ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԻՄԱՆԱԼ

«Ո՛վ Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինձմէ անցնի, բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ՚ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ՚ուզես». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 39)։

«Գաւաթ» Սուրբգրային այլաբանական առումով կը նշանակէ՝ մէկուն բաժինը։ Ուստի, Յիսուս երբ կ՚աղօթէ՝ կ՚ուզէ, որ կատարուի Հօր կամքը։ Չէ՞ որ մեր ամենօրեայ աղօթքին մէջ կ՚ըսենք. «Եղիցին կամք Քո…»։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնանք իմանալ Աստուծոյ կամքը՝ ըստ այնմ շարժելու եւ գործելու համար։

Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ Աստուծոյ կամքը։

Կը պատմուի, թէ մարդ մը ուզած է Աստուծոյ կամքը գիտնալ՝ պարզապէս Սուրբ Գիրքը բանալով։ Առաջին փորձին՝ համարը, որ աչքին կը զարնէ, կ՚ըսէր. «Յուդա գնաց եւ ինքզինք կ՚ախեց»։

«Ասիկա Աստուծոյն չէ՛», կ՚ըսէ ինքնիրեն, եւ կը գոցէ Սուրբ Գիրքը։ Եւ դարձեալ կը փորձէ բանալ Սուրբ Գիրքը եւ այս անգամ համարը կ՚ըսէր. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։ Այս անգամ երիտասարդը կը սկսի քրտնիլ։

Վերջապէս երրորդ փորձ մըն ալ կը կատարէ խեղճ երիտասարդը եւ այս անգամ կը հանդիպի համարի մը՝ որ կ՚ըսէր. «Ի՞նչի կը սպասես. հիմա՛ է ժամանակը…»։

Արդարեւ, Աստուծոյ կամքը իմանալու եւ գիտնալու բազմաթիւ միջոցներու գլխաւորը՝ Սուրբ Գիրքն է. աղբիւրը՝ Աստուծոյ կամքը գիտնալու։

Ուրիշ կարեւոր եւ անհրաժեշտ կերպ մըն է՝ հաւատալ եւ աներկբայ վստահիլ Աստուծոյ։ Այս կը նշանակէ՝ գիտնալ, թէ ո՛վ է Աստուած։ Ան ամենակարող, ամենատես՝ արարիչ եւ նախախնամ Անձն է։

«Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ի՛նչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ». (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 2)։ Պօղոս առաքեալ շատ յստակօրէն կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ՝ բարի, հաճելի եւ կատարեալ կամքը հասկնալու համար պայման է, որ մեր կեանքերը դնենք Աստուծոյ սեղանին վրայ…։

Սակայն ինչպէ՞ս նորոգել մեր միտքերը եւ փոխել մեր մտածումները, խորհուրդները։

«Երիտասարդը ի՞նչով մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով». (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 9), եւ «Իմ սրտիս մէջ պահեցի Քու խօսքերդ, որպէսզի չմեղանչեմ քեզի դէմ»։ (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 11), կ՚ըսէ սաղմոսերգուն։ Ուստի, երբ մեր միտքերը եւ ուղեղները Աստուծոյ Խօսքով լեցուին՝ կը փոխուի մեր մտածելակերպը եւ կ՚ընդարձակուին մեր միտքերը։

Ինչպէ՞ս կարելի է իրականացնել ասիկա։ «Ով որ կ՚ընդունի իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ։ Եւ Հայրս պիտի սիրէ զիս սիրողը։ Ես ալ պիտի սիրեմ զայն եւ ինքզինքս յայտնեմ անոր». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 21)։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը պահես, փաստած կ՚ըլլաս, թէ դուն կը սիրես զԱստուած, փոխարէն ալ Աստուած կ՚ըսէ. «Ես ալ ինքզինքս պիտի յայտնեմ անոր», այսինքն՝ Աստուած Իր բարի կամքը պիտի յայտնէ մեզի՝ պիտի ուրախացնէ մեզ եւ մեզի պիտի ցուցնէ մեր երթալիք ճամբան։

Կը պատմուի, թէ՝ աստուածաբանական ճեմարանի մը աշակերտներուն ամսավերջի քննութիւնը կը կատարուէր։ Իրենց պարտականութիւն տրուած էր պատգամ մը պատրաստել «Բարի Սամարացի»ին մասին։ Պիտի երթային որոշուած շէնք մը եւ հոն պատգամէին քննիչ յանձնախումբի մը առջեւ։

Եթէ լաւ ընէին՝ պիտի ստանային իրենց տիտղոսը եւ վկայականը։

Թեկնածուներէն մէկը հագուած եւ պատրաստ վիճակի մէջ, կ՚աճապարէ դէպի որոշուած շէնքը։ Ճամբու ընթացքին կը տեսնէ ցնցոտիներ հագած կին մը՝ գետինը պառկած։ Կը մօտենայ եւ կը նկատէ, որ կը մսէր եւ շրթները կապոյտցած էին։ «Օգնէ ինծի», կ՚ըսէր խեղճ կինը։

Երիտասարդը կը պատասխանէ.

«Շատ պիտի փափաքէի քեզի օգնել, սակայն ստիպուած եմ դիմացի շէնքը հասնիլ եւ «Բարի Սամարացի»ին մասին վերջին քննութիւնս տալ։ Եւ հոն կը ձգէ այն խեղճ կինը եւ կը յառաջանայ…

Երիտասարդը կը ներկայանայ քննիչ յանձնախումբին, որպէսզի իր աւարտաքարոզը տայ։

Քննիչ յանձնախումբի անդամներէն մին իրեն կը հարցնէ. «Երբ հոս կու գայիր՝ կին մը տեսա՞ր ձիւնին մէջ պառկած…»։

Թեկնածուն ապշահար՝ կը պատասխանէ. «Այո՛, տեսայ, բայց դուք ուրկէ՞ գիտէք»։

Քննիչը հարցում մը եւս կ՚ուղղէ երիտասարդին. «Դուն ի՞նչ ըրիր այդ կնոջ»։

«Ըսի, թէ շատ զբաղած եմ եւ կ՚աճապարեմ, որ Բարի Սամարացիին մասին վերջին քննութիւնս եւ աւարտաքարոզս տամ»։

Քննիչ յանձնախումբը. «Լաւ», կ՚ըսէ. «Դուն քննութիւնդ ձախողեցա՛ր»։

«Տակաւին բան մը չեմ խօսած՝ թուղթերս պատրաստ են, որպէսզի պատգամս տամ», կը պատասխանէ երիտասարդը։

«Հարկ չկա՛յ, այդ տիկինը մե՛նք հոն դրինք, նայելու, թէ թեկնածուներէն քանի՞ն իսկական ԲԱՐԻ ՍԱՄԱՐԱՑԻի կեանքը ցոյց պիտի տային։ Այլապէս ո՛չ թէ ձեր քարոզը պիտի որոշէր տիտղոսի մը ձեր արժանի ըլլալը, հապա ձեր կեանքը եւ ծառայութիւնը արժանի պիտի ընէր ձեզ վկայականին։ Ցոյց տուած պիտի ըլլայիք, թէ դուք որքա՞ն Յիսուսի պատուէրը կը կատարէք։ Դուն պիտի հրաժարէիր քու քննութենէդ եւ այդ կնոջ օգնութեան փութայիր։ Դժբախտաբար ձախողեցար…»։

Ձախողութենէ չվախնա՛նք, սիրելիներ, Տէրոջը կամքը չհասկնալէ, չկատարելէ վախնանք։ Եւ գիտնանք, որ մեր իւրաքանչիւրին կեանքին ամէն մէկ պահը քննութիւն մըն է Աստուծոյ կամքը հասկնալու եւ գործադրելու նկատմամբ։ Ամէն մէկս ամբողջ մեր կեանքի ընթացքին մեր աւարտաքարոզը ներկայացնելու պատրաստուած թեկնածուներ ենք։ Եթէ յաջողինք՝ վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանք՝ երանութի՜ւն, իսկ ձախողութի՞ւնը…

Չեմ կարծեր, որ վերոյիշեալ «դաս»էն ետք ձախողիք, ուրեմն՝ չ՚արժեր խօսիլ ձախողութեան հետեւանքներուն մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 7, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025