ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԹԻՇՉՔՆԵՐ
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը եզրափակուեցաւ՝ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուած փառատօնը շուրջ մէկ շաբթուան տեւողութեան մագնիսացուց գեղարուեստասէր շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Մայրաքաղաքի առօրեային մաս կազմեց շարժանկարով պայմանաւորուած ոգեւորութիւնը՝ մինչ Երեւանի փողոցներուն մէջ ալ նկատելի ներկայութիւն դարձան բոլոր անոնք, որոնք արտասահմանէն այս փառատօնին առթիւ այցելեցին Հայաստան։ Փառատօնի օրերուն ստեղծուած բարձր տրամադրութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ էր եզրափակիչ արարողութիւնը, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութիւնը։ Երեւանի Շարժանկարի տան համալիրէն ներս բաժնուեցան 22-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի պարգեւները, մրցանակները՝ մինչ բոլոր դափնեկիրները բուռն ծափահարութիւններու արժանացան։
Լիաժամկէտ ժապաւէններու միջազգային մրցոյթին մէջ առաջին մրցանակին արժանացաւ Իկոր Պեզինովիչ։ «Ծիրանի կորիզ» մրցոյթի առաջինը հանդիսացաւ Գոռ Առուշեան։ Տարածաշրջանային մրցոյթի յաղթողը եղաւ Սեփիթէ Ֆարսի։ «Փարաջանովեան թելըր» յատուկ մրցանակին արժանի դասուեցան՝ Ապտերահման Սիսաքօ եւ Յարութիւն Խաչատրեան։ Նոյնպէս յատուկ «Վարպետ» անուանեալ մրցանակը նուաճեց Աթինա Ռախիլ Ցանկարի։
Իւրաքանչիւր անուանակարգի դափնեկիրներու հրապարակման փուլին սրահին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Հրապարակուած դափնեկիրները բուռն ծափահարութիւններու արժանացան, զիրար շնորհաւորեցին եւ հանդէս եկան սրտի խօսքերով, որոնց մէջ ընդգծեցին «Ոսկէ ծիրան»ի օրերէն իրենց անմոռանալի տպաւորութիւնները։ Հուսկ, փառատօնի եզրափակիչ փուլին ցուցադրուեցաւ Յարութիւն Խաչատրեանի «Վերջին կայարանը» ֆիլմը։
Հարկ է նշել, որ 22-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ աւելի քան հարիւր ժապաւէն ցուցադրուեցաւ։