ՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԱՆԿՈՒՄ
Բնութեան մէջ բոլորը ունի իր հեւքը՝ մանաւանդ իր թիրախը։ Յաճախ կ՚ըսուի՝ դաժան է բնութեան օրէնքը։ Տկարը չի կրնար գոյատեւել, հզօրն ալ չի կրնար սայթաքիլ կամ տկարանալ։ Մահն ու կեանքը ընդելուզուած են այստեղ. մէկը միւսին կեր կը դառնայ ու վերջ։ Չկայ հանգիստ կամ հանգստանալ։ Համակարգի տրամաբանութիւնը դադար չ՚ենթադրեր։
Մարդու ապագան առերեւոյթ քիչ մը տարբեր է, կարծես, թէեւ անոր պարագային ալ խաղի կանոնները դաժան են՝ նոյնքան եւ աւելի… Ֆրանսացի տնտեսագէտ մը հետեւեալը կ՚ըսէր հարցազրոյցի մը մէջ. «Երիտասարդ տարիքին հանգստեան կոչուելու մասին մտածելը վաղահաս անկումի մը ազդանշանն է»։
Մարդու պարագային հանգիստի եւ հանգստեան կոչուելու չափանիշները յարաբերական են, ատեն-ատեն կրնան հասնիլ ընդհուպ մինչեւ ծուլութեան եզրին։ Իսկ տնտեսագէտի կարծիքին մէջ խօսքը, վստահաբար, չի վերաբերիր բարոյական անկումի։