ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
Հայոց երկրորդ եւ ամբողջական դարձը Դ. դարու սկիզբին կատարուեցաւ Գրիգոր Պարթեւի ձեռքով՝ որ իր կատարած գործին համար «Լուսաւորիչ» կոչումը ստացաւ։ Այս պատմական եւ պատուական դէպքին նկարագրութիւնը կու տայ մեզի Ագաթանգեղոս, իսկ մեր միւս պատմիչներ կը հետեւին անոր։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը պարթեւ Անագի որդին էր՝ ծնած՝ մօտաւորապէս 239 թուականներուն Վաղարշապատ քաղաքը։ Երբ դաւաճան Անակի տունը սրտկոտոր եղաւ Հայոց Խոսրով թագաւորի հրամանով, այդ ժամանակ Եւթաղ անունով անձի մը ձեռքով մանուկ մը փախցուեցաւ Կեսարիա, ուր ան Գրիգոր կոչուեցաւ, եւ ապագային Հայոց երկրորդ լուսաւորիչ դարձաւ։
Կեսարիան հին ժամանակներէն յայտնի էր իբրեւ քրիստոնէութեան նշանաւոր կեդրոն եւ աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ այստեղ ալ քրիստոնէութիւնը հաստատած է Հայոց Առաքեալ Թադէոսը։
Բ. եւ Գ. դարերուն մեծ հալածանքներու ժամանակ Կապադովկիայի մէջ բազմաթիւ նշանաւոր քրիստոնեաներ նահատակուեցան։ Այստեղ գործեցին նշանաւոր եկեղեցական հայրեր, ինչպէս Փիրմելիանոս եպիսկոպոսը՝ որ ճիշդ այս ժամանակներուն (233-269 թթ.) Կեսարիայի Եկեղեցւոյ գլուխն էր։
Այսպիսի ջերմ կրօնական միջավայրի մը մէջ Գրիգորը լա՛ւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացաւ։
Գրիգոր չափահաս դառնալով՝ ամուսնացաւ Մարիամ անունով աղջկան հետ՝ որուն եղբայրը Աթանագինէսը Սեբաստիայի քորեպիսկոպոս էր եւ 300 թուականներուն նահատակուեցաւ։ Եւ այս ամուսնութենէն Գրիգոր ունեցաւ երկու որդի՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս՝ որոնք ապագային իրենց հօրը գործակից եւ յաջորդ դարձան։
Բայց Գրիգորը երկար ժամանակ չվայելեց ընտանեկան կեանք։ Քարոզութեան եռանդէն մղուած, կամ ինչպէս Խորենացին կ՚ըսէ, իր հօր գործած յանցանքը քաւելու համար՝ ան Հայաստան եկաւ, ուր այդ ժամանակ պարթեւ Տրդատ Գ.-ն կ՚իշխէր (262-276 թթ.) եւ անոր մօտ, իբրեւ իրեն մերձաւոր ազգակցի մօտ ծառայութեան մտաւ՝ կամենալով գործի յաջողութեան համար քարոզութիւնը Հայ Արքունիքէն սկսիլ։ Քաղաքական շփոթումներու պատճառով Տրդատը ստիպուեցաւ Հռովմէական կայսրութեան ապաւինիլ. անոր հետ Գրիգորն ալ փախստական գնաց եւ երկուքն ալ օտարութեան մէջ մնացին մինչեւ 287 թուականները, երբ վերջապէս անձնական քաջութեամբ հռչակուած Տրդատը Հռովմէական զօրքերու օգնութեամբ ետ ստացաւ իր հայրենի գահը։
Վերադարձի ժամանակ՝ երբ դեռ Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանն էին՝ որ հռչակուած էր Անահիտ տիկնոջ մեհեանով, Տրդատը իբրեւ երախտագիտութեան ցոյց զոհեր կատարեց եւ ապա պատուիրեց Գրիգորին, որ ան ալ պսակ եւ թաւ ոստեր նուիրէ հռչակաւոր դիցուհիին։
Գրիգորը որ երկար տարիներ ամենայն հաւատարմութեամբ եւ սիրով ծառայած էր Տրդատին՝ առաջին անգամ անլսող գտնուեցաւ իր տիրոջ հրամանին, այն ալ՝ յանուն իր պաշտած կրօնին։
Այս վերջին պարագան մեծապէս զայրացուց Տրդատը. ան փորձեց քաղցր եւ ողոքիչ խօսքերով զայն դարձի բերել, եւ երբ նպատակին չհասաւ, այն ժամանակ ծանր եւ սոսկալի պատիժներով ուզեց Գրիգորի համոզումները խախտել. բայց ի զուր…։ Երբ այսպիսի փորձերէն յետոյ Տրդատը կը խորհէր ուրիշ միջոցներու մասին, ահա հրապարակ եկաւ Աշոցեան Տաճատ իշխանը՝ որ յայտնեց Տրդատին, թէ Գրիգորը Խոսրովը սպաննող Անակի որդին է։
Այս ծանր յանցանքին համար Տրդատը հրամայեց՝ Գրիգորը Արտաշատի ստորեկրեայ բանտը ձգել (287 թ.), որ մահապարտներու համար սահմանուած էր։ Բայց Գրիգորը մահուան չդատապարտուեցաւ, այլ 13 տարի անյայտնութեան մէջ մնաց՝ վայելելով գուցէ բանտապետի կնոջ խնամքը, կամ թերեւս եւ Խոսրովանդուխտի պաշտպանութիւնը, որը կ՚երեւի շատ հինէն քրիստոնէութիւնը ընդունած էր։
Հռովմէական կայսրերու նման՝ Տրդատը անմիջապէս հրովարտակ մը հանեց, որով կը պատուիրէր իր Հայ ժողովուրդին՝ ջերմեռանդ ըլլալ դէպի հայրենի աստուածները, անոնց հաւատարիմ մնալ, չբարկացնել անոնք, եւ չանպատուել՝ սպառնալով այսպէս վարուողները կեանքէն եւ գոյքէն զրկել։
Տրդատը հոգ տանելով այսպէս իր հայրենական պաշտամունքի պահպանութեան՝ միանգամայն աշխատեցաւ իր տէրութեան սահմանները ընդարձակել եւ շարունակ պատերազմելով պարսիկներու ուժը տկարացնել։ Այս ժամանակներուն (300 թուականներուն) կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ ուրիշ նշանաւոր դէպք մը՝ որ քրիստոնէութեան հաստատութեան համար վճռական նշանակութիւն ունեցաւ. այդ դէպքը՝ Ս. Հռիփսիմեանց նահատակութիւնն էր։
Աւանդական պատմութիւնը կ՚ըսէ, թէ այս կոյսերը հռովմայեցի էին եւ Հռիփսիմէն՝ թագաւորական տոհմէն, եւ կը բնակէր Հռովմի մօտերը Ս. Պօղոսի հանգստարանի մօտ ճգնական կեանքով։ Փախչելով Դիոկղետիանոս կայսեր խնդրանքներու ձեռքէն (293 թուականներուն), որովհետեւ կայսրը կ՚ուզէր չքնաղ Հռիփսիմէին հարսնացնել, կոյսերը՝ թուով 70 հոգի, եւ մի քանի քահանաներ, իրենց մօր Գայիանէի առաջնորդութեամբ կու գան արեւելք եւ Փրկչի տնօրինական տեղերուն երկրպագութիւն ընելէ յետոյ՝ կ՚անցնին Եդեսիա եւ ապա հարաւային կողմերէն Հայաստան մուտք կը գործեն։
Դարձեալ աւանդական պատմութիւնը քիչ կը նկարագրէ անոնց ճանապարհորդութիւնը եւ ցրուիլը Հայաստանի այլ եւ այլ մասերը, եւ վերջապէս մէկ մասը կը բերէ կը բնակեցնէ Հայոց մայրաքաղաքը Վաղարշապատի մօտ. «ի հնձանայարկս այգեստանւոյն»։
Կոյսերու փախուստը արդէն նախապէս իմացուցեր էր Դիոկղետիանոսը ամէնքին, այսպէս նաեւ Հայոց Տրդատ թագաւորին, խնդրելով կամ իրեն ուղարկել Հռիսփիմէն եւ կամ իր մօտ պահել։
Տրդատը կայսեր հրաման-հրովարտակը առնելով՝ ամէն կողմ կ՚ուղարկէ խնդրանքներ, որոնք անձի մը ցուցմամբ վերջապէս կոյսերը կը գտնեն հնձաններու մէջ։ Տրդատին կը պատմուի Հռիփսիմէի գեղեցկութեան մասին եւ թագաւորը կը հրամայէ, որ զայն արքունիք բերուի մեծ փառքով, բայց լսելով անոր յամառութիւնը՝ կը պատուիրէ բռնութիւն գործադրել։ Կոյսը բացէ ի բաց կը մերժէ թագաւորին հարսնանալ, եւ Գայիանէն՝ եւս առաւել կը յորդորէ անոր հաստատուն մնալ իր սրբութեան եւ հաւատքին վրայ։ Ուստի թագաւորի հրամանով կոյսերէն՝ 37 հոգի կը նահատակուի. իսկ միւսները կը ցրուին։ Այս դէպքը կը կատարուի մօտաւորապէս 300 թուականներուն…
Կոյսերու, մանաւանդ Հռիփսիմէի նահատակուիլը, խորապէս կ՚ազդէ Տրդատի վրայ, եւ ջղային ծանր հիւանդութեան կը մատնուի, որ Հայ ժողովրդական զրոյցը «խոզակերպութիւն» կը կոչէ եւ այդպէս իսկ կը պատկերացնէ թագաւորը։
Հարուածէն ազատ կը մնայ Խոսրովադուխտը՝ որուն եւ հնգիցս տեսիլքով կը յայտնուի, թէ հարուածուած թագաւորը կրնայ բժշկել միա՛յն, միմիայն Արտաշատի գուբը ձգուած Գրիգորը։ Թէեւ անհաւատալի կը թուի Գրիգորի կենդանի մնալը՝ ապրիլը, բայց եւ այնպէս Օտա Ամատունին Արտաշատ կ՚ուղարկուի՝ հանել բերելու համար Գրիգորը, անշուշտ եթէ ողջ է։
Դուրս կու գայ Գրիգորը իր բազմամեայ արգելանքէն (301 թուականին) եւ հանդիսաւորպէս կը մտնէ Վաղարշապատ։ Ընդ առաջ կու գան հարուածուած թագաւորը եւ մեծամեծները եւ անոնք իրենց մեղքերուն համար թողութիւն եւ բժշկութիւն կը խնդրեն եւ Գրիգորը կ՚աղօթէ անոնց համար։
Վիրապէն դուրս եկած Գրիգորի առաջին գործը կ՚ըլլայ Ս. Կոյսերու մարմինները ամփոփել եւ ապա 66 օր շարունակ հնձանի մէջ Հայ ժողովուրդին ճշմարիտ աստուածպաշտութեան վարդապետութիւնը կ՚ուսուցանէ եւ հիւանդ թագաւորը եւ այլ մեծամեծները կը բժշկէ։
Այս ժամանակ ահա կը տեսնէ ան այն տեսիլը՝ որ կը պատկերացնէ քրիստոնէութեան յաղթանակը եւ հաստատութիւնը Հայ երկրին եւ Հայ Եկեղեցւոյ ապագայ վիճակը։
Այս տեսիլքին համեմատ՝ Ս. Լուսաւորիչը այնուհետեւ կը ձեռնարկէ 3 վկայարաններու շինութեան. մէկը Ս. Հռիփսիմէի, միւսը՝ Գայիանէի վկայուած տեղը, իսկ երրորդը՝ հնձանը։ Իսկ տեսլեան գլխաւոր սիւնի տեղը խաչ կը կանգնի՝ ուր ապա շինուեցաւ «հայութեան միացուցիչ կապ» Ս. Էջմիածինը՝ որ հին ժամանակներուն լոկ «Կաթողիկէ» կը կոչուէր։
Այսպէս ահա Հայոց արքունիքը եւ մեծամեծները կը խոնարհին Քրիստոսի խաչին առջեւ եւ անոր աշակերտ կը դառնան։
Բայց վերջնական յաղթանակի համար այսքանը բաւական չէ. պէտք էր կործանել այն հաստատութիւնները՝ որոնք հեթանոսական կեանքը եւ գաղափարները կը պահպանէին եւ կ՚արծարծէին։
Եւ թագաւորը Գրիգորի հետ միացած՝ սկսաւ քանդել այն «սրբութիւն»ները՝ որ այնքան ջերմ սրտով երբեմն կը պաշտէր։ Առաջինը կը քանդուի Տիր չաստուծոյ մեհեանը, որու քուրմերը՝ զրահաւոր պատրաստութեամբ կը դիմեն Արտաշատի Անահտական մեհեանը։ Այստեղ հին կրօնի պաշտպանները զօրեղ ընդդիմութիւն ցոյց կու տան նորահաւատ Հայ զօրքին՝ թանձրատարափ նետ եւ քար տեղալով՝ այնպէս որ զօրքն իսկ կը զարհուրի։
Բայց Ս. Լուսաւորիչը կը քաջալերէ զօրքը եւ ամբողջ մեհեանը կը քանդուի, կ՚այրուի, կը հրկզուի. քուրմերը եւ անոնց օգնականները լեռները կ՚ապաւինին։ Ապա արեւմուտք կ՚երթան Գրիգորը եւ Տրդատը միեւնոյն նպատակով եւ Դարանաղեաց գաւառի Թորդան գիւղի Բարշիմնիա դից մեհեանը կը կործանեն՝ չնայելով հեթանոս հայերու ցոյց տուած ընդդիմութեան։
Կը կործանուին եւ նոյնպէս Անի ամրոցը, հայոց թագաւորներու հանգստանոց, չաստուածներու հայր Արամազդի մեհեանը, եւ ապա կը մտնեն Եկեղեաց գաւառի Երէզ աւանը եւ կը քանդեն Անահիտի մեհեանը։ Այստեղ եւ քուրմեր հզօրապէս կը կռուին արքունի զօրքի հետ, բայց չկարողանալով դիմանալ՝ կը փախչին, լեռները կ՚ապաւինին։
Այսպէս հետզհետէ կը քանդուին Նանէական մեհեանը Թիլ աւանի մէջ եւ Միհրակածն մեհեանը Բագայառիճ գիւղը։ Կործանուած, քանդուած մեհեաններու հարստութիւնը՝ ոսկին եւ արծաթը անոնք զօրքին եւ աղքատներուն կը բաժնուին, իսկ ագարակները, գիւղերը եւ հողերը ապագայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներու համար կը պահուին։
Այսպէս, հայ հեթանոսական գլխաւոր կայանները Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան մասերուն կ՚ոչնչանան եւ անոնց աւերակներու վրայ խաչի նշանը կը բարձրանայ, մինչեւ իսկ մեծ պողոտաներու, ճանապարհակիցներու եւ հրպարակներու վրայ։ Ս. Լուսաւորչի քարոզութեան նպաստիչ՝ թագաւորի մեծասաստ հրամանը եւ զօրքը կը հանդիսանան ամէն տեղ…։
*
Տեսիլքը, սիրելի՜ներ, ո՛ւժ է, զօրութի՛ւն է եւ տեսիլքով է, որ կը կերտուի ապագան։
Բայց առանց գործի տեսիլքը երազ մըն է միայն, եւ փոխադարձաբար՝ առանց տեսիլքի գործն ալ ժամանակի վատնում մըն է միայն։ Ուստի, տեսիլք եւ գործ՝ միասնաբար կրնան շարժել աշխարհը։ Եւ այս իմաստով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բացայայտ տիպա՛ր մըն այս անուրանալի ճշմարտութեան։ Եւ ահաւասիկ, ան, իր իսկական իմաստով, ճշմարիտ «Լուսաւորիչ» մըն է Հայ պատմութեան մէջ։
Եւ վերջապէս, սիրելի՜ներ, ինչպէս յաճախ կը յիշենք եւ կը կրկնենք ճշմարտութիւն մը, թէ՝ պատմութիւնը, անցեալը լուրջ եւ բծախնդիր կերպով ուսումնասիրելով միայն կարելի է հասկնալ ներկան, գաղափար կազմել անոր մասին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 4, 2025, Իսթանպուլ