ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ»

«Մեր հիմնական ակնկալութիւնն է, որ Զանգեզուրի միջանցքը չդառնայ հակասութիւններու պատճառ, այլ վերածուի համաձայնութեան խորհրդանշանի մը», յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ընթացքին։

Իր խօսքով՝ Թուրքիա կու յուսայ, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի կարողանան համաձայնութեան միջոցաւ հասնիլ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ Էրտողան շեշտեց, որ Զանգեզուրի միջանցքի բացումը օգուտ պիտի բերէ ո՛չ միայն Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, այլեւ՝ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն։ «Մենք մեծապէս կը կարեւորենք այս ուղղութիւնը աշխարհատնտեսական տեսանկիւնէ։ Այս ուղղութիւնը պիտի կապէ աշխարհագրական շրջաններ, որոնք մեր տարածաշրջանի սահմաններէն դուրս են ու պիտի աշխուժացնէ առեւտուրը։ Կ՚ակնկալենք, որ սա կը դառնայ ո՛չ թէ տարաձայնութիւններու աղբիւր, այլ՝ հաշտեցման խորհրդանշան մը», ըսաւ Էրտողան, որ համոզուած է, թէ այսպէսով տարածաշրջանը կը դառնայ բարեկեցիկ վայր մը, ուր կը գերակշռէ համագործակցութիւնը։ Նախագահը հաւաստիացուց, թէ տարածաշրջանի երկիրները այս հարցը կը կարողանան լուծել փոխադարձ ըմբռնման միջոցաւ։ 

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ մեծ նշանակութիւն կու տայ Զանգեզուրի միջանցքին։ 

Վերջին շրջանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ օրակարգի վրայ բերուած է արտապատուիրակման առաջարկ մը, որ այս շրջանին կը բնորոշէ տարածաշրջանի օրակարգը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս վերջերս անդրադարձած էր այս նիւթին՝ հաստատելով, որ այժմ ամերիկեան առաջարկը կը քննարկուի ըստ էութեան։ Նախագահ Էրտողանի խօսքերուն զուգահեռ՝ երէկ այս կապակցութեամբ հերթական յայտարարութիւնները հնչեցին Երեւանէն եւ Թեհրանէն։ Հայաստանի կառավարութեան բանբերը՝ Նազելի Պաղտասարեան յայտնեց. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւէ, ոեւէ մէկուն հետ չէ քննարկած, չի քննարկեր եւ պիտի չքննարկէ Ատրպէյճանի նախագահին նշած անուանաբանութիւնը»։ Իրանի պաշտօնատարներն ալ ընդգծեցին, որ երթուղիներու ստեղծումը նոյնիսկ մէկ միլիմեթրով պէտք չէ խախտէ որեւէ երկրի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածաշրջանային ամբողջականութիւնը։

Մէկ կողմէ այս յայտարարութիւնները ամերիկեան կողմի առաջարկի լոյսին տակ կը հնչեն, իսկ միւս կողմէ ամերիկեան կարգ մը լրատուամիջոցներ ալ այս կապակցութեամբ կը հրապարակեն վերլուծութիւններ։ «Forbes»ի համաձայն՝ Ուաշինկթընի առաջարկը թոյլ կու տայ պահպանել Երեւանի անուանական ինքնիշխանութիւնը անցուղիի պարագային, սակայն, «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման հեռանկարները տակաւին բաւական մշուշոտ են։ Նոյն վերլուծութեան մէջ նշուած է, որ սա Ուաշինկթընի կողմէ ռազմավարական բնոյթով նախաձեռնութիւն մը կը համարուի, որովհետեւ այնտեղ կը հետապնդուի Մոսկուան եւ Թեհրանը նոյնաժամանակ չէզոքացնելու հեռանկարը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 22, 2025