ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Մոգերը մարդկային պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած են դեղագործութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ մոգերու հաւատացող մարդկութիւնը հաւատացած է, որ շատ մը հիւանդութիւններ որ մարդոց համար բուժելը հնարաւոր չէ, հնարաւոր կրնայ ըլլալ անտեսանելի ուժերու համար, այդ իսկ պատճառով իրենց հիւանդութիւններուն համար դիմած են մոգերու:
Մոգութիւնն ու բժշկութիւնը անցեալին միշտ եղած են քով քովի, որովհետեւ ո՛չ միայն անցեալին, նոյնիսկ մինչեւ այսօր շատերու մօտ գոյութիւն ունի այն համոզումը, որ մոգերը ո՛չ միայն կախարդներ ու գուշակներ են, այլ նաեւ անձեր, որոնք տարբեր բոյսերով, աղօթքներով ու խորհրդաւոր նշաններով հիւանդութիւն բուժելու կարողութիւնը ունին:
Հիմա անշուշտ շատերու մօտ կրնայ յառաջանալ հետեւեալ հարցը. ի՞նչ աղերս կրնայ ունենալ հիւանդութիւնն ու կախարդութիւնը. բացատրենք: Նախամարդուն մօտ բժշկութիւնը բարի գիտութիւն մը չէ եղած. մարդիկ միշտ ունեցած են այն համոզումը որ հիւանդութիւնները մարդուն որպէս պատիժ կը տրուին աստուածներու կողմէ եւ որովհետեւ մոգերը ձեւով մը «կապ»ն էին տեսանելիին եւ անտեսանելիին միջեւ, կը ներկայանային որպէս միջնորդ: Այդ իսկ պատճառով մոգերու «արհեստ»ին մաս կը կազմէր նաեւ բժշկութիւնը՝ բուսական խառնուրդներու, ծիսական գործողութիւններու եւ աղօթքներու միջոցով:
Հին ժամանակ հիւանդութիւնները չունէին մերօրեայ գիտական բացատրութիւնները եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը բացատրուէր բնութեան երեւոյթներով եւ նկատի ունենալով, որ անոնք կը հաւատային, թէ հիւանդութիւնը երկնային ուժերու կողմէ տրուած է մարդուն, հետեւաբար անհրաժեշտ կը նկատէին ո՛չ միայն մարմնական բուժումը՝ այլեւ հոգեւոր եւ մոգերը մարդոց կողմէ կը դիտուէին որպէս հոգեւոր առաջնորդներ, այդ իսկ պատճառով հին մշակոյթներէն մեզի հասած գրեթէ բոլոր կրօններուն մէջ կարելի է գտնել բժշկութեան նուիրուած ծիսական արարողութիւններ, որոնցմով կարելի պիտի ըլլար դուրս բերել հիւանդութեան «չար ոգին»:
Մոգերը կը փորձէին կախարդական հմայք մը տալ իրենց գործողութիւններուն, սակայն, իրականութեան մէջ անոնք ոչ-գիտական մոգութիւնը ի գործ դնելով հանդերձ գիտութեան մօտիկ կը մնային. անոնք լաւապէս կը ճանչնային իւրաքանչիւր բոյսի յատկութիւնը:
Հին ժամանակ բժշկութիւնը տրուած էր կրօնաւորներուն. օրինակի համար՝ հին Եգիպտոսի մէջ կը տեսնենք, թէ քահանաներ վէրքի բուժման համար կը գործածէին մեղր, սխտոր եւ այլ նիւթեր: Հին Բաբելոնի եւ այլ մշակոյթներու մէջ գտնուած են նաեւ գիրքեր, ուր մանրամասն բացատրուած է, թէ ո՛ր բոյսը ո՛ր հիւանդութեան բուժում կրնայ տալ: Բուսական այս բժշկական մեթոտը լայն տարածում ունէր նաեւ Հայաստանի մէջ:
Հին բժշկութիւնը աւելի հասկնալի դարձնելու համար տանք օրինակ մը. պատմութեան մէջ ազատքեղը ունեցած է այլ անուն մը՝ «Սատանայի բոյս». պատճառը այն էր, որ ազատքեղը կը ծլարձակի ցանքէն չորս շաբաթ յետոյ. ազատքեղը հողին տակ շատ աւելի երկար կեանք ունէր՝ քան հողէն դուրս, այդ իսկ պատճառով կը դիտուէր որպէս «դժբախտ» բոյս. սակայն, հակառակ այս «դժբախտ» վիճակին՝ մարդկութիւնը կը հաւատար նաեւ, որ ազատքեղը ունէր բուժիչ յատկութիւններ. օրինակ՝ ազդու դեղ էր արեան բարձր ճնշումի բարձրացման, քթի արիւնահոսութիւնը կասեցնելու. ազատքեղի հիւթը բամպակով մը պէտք էր դնել ռունգերուն մէջ: Գիրքեր կը նշեն, որ ազատքեղը կ՚օգնէ նաեւ ակռայի ցաւի նուազեցման:
Անշուշտ, հիւանդութիւններուն երկնային ըլլալը հաստատող որոշ խօսքեր կարելի է գտնել նաեւ Աստուածաշունչին մէջ. օրինակի համար՝ եթէ կարդանք Ելից 15:26-ը, պիտի տեսնենք, որ Աստուած կ՚ըսէ, թէ ի՛նք է հիւանդութիւն «տուող»ը. տողը կ՚ըսէ. «Եթէ ուշադիր լսես Տէր Աստուծոյ ձայնը, ընես այն ինչ իրենց համար ճիշդ է ու արդար, ականջ դնես անոր պատուիրաններուն եւ պահես անոր բոլոր օրէնքները, ապա քու վրադ հիւանդութիւններէն ոչ մէկը կը բերեմ, այնպէս ինչպէս եգիպտացիներուն վրայ բերի, որովհետեւ ես եմ Տէրը, քու բժիշկդ»:
Այսօր եթէ բանանք Քրիստոնէական ծիսական արարողութիւնները, այդտեղ պիտի գտնենք նաեւ բժշկականը, որովհետեւ մարդիկ ի՛նչքան ալ հիւանդութիւնները գիտական որոշ բացատրութիւններու կապեն, ամբողջութեամբ հրաժարած չեն այն միտքէն, որ իւրաքանչիւր հիւանդութիւն կրնայ երկնային ազդանշան մը ըլլալ: Անշուշտ, մեր եկեղեցւոյ մեծերէն շատեր՝ ինչպէս Նարեկացին, Տաթեւացին եւ ուրիշներ, հաւատացած են, որ իւրաքանչիւր հիւանդութիւն հաւատքի եւ աղօթքի ճամբով կրնայ բուժում ստանալ:
Անշուշտ Հիպոկրատ՝ բժշկութեան «հիմնադիր»ը եւս կ՚ընդունէր, որ հոգին եւ մարմինը կապուած են իրարու. ան կը հաւատար, որ կարելի չէ բուժել մարմինը՝ եթէ հոգին առողջ չէ, նոյնպէս եւ հակառակ: Տարբեր փիլիսոփաներ կը բաժնեն այս գաղափարը. օրինակի համար՝ պարսիկ փիլիսոփայ եւ բժիշկ Իպն Սինա կ՚ըսէ. «Հոգին եւ մարմինը այնքան կապուած են իրարու, որ մէկ հատին ցաւը հիւանդ կը դարձնէ նաեւ միւսը»:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Բժշկութեան մէջ գործածուող ամենէն կարեւոր բոյսը ո՞րն է:
Պատասխան. Բժշկութեան մէջ գործածուող ամենէն կարեւոր բոյսը սամիթն է, որ աւելի քան հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը գործածուի որպէս բնական դեղ՝ բորբոքումի, ինչպէս նաեւ աղիքային խանգարումներու դէմ: Ան կ՚օգնէ մարսողական խնդիրներ ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ կը վերականգնէ ջղային համակարգը: Սամիթը եղած է հնագոյն բժշկութեան մէջ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ մեծ նշանակութիւն ունենալ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ ժամանակակից բժշկութեան մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան