ԳԱՆԱՏԱ. ԵՐԿԻՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Թորոնթոն բոլորովին ուրիշ քաղաք մըն էր: Առտու կանուխ էր, երբ քաղաք հասայ։ Առաջին ակնարկով չկրցայ գտնել  Յակոբը։ Այդ պահուն ունեցայ այն զգացումը, որ երկնաքեր շէնքերը պիտի ցրուեն ո՛չ միայն զգացողութեան տեղադասումս, այլ ինքնին զիս պիտի տանին ուրիշ տեղեր՝ Տուպայի ու մանաւանդ Նիւ Եորքի կլանումներն ու քաղաքային եզրակնքումները ու այսպէս ըսած՝ փրկիչի պիտի վերածուէին հոն: Վայրկենապէս մէջս մաղուեցաւ Թորոնթոյի ընկալումը ու ինք ընդունեցի շատ դիւրաւ, կարծես վաղուց կը ճանչնայի զինք ու կարծես այդ օգնեց ինծի Յակոբը դիմացի մեծ փողոցը գտնելու, քաղաքի կեդրոնի մեծ կայարանէն ելլելէս ետք:

Քաղաքաները ունին իրենց հոսքի ուժն ու ներխուժումը, ինչքան ալ սիրահարուած ու հարազատ ըլլաս որեւէ մէկուն, մշտապէս մուտքը դժուար է նոյնիսկ հարիւրերորդ անգամ, մուտքը վերամարդկայինի կը տանի քեզ. կը զգաս, որ ճամբաները պէտք է առաքելութիւն տան. ճիշդ այդ վայրկեանի կեանքիդ ու գոյութեանդ անոնց գումարած ունեցածդ տուեալ ինքնութեան ու մշակոյթին մշտական կամ անցողիկ հայրենիքիդ կամ տեղիդ (21-րդ դարուն բաց աշխարհի ու ամենատեղութեան ալ հաճոյքին ի հեճուկս) բերին՝ վանումներուն, մաղումներուն խորտուբորտութեան հետ: Թորոնթոն ինծի աւելի մրցակցող թուաց՝ քան Մոնթրէալը, որ աւելի ճոխ էր ու մեծ, աւելի պերճաշուքի ազդեցութիւն կը ջանար ձգել:

Հալէպէն մօտիկ ընկերս էր Յակոբը, որ 2013 թուականին տեղափոխուած էր Թորոնթօ, ուր ստեղծած էր իրեն յատուկ գանատական համակարգ ու համակերպած։ Թորոնթոն սկսաւ ուղղակի Յակոբին միջոցաւ քաղաքի կեդրոնով, որ ամենավեհաշուք բաժինն էր քաղաքին: Մինչ այդ, իրականով իրական ու երազայինով ալ երազային չէր Թորոնթոն, որ կը ձգտէր նմանիլ Նիւ Եորքին, որ, սակայն, բնականաբար չի կրնար բաղդատուիլ որեւէ տեղի հետ։ Անշուշտ, յարգելի էր ու ջերմ անոր փորձը ամերիկեան ըլլալու ու գանատական մնալու, բայց, կը կարծէի, որ ան նոր ձգտումով մը ամէն վայրկեան պիտի պաճուճէ ինքզինք, սակայն, հասկնալի պիտի չդառնայ, թէ ի՛նչն է այդ պաճոյճը։ Բաղդատմամբ Մոնթրէալին՝ աւելի արագ էր Թորոնթոն ու իր կշռոյթը ի հեճուկս Գանատայի ընկերվարականութեան, աւելի դրամատիրական էր ու դրամական: Մարդիկ գանատացիի յատկանիշներ չունէին, որքան կար  Մոնթրէալի մէջ, բայց միշտ կար նրբազգացութիւնը, քաղաքավարութիւնը, քաղաքակրթական գանատական մոտելը, ինչ որ իր ամենահզօրութեամբ Ամերիկան չունէր։ 

Հին վայր չկար Թորոնթոնի մէջ, երկար մայրուղեներ էին, անծայրածիր գեղեցիկ դաշտերն ու հովիտները իրարու կապող: Քաղաքի մաքրութիւնն ու թափանցիկութիւնը գանատական էին, թաքնուող չէր Թորոնթոն, այլ առաւելագոյն չափով հպատրօրէն ու արդարացուած ձեւով փռուած: Եւորապական բացառութիւն էր ունենալը բացօթեայ սրճարաններ,  որոնցմէ մէկուն մէջ Յակոբին հետ նստելով մենք ալ եւրոպականացում խաղացինք՝ ինքնահամոզուելով, որ մենք ալ եւրոպացի ենք (նուազագոյնը եւրոասիացի, հակառակ վստահ էինք, որ եւրոպացիներն ու այսպէս ըսած մաքուր ճերմակ արեւմուտքցիները ռուսերը եւրոպացի չէին համարեր, ուր մնաց մեզ): Ինքնութան մխիթարաքներերու պոկումները տեսակաւոր էին, քանի ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան, զբօսաշրջիկ կամ բնիկ, այցելու կամ երկուոր, մնացող կամ հեռացող ճանապարհային՝ մշակութաբանական, ընկերաբանական ու արժէքային իւրայատկացնող կամ նուազագոյնը փայլուն պահող մխիթարանքներու պէտք ունի, ըլլան անոնք ազգային, շրջանային, ցամաքամասային կամ ալ ճարահատեալ եթէ այսպէս կոչենք՝ գերմարդկային: Մենք գերմարդ չէինք կրնար ըլլալ Գանատայի մէջ, որ ինքնին ամէն ինչով գերհամարժէքային էր:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 12, 2025