ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Յանդիմանութիւնը օգուտ կու տա՞յ մարդուն:
Պատասխան. Եթէ անկեծ սիրտէ բխած է եւ նպատակ ունի դիմացինին օգուտն ու բարիքը, անշուշտ որ օգուտ կու տայ, բայց, եթէ ուրիշ նպատակներ կը հետապնդէ, ապա ո՛չ թէ օգուտ, այլ՝ կրնայ չարիք ըլլալ:
Աստուած յաճախ կը յանդիմանէ մեզ մեր արարքներուն համար: Կը յանդիմանէ Աստուածաշունչին միջոցով, հոգեւոր հայրերու միջոցով, մեր նմաններուն միջոցով, եւ այդ յանդիմանութիւնը մեր հոգիին փրկութեան ու շինութեան համար է, եթէ մենք ընդունինք, հասկնան ու ըմբռնենք մեզի ուղղուած յանդիմանութիւնը եւ ըստ այնմ գործենք: Բայց եթէ խստացնենք մեր հոգիներն ու սիրտերը, ապա ո՛չ միայն օգուտ չենք ստանար այդ յանդիմանութենէն, այլեւ՝ մեզ դատապարտութեան արժանի կը դարձնենք:
Առակացի իմաստուն հեղինակը կը գրէ. «Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ, յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ» (Առ 29.1): Այս համարը կարելի է երկու ձեւով հասկնալ. առաջին՝ թէ մեզի եղած յանդիմանութեան դիմաց մեր սիրտը, հոգին ու միտքը փակելն ու քարացնելը: Երկրորդ՝ մեր կողմէ եղած չարութեամբ լեցուն յանդիմանութիւնը, որ ո՛չ թէ մաքուր սիրտէ է, այլ՝ նպատակ ունի մեր դիմացինը նուաստացնելն ու վիրաւորելը:
Երկրորդի պարագային յատկապէս եկեղեցականները պէտք է զգոյշ ըլլան, որպէսզի իրենց խօսքերով իրենց հովուութեան ու խնամքին յանձնուած հօտը չվիրաւորեն, այլ՝ այնպիսի զգուշութեամբ եւ նրբանկատութեամբ պէտք է խօսին, որ իրենց յանձնուած հօտին հոգիները շահին Քրիստոսի եւ Անոր մեզի համար պատրաստած Արքայութեան համար: Այս մասին Սուրբ Ամպրոսիոսը կը գրէ. «Մեր խօսքն ու ուսուցումները պէտք է իրական չափանիշներ ունենան, որպէսզի չափազանց մեղմ չերեւան եւ ո՛չ ալ չափազանց խիստ». եւ՝ «այս պարտականութեան մէջ հովիւը պէտք չէ խիստ եւ վայրագ ըլլայ, եւ ո՛չ ալ շատ մեղմ, որպէսզի առաջին պարագային անարդար իշխանութիւն ունեցողի մը չնմանի, իսկ երկրորդ պարագային՝ չնմանի մէկու մը, որ առանց պատճառի կ՚անարգէ [կը նսեմացնէ] իր ստացած պաշտօնը [պարտականութիւնը]»:
Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը բացատրէ, թէ Տէրը Իր յանդիմանութիւններով իրականութեան մէջ խրատ է, որ կու տայ մեզի, որպէսզի ետ կենանք մեղքի ճամբայէն եւ դառնանք դէպի Իրեն ու փրկութիւն ստանանք: Առաքեալը կը գրէ. «Որովհետեւ Տէրը երբ կը խրատէ՝ կը նշանակէ, թէ կը սիրէ քեզ. երբ կը պատժէ՝ կը նշանակէ, թէ քեզ իբր զաւակ կ՚ընդունի» (Եբր 12.6). «Երկրաւոր հայրերը մեզ կը խրատեն միայն կարճ ժամանակ մը, իրենց ճիշդ դատած ձեւով, մինչ Աստուած կը խրատէ մեր բարիքին համար, որպէսզի հաղորդակից դառնանք Իր սրբութեան: Ճիշդ է, որ որեւէ յանդիմանութիւն նոյն պահուն չ՚ուրախացներ, այլ՝ կը տրտմեցնէ, բայց յետոյ՝ անով կրթուածներուն արդար կեանքի մը խաղաղութիւնը կը պարգեւէ» (Եբր 12.10-11):
Սուրբ Եզնիկ Կողբացին կը գրէ. «Մեղրը քաղցր է, բայց ախտերով լեցուն մարմինին՝ կը վնասէ. խրատն ու յանդիմանութիւնը օգտակար են, բայց անոր, որուն դէմքը դէպի արեւմուտք սեւեռուած է՝ այդպիսիին համար անօգուտ է»:
Յակոբ Պատրիարք Նալեանը մեր նմանները յանդիմանելու մասին հետեւեալը կը գրէ.
* Դարձեալ, Քրիստոսի ժամանակ կային որոշ հերձուածողներ ու հեթանոսներ, որոնք կ՚ըսէին, թէ Աստուած նախախնամութիւն չունի Իր արարածներուն վրայ, այլ՝ իւրաքանչիւրը ինքն իրեն կ՚ապրի, ինչպէս էր Փիլոն իմաստասէրին Աղեքսանդրոս եղբայրը: Քրիստոս ըսաւ, թէ Աստուած ա՜յնքան նախախնամութիւն ունի Իր արարածներուն վրայ, որ նոյնիսկ եթէ չաշխատին՝ կրնայ կերակրել զանոնք, ինչպէս թռչունները [կը կերակրէ] առանց աշխատելու ու վաստակելու: Սակայն, Աստուած դատարկութիւնը արգիլելու համար արտօնեց մարդուն, որ աշխատանքով ուտէ իր հացը, որպէսզի արժէքը իմանայ: Այսպէս, Պօղոս առաքեալ կը յանդիմանէ ծոյլերը՝ ըսելով. լսեր եմ, որ ոմանք չեն աշխատիր՝ բայց կ՚ուտեն, կ՚աղաչեմ, որ իրենց ձեռքով աշխատին ու իրենց հացը ուտեն: Եւ թէ այն ձեռքերը, որոնք չեն վաստակիր՝ թող չուտեն: Արդարեւ, աստուածային Սուրբ Գիրքը աշխատիլը չ՚արգիլեր, այլ՝ աւելորդ հոգ ընելը, որով մարդ յոյսը կը կտրէ Աստուծմէ եւ իր ձեռքերուն վաստակին կ՚ապաւինի, որ հեթանոսներուն վայել գործ է [վարմունք է], ինչպէս նաեւ զԱստուած որպէս աշխարհի նախախնամող ու կառավարիչ չճանչցողներուն:
Դուք, սակայն, կ՚ըսէ, ո՜վ քրիստոնեաներ, իմացէ՛ք, որ եթէ Աստուծոյ կամքը կատարէք, Աստուած ալ ձեր ժամանակաւոր բարիքը կը հոգայ: Դուք կը սերմանէք, սակայն Աստուած կ՚աճեցնէ:
Քրիստոսի տասներկրորդ խրատը եղբայրական յանդիմանութիւնն է, որ պէտք է նախ առանձինն յանդիմանել. ասիկա սիրոյ յանդիմանութիւն է: Երկրորդ՝ երկու կամ երեք մարդոց առջեւ [յանդիմանել]. ասիկա երկիւղի յանդիմանութիւն է: Երրորդ՝ ի լուր եկեղեցւոյ բազմութեան [յանդիմանել]. ասիկա ամօթի յանդիմանութիւն է: Սակայն, յանդիմանութիւնն ու սաստելը գթութիւնով խառնուած պէտք է ըլլան. այդ պատճառով Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ՝ սաստէ՛, յանդիմանէ՛, եւ դարձեալ մխիթարէ՛:
Սաստելն ու յանդիմանելը՝ արդարութեան համար է, իսկ մխիթարելը՝ գթութեան եւ ողորմութեան: Որովհետեւ, մենք պէտք է մեր եղբօրմէն մեզի եղած անարգանքը մոռնանք, սակայն, մեր եղբօր վէրքը [մեղքը] առանց բժշկութեան պէտք չէ ձգենք, քանի որ հիւանդին վէրքերը [մեղքերը] ծածուկ պահելը՝ մահ գործել կը նշանակէ՝ կ՚ըսէ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին: Բայց, եղբօր վէրքերը ծածուկ կերպով իմանալ ու զանոնք յայտնապէս յանդիմանելը՝ բժշկել չէ, այլ՝ մատնել: Այդ պատճառով, Քրիստոս կ՚ըսէ, ծածուկ կերպով յանդիմանէ. իսկ եթէ ծածուկ կերպով սաստելով՝ չի՛շահեցաւ, երկու կամ երեք մարդու առջեւ յանդիմանէ՛, որպէսզի անոնք վկայ ըլլան քու խրատիդ եւ անոր անդարձութեան, ինչպէս նաեւ քու պարտքդ վճարելու՝ որ դուն պարտաւոր էիր սիրով խրատել: Իսկ եթէ անոնց ալ չլսեց, եկեղեցիին ըսէ՛, այսինքն՝ եկեղեցւոյ գլխաւորին՝ եպիսկոպոսին եւ կաթողիկոսին: Իսկ եթէ անոնց ալ չլսեց, բանադրանքի արժանի է:
Այս եւս իմացիր, որ եթէ մէկը մեղանչէ եւ ուրիշ մը տեսնէ ու լռէ, նոյն մեղքով ինք եւս կ՚ապականի, մասնակից ըլլալով գործողին, թէեւ ո՛չ գործին [մասնակից]: Քանի որ կը տեսնենք, որ բոլոր ստեղծուածները մէկը միւսին խրատիչ են. կրակը՝ ջուրը կը սրբէ, իսկ ջուրը՝ երկիրը կը սրբէ: Որովհետեւ, ով որ ինքնիրմէ կառավարել չի՛ գիտեր, պէտք է որ գիտցողէն եւ կարող եղողէն կառավարուի, որպէսզի մէկը ուսուցիչի վարձք առնէ, իսկ միւսը՝ հնազանդութեան:
Փրկիչին խրատները մարդս հասուն եւ միշտ կատարեալ կը դարձնեն,
Պատուիրաններուն կցորդ եղողին՝ զանոնք կատարողը երանելի կ՚ընեն:
(«Քրիստոնէական Ուսանելի», 1806):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 149
Վաղարշապատ