ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը պիտի օժտուի նոր, գերժամանակակից գրադարանով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան նախագծի գործադրութիւնը արդէն սկսած է։ Համալսարանի գրադարանի վերափոխման եւ արդիականացման ուղղեալ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ժամանակակից ու ոգեշնչող ուսումնական եւ հետազօտական միջավայր մը ապահովել ուսանողներուն համար։
Բժշկական համալսարանի գրադարանի վերափոխման ծրագիրը կ՚իրականացուի «Կերոն» զարգացման հիմնադրամին կողմէ, որ կը համագործակցի Հոլանտայի «Defesche van den Putte» (DVDP) ճարտարապետական ընկերութեան հետ։ Այս վերջինը համբաւ ձեռք բերած է բազմաբնոյթ նորարարական նախագիծերով՝ քաղաքաշինութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներէ ներս։
Ծրագրի մեկնարկին առթիւ համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան շեշտեց, որ նախատեսուածը ո՛չ միայն գրադարան մըն է, այլեւ նոր ուսանողական միջավայր մը։
Իր կարգին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան շեշտեց, որ այս ծրագիրը պիտի գայ երկրէն ներս փոխել գրադարանի հանրային ընկալումը։
Աշխատանքներու աւարտին համալսարանի ներկայ գրադարանի 600 քառակուսի մեթր տարածքը պիտի տարածուի 3000 քառակուսի մեթրի վրայ՝ թուայնացուած եւ գերյագեցած թեքնիք հնարաւորութիւններով։