Կիրակի 27, Յուլիս 2025
ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ՅԱԳԵՑԱԾ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱԶՈՒՄ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՎ
Երեւանի մէջ ներկայ ամառը կը բնորոշուի չափազանց ոգեւորութեամբ եւ ընկերամշակութային ձեռնարկներու զանազանութեամբ։ Մասնաւորապէս բացօթեայ ձեռնարկները առիթ կը դառնան արտասովոր ոգեւորութեան։ Ընկերային, մարզական ու մշակութային այս նախաձեռնութիւնները մէկ կողմէ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն, իսկ միւս կողմէ մայրաքաղաքի բնակիչներու առօրեան կը գունաւորեն։ Գալով ամրան շրջանին Երեւան այցելած սփիւռքահայերուն, այս միջավայրը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ անոնց կեցութեան օրերու յուշերը։
Այս ամբողջին մէջ եզակի էր Երեւանի Պալէի միջազգային փառատօնը, որ Թումանեանի այգիին մէջ համախմբեց հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ։ Փառատօնի օրերուն մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Սեն Փեթերսպուրկի Մարինեան թատրոնին ելոյթը։
Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025