ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԴԱԴՐԵՑՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ՝ ՄԱՐՔՕ ՌՈՒՊԻՈՅԻ ԵՒ ԷՍԱՏ ՇԷՅՊԱՆԻԻ ՄԻՋԵՒ
Սուրիոյ քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր… Սա այժմէական հարցում է՝ մանաւանդ, որ Դամասկոս վերջերս իրապէս ցնցուեցաւ արիւնալի ահաբեկչութեան մը հետեւանքով։
Երկու զինեալներ մուտք գործեցին Դամասկոսի «Տուայլա» շրջանի «Մար Էլիաս» ուղղափառ եկեղեցին, ուր աջ ու ձախ կրակեցին։ Նախազգալով, որ յայտնուած են անել կացութեան մը մէջ՝ իրենք զիրենք պայթեցուցին՝ օգտագործելով իրենց մէջքերուն դրուած ուժանակները։ Զոհուեցաւ քսանհինգ հոգի, վիրաւորեալները աւելի քան յիսուն էին։ Այս բոլորէն անդին եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած արիւնալի վիճակը բոլորին յիշեցուց Սուրիան բզիկ-բզիկ ըրած քաղաքացիական պատերազմի օրագրութիւնը եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւններու արդարութիւնը։
Այս զազրելի ահաբեկչութենէն ետք, Սուրիա դարձեալ կը վերադառնար միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը։ Անշուշտ, խօսքը միայն Դամասկոսի ահաբեկչութեան մասին չէ, այլեւ զուգահեռաբար լսելի դարձած հարցադրումներն ու մտահոգութիւնները։
Աւելի ուշ, այս անգամ կրակոց մը խանգարեց անդորրը Լաթաքիա քաղաքի, որուն մասին շարք մը վերլուծաբաններ կարծիք կը յայտնէին, թէ այդ դէպքը անմիջական կապ ունէր Դամասկոսի արարքին հետ։
Եթէ դէպքը տեղի ունեցած ըլլար այնպիսի պահու մը մէջ, երբ քրիստոնեաներու նիւթը ընդհանրապէս օրակարգի վրայ չըլլար Սուրիայէ ներս, հաւանաբար արձագանգը այսքան մեծ պիտի չըլլար։
Վերադառնալով Դամասկոսի ոճրին՝ հարկ է նշել, որ դէպքը դատապարտման մեծ ալիքի մը պատճառ դարձաւ ու բազմաթիւ քրիստոնեայ առաջնորդներ բաւական խիստ գնահատականներով հանդէս եկան։ Անոնց գլխաւորն էր Եուհաննա Ժ. Եազըճի ուղղափառաց պատրիարքը, որու խօսքին սլաքները անմիջապէս ուղղուեցան դէպի Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները։ Ճիշդ է՝ առաջին անգամ չէ, որ պատրիարքը նման լեղի խօսքեր կը հնչեցնէ, սակայն, այս անգամ ի տարբերութիւն անցեալին՝ ան թիրախ դարձուց Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ մանաւանդ՝ նախագահ Ահմէտ Շարան։ Ըստ երեւոյթին, պատրիարքը յոգնած էր սոսկ դատապարտման արտայայտութիւններէ եւ իր խօսքը ուղղեց Շարային. «Պարոն նախագահ, այս օրը լոկ սուգի օր մը չէ քրիստոնեաներուն համար, այլ սուգ է մեր կառավարութեան համար եւ կառավարութեան ձախողման տեսակէտէ…»։
Երեւելի է, անշուշտ, որ Սուրիոյ քրիստոնեայ առաջնորդներու համբերութեան բաժակը յորդած է։ Պատրիարքի խօսքերն ալ պէտք է դիտարկուին միայն ու միայն այս տրամաբանութեամբ։
Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել կամ ի՛նչ կ՚ուզէ ընել պատրիարքը՝ պահպանելու համար իր հաւատացեալ հօտին անվտանգութիւնը՝ յստակ է, որ նման յայտարարութիւնները հեշտութեամբ պիտի չմարսուին Սուրիոյ իշխանութիւններուն ու մանաւանդ՝ Ահմէտ Շարայի կողմէ… Ու այդ չմարսելը արդէն պատճառ կրնայ դառնալ, որ Սուրիոյ հիմնական քաղաքներու՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Հոմսի, Համայի եւ Լաթաքիոյ քրիստոնեաները թիրախ դառնան ամենատարբեր գրոհներու։
Այս փուլին Սուրիոյ հայ համայնքի կրօնական պատասխանատուները ապահով են, աւելի խոհեմ դուրս եկան ու կը շարունակեն պահել-պահպանել դատապարտող եւ զուսպ լռութիւնը։
Սուրիոյ քրիստոնեաները այսօր անզօր ու մինակ են՝ լքուած իրենց ճակատագրին։ Յստակ է, որ արեւմուտքի կողմէ քրիստոնեաներուն համար հնչած բոլոր հաւաստիացումները առ ոչինչ են՝ այն սպառնալիքներուն եւ մահասարսուռ դէպքերուն դիմաց, որոնք պատահեցան անցեալ օրերուն։
Ու այս բոլորի կողքին, անշուշտ, չի բացառուիր, որ Սուրիայէն գաղթի նոր ալիք մը սկսի եւ այդ ալիքի առաջատարները ըլլան քրիստոնեաները, որոնց հեռացումով Սուրիան պիտի դառնայ աւելով միատեսակ եւ իր իսկական պարունակէն աւելիով դուրս եկած երկիր մը։
Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ մայիսին Սուրիոյ նախագահը այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ։ Ան ջերմ ընդունելութեան մը արժանացաւ նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Աւելի ուշ լրատուական որոշ ծառայութիւններ հաղորդեցին, որ քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ տրուած է Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն՝ մանաւանդ անոնց անվտանգութեան ապահովման։ Բայց եւ այնպէս, յստակ է, որ մինչեւ այս պահը այդ առումով որեւէ յստակ հաւաստիացում, խոստում կամ զօրակցութիւն չեն ունեցած համայնքները, որոնք կերպով մը թողլքուած են իրենց ճակատագրին։
Սուրիոյ իշխանութիւններուն առջեւ ցցուած են տասնեակ հիմնահարցեր, որոնց լուծումը կը պահանջէ ո՛չ միայն քաղաքական կամք, այլեւ լուծումները գործադրելու կամ նոյնիսկ պարտադրելու իսկական ներուժ մը, որ այս ժամանակներուն տակաւին երեւելի չէ։
Ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու՝ Շարայի վիճակը մտահոգի՞չ է։ Լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ Շարայի դէմ մահափորձ մըն ալ տեղի ունեցած է։ Դէպքը պատահած է իր Իտլիպ այցելած օրը։ Շարայի պարագային յստակ է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ դրուած են որոշակի պայմաններ՝ թէեւ ԱՄՆ որոշեց ջնջել Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները։ ԱՄՆ-ի պայմանները կապ ունին, թէ Շարա ի վերջոյ պիտի կարողանա՞յ Սուրիոյ ծայրայեղ խմբաւորումներուն ձեռքը կոտրել եւ զանոնք միաձուլել՝ տակաւին սաղմնային վիճակի մը մէջ գտնուող երկրի բանակային ուժերուն մէջ կամ ոչ։ Յստակ է, որ Ահմէտ Շարա կ՚ուզէ վայրկեան առաջ ձերբազատուիլ ու փակել արմատական խմբաւորումներու թղթածրարը, սակայն, նման պարագաներու մէջ բան մըն է փափաք ունենալը, իսկ այդ փափաքը գործի վերածելը բոլորովին այլ բան մը։ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան համար Սուրիան պիտի ունենայ կեդրոնական դեր եւ տեղ։ Տնտեսական մեծ համաձայնութիւններ պիտի կնքուին, երկիրը նոր թափ պիտի ստանայ եւ այս բոլորին առաջին ցուցանիշը պատժամիջոցներու ջնջումն է։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցան այդ իրադարձութեան լոյսին տակ։
Հոս կայ նաեւ էական ուրիշ հարցում մը. ո՞վ ինքզինք կը պարտադրէ բոլոր գետիններուն վրայ։ Ինչքանո՞վ կարեւոր են Սուրիոյ ոչ-իսլամ համայնքները եւ այդ առումով ԱՄՆ ինչքանո՞վ կրնայ ապահովել քրիստոնէական համայնքներու անվտանգութիւնը։
Ահա այս դրութեան առջեւ կանգնած են Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները՝ մանաւանդ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքները, որոնց մէջ ալ կարեւոր տեղ մը կը զբաղեցնեն հայերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան