ՅՈՒՇԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի գործիչ Կիրակոս Գույումճեան վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Յուշագրական պատառիկներ»։ Թէ՛ որպէս մտաւորական եւ թէ որպէս բարերար, Կիրակոս Գույումճեան հայկական սփիւռքի վառ անհատականութիւններէն մին է։ Ան հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքին թէեւ բազմակողմանի մասնակցութիւն կը բերէ, սակայն այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ մայրենիի նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը։ Կիրակոս Գույումճեանի հեղինակած այս նոր գիրքը ուշագրաւ գործ մը կը համարուի։ Ան անձնական ապրումներու միջոցաւ կը փորձէ վաւերագրել ժամանակները, ինչ որ, անշուշտ, կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Բաց աստի, այս գիրքին հրատարակութիւնը կու գայ վերահաստատել, թէ Կիրակոս Գույումճեան սեփական արտադրութեամբ միշտ հետամուտ է արեւմտահայերէնի կենսունակութեան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ օրերուն «Յուշագրական պատառիկներ»ուն համար շնորհանդէս մըն ալ նախատեսուած է Երեւանի մէջ։ Գինեձօնը առիթ պիտի դառնայ, որպէսզի Կիրակոս Գույումճեանի այս երկը արժեւորուի զանազան երեսակներով։ Գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը, միեւնոյն ժամանակ, հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Կիրակոս Գույումճեան այս գործի շարժառիթով ընթերցասէր շրջանակներուն հետ բաժնէ դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները։

Վաղուան թիւով պիտի հրատարակենք մեր աշխատակից Անուշ Թրուանցի գրախօսականն ու գիրքի հրատարակութեան առթիւ հեղինակին հետ տեսակցութիւնը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Կիրակոս Գույումճեանը՝ մաղթելով, որ իր այս նոր գիրքը ունենայ դրական արձագանգ եւ ընթերցողներու կողմէ ընկալուի՝ նախորդ գործերու արժանացած գնահատանքին համազօր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025