ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Երկու վարչապետներուն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ալթայի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան բնապահպանման համաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր Ռուսաստանի տանտիրութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ երկու վարչապետները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Զրոյցի ընթացքին վարչապետները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու այժմու կացութեան։ Բացի Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան օրակարգէն, անոնք կանգ առին նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ Վարչապետները շօշափեցին երկուստեք հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցեր։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Միշուսթինի կողքին էր Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, իսկ Փաշինեանի ընկերակիցներու շարքին ալ կը գտնուէր Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Ռուսական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ալեքսէյ Օվերչուք հանդիպումէն վերջ յայտարարութիւններ ըրած է վարչապետներու զրոյցին շուրջ։ Այս փուլին քննարկման նիւթ դարձած է երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը։ «Մենք քննարկեցինք առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ի հարկէ, մենք մտահոգուած ենք երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի կրճատմամբ։ Մենք քննարկած ենք, թէ ինչ պէտք է ընել իրավիճակը բարելաւելու համար», յայտնեց Օվերչուք՝ աւելցնելով, որ քննարկման նիւթ դարձած են նաեւ Հայաստանէ ներս ռուսական ներդրումներու վերաբերեալ հարցեր։
Ըստ Օվերչուքի՝ Միշուսթինի հետ զրուցելու ընթացքին Փաշինեան հաստատած է, որ Երեւան հետաքրքրուած է ԵԱՏՄ-ի աշխատանքները շարունակելու ուղղութեամբ։ «Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանը վճռական է շարունակել աշխատանքը ԵԱՏՄ-ի մէջ, ինչ որ քննարկուած է այսօր», յայտնեց ռուս փոխ-վարչապետը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութեան հեռանկարներուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Վարչապետներու հանդիպման օրը Մոսկուայէն հնչեցին նաեւ այլ կարեւոր յայտարարութիւններ։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան բանակցութիւններուն։ Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ անդրադարձաւ տարածաշրջանային իրադրութեան։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա արեւմուտքը կը մեղադրէ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան հիմքերը խաթարելու փորձերու մէջ։