ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆ

ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան համաշխարհային կազմակերպութենէն ներս կոչուեցաւ կարեւոր պաշտօնի մը։ Այսպէս, ան ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի 2026 թուականի նստաշրջանի փոխ-նախագահ։

Ան այս կարեւոր առաքելութիւնը ստանձնած է՝ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու բաժանմունքէն։ Յաջորդ տարի նոյն յանձնաժողովին մաս պիտի կազմեն նաեւ Ալժիրի, Տոմինիքեան Հանրապետութեան եւ Սպանիայի ներկայացուցիչները՝ փոխ-նախագահի կարգավիճակով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 1, 2025