ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԻՆԵԳՈՐԾՆԵՐՆ ՈՒ ԳԻՆԻԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ

Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ամենահեղինակաւոր գինիի մրցոյթներէն մին։ Այսպէս, վերջին տարիներուն Երեւանի Գինիի փառատօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ կը հանդիսանայ եւ արդէն դարձած է աւանդական։ Լայն ընդունելութեան արժանացած այս նախաձեռնութիւնը մայրաքաղաքի կեդրոնին անհաւատալի մթնոլորտ մը կը ստեղծէ։

Ի շարունակութիւն, յառաջիկայ տարի Հայաստան պիտի այցելեն աշխարհի զանազան երկիրներէն աւելի քան չորս հարիւր՝ բարձր վարկանիշով գինիի փորձագէտներ, սոմելիէներ, գնորդներ, վաճառականներ, լրագրողներ, պլոկըրներ, դասախօսներ եւ այլն։ Երկրէն ներս գինեգործութիւնը զարգացնելու ճանապարհին այս համախմբումը կրնայ անկիւնադարձի մը վերածուիլ։

«Concours Mondial de Bruxelles»ը խոշորագոյն միջազգային հարթակ մըն է, ուր աշխարհի զանազան երկիրներէն աւելի քան 370 արհեստավարժներ կարմիր եւ սպիտակ շուրջ 7 հազար 500 գինի կը համտեսեն։ Շուրջ երեսուն տարուան անցեալ մը ունի այս մրցոյթը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի՝ գինիի արտադրութեան ոլորտէն ներս յատկանշական երկրի մը մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025