր վաճառած են։ 

Արձանը կը պատկերէ երիտասարդ մը, որ ձեռքին ջուրով լի տարայ մը ունի, պատրաստ է առաջարկել շոգին մէջ տառապող անցորդին։ Տղայի երեսին վրայ հոգածութիւն, ջերմութիւն, նաեւ աշխատելու տենչը արտացոլուած՝ դրամ վաստակել, բայց նաեւ՝ կեանքի հեւքին մէջ մարդոց աջակցիլ։

Անիկա յիշեցում մըն է, որ ջուրը ո՛չ միայն բնական պաշար մըն է, այլեւ՝ մարդկային հոգածութեան եւ կապերու խորհրդանիշ։

ՋՈՒՐԻ ՄԱՍԻՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐ

- Մաքուր ջուրը մաքուր աղբիւրէ կը բխի։

- Ջուրը միշտ ներքեւ կը հոսի։

- Աշնան գինին, գարնան՝ ջուրը:

- Ջուրին օգուտն ալ շատ է, վնասն ալ:

- Վազող ջուրը աղտ չի բռներ:

- Անձրեւ օրը հաւերուն ջուր տուողը շատ է:

- Անջուր ջաղաց, անկրակ բաղարջ:

- Ջուրը կ՚երթայ, աւազը կը մնայ:

- Ջուրը ճամբան կը գտնէ։

- Քոսոտ այծը աղբիւրի ակէն ջուր կը խմէ։

- Ջուրէն ու քարէն չվախցողը՝ Աստուծմէ ալ չի վախնար:

- Ջուրը մտածը անձրեւէն չի վախնար։

- Ջուրին մէջ խեղդուողը ձեռքը օձին ալ կը նետէ։

- Ձեռքով ջուր բերելով ջրաղաց չես կրնար բանեցներ։ 

- Ջուր խմողին օձն ալ չի խայթեր։

- Ջուրի բերածը ջուրը կը տանի, հարամի բերածը՝ հալալը։

- Մինչեւ ցամաք առուն ջուր գայ, գորտի աչքն ալ դուրս կու գայ։

- Ամէն հոսող ջուր չի խմուիր։

- Աղմկոտ ջուրէն մի՛ վախնար, հանդարտ ջուրէն վախցիր։

- Թափուած ջուրը չի հաւաքուիր։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 2025