ԴԷՊԻ ՆԵՐՍ (Ա.)
Չեմ գիտեր, բարեբախտաբա՞ր, թէ՞ դժբախտաբար, ամրան, միա՛յն ամրան ոչ շատ երկար ամիսներուն ընթացքին կրնամ վայելել դանդաղ առաւօտները։
Դանդաղ առաւօտ, այսինքն՝ դանդաղօրէն, շա՜տ դանդաղօրէն խմուող սուրճ մը, օրինակ...
Բաւական սուղ հաճոյք։
Չափազանցութիւն չէ՛։ Գիտցողը գիտէ արթննալուն ու վազելուն եւ արթննալուն ու չվազելուն տարբերութիւնը։
Իմ պարագային, տան մէջ երկու դպրոցական ըլլալնուս համար, խնդիրը, բնականաբար, աւելի կը բարդանայ։ Արթննալուն կից կը հնչէ արթնցնել, պատրաստել, պատրաստուիլ, հասցնել, հասնիլ եւ... եւ շարքը դպրոցին մէջ կը շարունակուի, մէկը՝ զաւակը կը վերածուի դասարանի եւ բայերը կը փոխուին՝ լսել, խօսիլ, կարդալ, նո՛րէն կարդալ, ուրի՛շ ձեւով կարդալ, կարդալ տալ, գրել, ջնջել, նորէն գրել, ուրիշ գոյնով գրել, մեծ գրել, մէջտեղը գրել, յստակ գրել, թելադրել, ուղղել... զանգին ձայնը լսել, լուռ տեղ մը փնտռել, քանի մը վայրկեան բան մը չընել, լռել։
Թերեւս կը զարմանաք, թերեւս կը ծիծաղիք, բայց այնքա՜ն անհրաժեշտ են բան մը չընելու այդ վայրկեանները. վիճակէ վիճակ կը փոխադրեն անոնք զիս։ Քանի մը վայրկեանի մէջ կրնամ ետ մա՛յր վերադառնալ, ամուսինին հարցումին պատասխանող կին կըր-նամ ըլլալ, ա՛յլ ուսուցիչի հետ զրուցող ուսուցիչ կրնամ ըլլալ, մազերու գոյն ու ձեւին վերաբերող կանացի զրոյցի մէջ կրնամ մտնել, զբօսանքի կրնամ ելլել, դպրոցին բակը բանտարկեալներուն պէս՝ աջ-ձախ կրնամ չափչփել, տղուս՝ կէսօրէ վերջ սորվելիք դասին մասին կրնամ մը-տածել, կրնամ սո՜ւրճ մը խմել, թերե՜ւս կրնամ ոգեւորուիլ ու գրել, տեղ մը կեցած յօդուած մը շարունակել, դժուար է, բայց՝ կրնամ սկսիլ, կրնամ դժուարանալ՝ էջը գոցել, կրնամ թուղթեր սրբագրել, պարտականութիւններ դնել, լուրեր կարդալ, հաւանաբար՝ կէս ձգել, դպրոցի փոքրիկ պարտէզին վարդերը հոտոտալ, սրճեփին հետ զրուցել... պահերուն ու զանգերուն մէջ աս բոլորը բնականաբար կը հերթափոխուին ու կը տեղաւորուին մինչեւ տուն՝ աւելցող հարցումներուն եւ ընելիքներուն դաշտավայրը...
Դժգոհութիւն չէ՛ աս, քաւ լիցի։
Աս բոլորը (եւ աւելի՛ն) ընելու նախ՝ կարողութիւնը, յետոյ՝ առիթը ունենալու Աստուածընծայ անգին պարգեւ մը ըլլալը խորապէս կը գիտակցիմ, հեւքս կը տեսնեմ, կտրտուած շունչերս կը լսեմ, զանոնք կը զօդեմ, զարմանալի ձուլուածք մը կը շօշափեմ, թէկուզ՝ ոչ փայլուն արդիւնքներով կը գոհանամ, յաճախ հեռուէն՝ ծով ու ովկիանոսին միւս կողմէն, երբեմն ալ՝ մօտէն, մէկ-մէկ հնչած անկեղծ արտայայտուած սէրը կը զգամ, անխուսափելի բողոքս կը լռեցնեմ, երախտիքս կը սնեմ, շնորհակալիքս կը կշռեմ, կը բազմապատկեմ ու Աստուծոյ կը յայտնեմ, կը զօրանամ՝ ընելիքներս կ՚աւելցնեմ, երբեմն ալ կը պակսեցնեմ, բայց կը շարունակեմ. սովորականօրէն, նոյնութեամբ դարձող ու ընթացող կեանքս կը սիրեմ, բայց...
Այս բոլորը ըրած պահուս, ճի՛շդ է, մէջինովս կ՚առաջնորդուիմ, բայց հեւքին մէջ դէպի ներս աչք մը նետելու ժամանակ ու առիթ չե՛մ ունենար եւ հաւանաբար այս պատճառով է, որ ամրան դանդա՜ղ առաւօտները գանձ պարունակող սնտուկի մը պէս կը բանամ...
Կրնայ զարմանալի հնչել դէպի ներս նայիլը, բայց այլ ձեւ չունիմ արտայայտութեան, քանի որ տալու, ուրիշին տալու, անընդհատ բան մը ընելու, աշխատելու, արարելու այս գործընթացին մէջ նայելու կարիք զգացած տեղս, առաւելաբար այս օրերուն, շատ յաճախ դուրսը չի կրնար ըլլալ։
Զիս յոգնեցնող ամիսներո՜ւ դուրսերէն վերջ, խխունջի մը պէս ներս մտնելու կարիքը կը զգամ ես։
Հարեւանցի չնայիք այս մուտքին։ Մեծամտութիւն չի համարուիր յուսամ, բայց ոեւէ մէկուն մտնելիք տեղը չէ՝ ի՛ր ներսը...
Խորունկ է հոնտեղը, յուշեր կան, հի՜ն դարակներ կան, սեւ ու սպիտակ նկարներ, անոնց ետեւը գրուած տողեր կան ու կան...
Աս բոլորին զուգահեռ՝ երաժշտութիւն կայ, մէջս հնչող, բայց հեւքին մէջ չլսուող հին, նոր հայկական, ո՛չ հայկական, տարբեր-տարբեր աշխարհներու հակասական տրամադրութիւններ, լեզուի եւ պատկանելիութեան շղթաներէն ամբողջովին դուրս խօսք ու մեղեդիներ...
Օ՜... դանդաղ առաւօտ մը, սուրճը, ոչ թէ խմած, այլ՝ պատրաստած պահուս ա՛լ երաժշտութիւն կրնամ վայելել։
Ընդգծելը անհրաժեշտ է. երգ թէ՛ երաժշտութիւն միացնելը, մեքենայաբար հնչեցնելն ու լսելը բա՛ն մըն է, ունկնդրելը՝ այլ, լրի՛ւ այլ բան է։
Առաջինը ձայն է, երկրորդը՝ վայելք. ետդարձի լուսաւոր ճամբայ։
Բայց դանդաղ առաւօտներս շէնցնողները երաժշտութիւնն ու բոլոր այդ վերինները չեն միայն.
Դէպի «Սեւան» տանող ճամբայ մը ե՛ւս ունիմ ես…
•շարունակելի…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ