ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՊՂԻՆՁԱՄՈԼԻՒՊՏԵՆԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱԶԱՐԷ ԱՒԵԼԻ ԿԻՆ ՍՏԵՂԾԱՐԱՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԳԼՈՒԽ
Հայ կնոջ դերի մասին շատ խօսուած է։ Անոր պայքարելու ընդունակութեան, քաջութեան ու ստեղծարար ոգիին մասին կարելի է գրել էջերով։ Ուղենշային է նաեւ, որ հայ կինը՝ որպէս ամուր մէկ տարրը Հայաստանի հասարակութեան, շնորհիւ իր աշխատելու կամքին, աշխատասիրութեան՝ շատ մը պարագաներով կարողացած է ոտքի պահել ընտանիքը, որ հայոց համար սրբութիւն սրբոց կը հանդիսանայ։ Ընտանիքի գաղափարին հետ արդէն առընչուած է կնոջ նուիրական մօտեցումները, ալ ուր մնաց, երբ կը խօսինք եւ օրինակ կը բերենք կինը՝ որպէս առողջ հասարակութեան գործօն եւ իրական մասնակից-գործընկեր։
Իսկապէս այսօրուան Հայաստանի եւ հայ իրականութեան մէջ կինը կը շարունակէ ո՛չ միայն ոտքի մնալ, այլեւ քալել հոսանքներուն դէմ։ Ամենանուիրական ոլորտներէն՝ կրթութենէն սկսեալ մինչեւ ծանր հաստոցային աշխատանքներ, հայ կինը ներկայ է ամէնուրեք։ Արդար քրտինքի, ջանասիրութեան եւ բարութեան խորհրդանշանն է ան, երբեք չէ մոռցած հերոս զաւակներ տալ Մայր Հայաստանին։
Այս բոլորի կողքին, արդիականութեան, նոր ձեւաչափերու եւ գործունէութեան ժամանակներուն, հայ կինը դարձեալ ներկայ է ամէնուրեք։ Ան սպասաւորը, տիպարն ու մեծարեալն է հայ իրականութեան։
Վերջերս լայն արձագանգ գտած է նաեւ Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանին մէջ հայ կանանց գործած սխրանքը։ Այնտեղ աւելի քան հազար հայ կին ստեղծարար աշխատանքի գլուխ է։ Հասարակութիւնը յաճախ ականատես կ՚ըլլայ հրապարակումներու, ուր կը մատնանշուին կանանց յաջողութիւնները այս գործարանէն ներս։ Արդարեւ, հանքարդիւնաբերութիւնը այլեւս միայն տղամարդու գործ չէ, կանայք եւս պահանջուած են այնտեղ։ Կանանց ներկայութիւնը ամէնուրեք կը համարուի արդիւնաւէտ աշխատանքի գլխաւոր գրաւականը: Ըստ վիճակագրութեան՝ գործարանի աւելի քան 4 հազար 600 աշխատակիցներէն 1036-ը կին է: Կանանց հետ աշխատելու երկարամեայ փորձառութեան տէր վարչայինները ունին դրական վկայութիւններ։ Անոնց հետ աշխատիլը թէ՛ հեշտ է եւ թէ դժուար՝ պարզապէս պէտք է կարենալ կանանց հետ լեզու գտնել:
«Երեսունեօթ տարի առաջ, երբ մտայ գործարան, փոխարինեցի երէց սերունդի մասնագէտները։ Շուտով նաեւ զիս պիտի փոխարինեն ուրիշներ։ Կանայք եւս հոգեբանականօրէն պէտք է պատրաստ ըլլան հանգստեան կոչուելու։ Սերնդափոխութիւնը անհրաժեշտ է», հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է արդիւնաբերական վերահսկողութեան բաժնի սիւներէն Զոյա Վանէսեան:
Ելեկտրականութիւնն ու կինը՝ առաջին հայեացքով՝ կը թուին անհամատեղելի ըլլալ։ Գործարանի անձնակազմէն Անահիտ Անդրէասեան համամիտ է այս տպաւորութեան։ Յամենայնդէպս, բարձր լարման ենթակայանին մէջ ինն կին ստանձնած է անխափան մատակարարման պատասխանատուութիւնը: Նոյն բաժնի յառաջատարներէն Անահիտ Անդրէասեան կը պատմէ, որ գնահատուած է աշխատանքին մէջ, կ՚ընէ իր սիրած գործը, իսկ տարիներու փորձառութիւնը կը նպաստէ տարբեր իրավիճակներու մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան