ՆԱԽ­ԿԻՆ­ՆԵ­ՐԸ (Ա.)

 1963 թուականի գարնան, Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ըստ որուն՝  մարտ-ապրիլ ամիսներուն, հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ յանցագործութիւններու եւ անկարգութիւններու քանակը զգալիօրէն պակսած էր։ 

Պատճա՞ռը։ 

Ենթադրելի չէ՛։ Մի՛ փորձէք։ 

Նոյն շրջանին, Մոսկուայի էսդրատային թատրոնին մէջ, ճատրակի աշխարհի ախոյեան՝ 52-ամեայ Միխայիլ Պոթվիննիքը, 34-ամեայ Տիգրան Պետրոսեանին դիմաց  պայքարելով կը փորձէր աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը պաշտպանել:

Շատերը կը հաւատային Պոթվիննիքի յաջողութեան, ինչ խօսք՝ աշխարհի ախոյեանն էր ան, ճիշդ է, բայց ոչ ոք գիտէր, որ Պոթվիննիքը ոչ թէ մէկ հայու, այլ՝ իսկութեան մէջ ամբո՛ղջ հայութեան դիմաց կը խաղար։

Չափազանցութիւն չէ՛։ Համայն հայութիւնը՝ կին, տղամարդ, երիտասարդ, տարեց, նոյնիսկ անոնք, որոնք ոչինչ կը հասկնային ճատրակէն կը հետեւէին ախոյեանութեան թեկնածու՝ Տիգրան Պետրոսեանին։ 

Նորութի՞ւն էր կամ դեռեւս է այս մօտեցումը արդեօք մեզի՝ հայերուս համար։ Երբե՛ք։ Երկրորդական, երրորդական խնդիր մըն է տուեալ խաղը, մրցոյթը, անոր մանրամասնութիւնները՝ օրէնքները, մրցակիցներուն տարբերութիւնը, անոնց ունակութիւնները, դիրքերը գիտնալու ան-հըրաժեշտութիւնը։ Եկէք ընդունինք, երեւի անհրաժեշտ ալ չեն աս բոլորը մեզի համար։ Մրցողը մերը չէ՞, մեր հայը չէ՞, մեր տղան չէ՞... վե՛րջ։ Դեռ մտածելու բան կա՞յ։ 

Հիմա, ա՛յլ խնդիր, որ մերը որպէս իմաստ եւ ընկալում կրնայ փոխուիլ եւ կը փոխուի ժամանակէ ժամանակ, տեղէ տեղ, մրցոյթէ մրցոյթ, բայց, անհերքելի է, միշտ ալ եղած են հրաշալի պահեր, երբ մեզ բաժնող, դասող, խմբաւորող, իրարու կռնակ դարձնելու հասցնող բոլոր տարբերութիւններն ու կողմնակցութիւնները կամովին վերացած ու բառին բուն իմաստով վերածուած ենք «մենք» ու «մեր»ի... 

Ահա՛ այսպիսի պահ մըն էր ասիկա։ 

«Մերինին» հետեւելու ու զայն քաջալերելու համար մանրամասնութիւնները կարեւոր չեն, ճիշդ է, բայց պատմութեան մէջ յիշարժան են. պէտք է արձանագրուին։ 

Համահայկական այս մե՜ծ խանդավառութիւնը  մարեցաւ, երբ խաղի առաջին բաժնին Տիգրան Պետրոսեանը պար-տըւեցաւ։ Այս պարտութեան՝ աւելի ուշ տրուած անկեղծ ու իրատես խոստովանութիւն մը ունի ան. «Իմ առջեւ խնդիր մը դրած էի՝ ամէն գնով առաջին օրը չպարտուիլ, բայց յստակ էր, որ ես դեռ չէի հասկցած, թէ ինչ կը նշանակէ «աշխարհի ախոյեան» կոչումին համար պայքարիլ: Անսովոր մթնոլորտն ու յուզմունքս անհետեւանք չմնացին. մթագնած գլուխով կը խաղայի ես»։ 

Առաջին յաղթանակով գինովցած Պոթվիննիքը շա՜տ ոգեւոր-ւած էր, բայց խաղի լարուած մթնոլորտին աստիճանաբար յարմարած Պետրոսեանն արդէն պատրաստ էր...

Խաղի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ բաժիններուն ոչ ոք յաղթեց։ Վճռական բաժինը հինգերորդը եղաւ, երբ Պետրոսեանը խաղին նախաձեռնութիւնը ամբողջովին ձեռք բերելով իր մրցակիցին առիթ մը չտուաւ եւ պատմական այդ խաղը 12.5 ։ 9.5 հաշիւով յաղթած Տիգրան Պետրոսեանը աշխարհի 9-րդ ճատրակի ախոյեան հռչակուեցաւ։ 

Հոն էր հայ ժողովուրդը։ 

Շատեր արձակուրդ առնելով մեկնած էին  Մոսկուա, որպէսզի մօտիկէն հետեւին Պետրոսեանի ելոյթին. աւելին, Երեւանէն Մոսկուա թռչող օդանաւները, հայկական ճաշատեսակներ ու պտուղներ կը հասցնէին  անոր...

Զարմանալո՞ւ է։ Երբե՛ք։

Ի՞նչը կրնար սնել ու զօրացնել յանուն հայութեան յաղթանակին մրցող մեր մարտիկը, եթէ ոչ՝ հայկական ուտեստեղէնը։ 

Պետրոսեանը սնողն ու զօրացնողը հայկականն էր, ճիշդ է, բայց ոչ՝ ուտեստեղէնը։ Ան արդէն քաջ կը գիտակցէր, որ իր խաղաքարերը, համեստ զինուորները, նենգ ձիերը,  հեռահար փիղերն ու ամենազօր թագուհիները միայն իրը չեն, այլ՝ ամբողջ Հայ ժողովուրդինը:

«Ես միշտ զգացած եմ, որ իւրաքանչիւր խաղ, ամբո՛ղջ Հայաստանը հետս կը խաղայ: Իմ յաղթանակներս սպասողներ կան եւ այս իրականութիւնը զիս պարտաւորած է միշտ», ըսած է Պետրոսեան:  

Ասկէ գեղեցիկ պարտաւորուածութի՞ւն...

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ 

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 4, 2025