ԼԵԶՈՒՆ ՏԿԱՐ ԿԸ ՄՆԱՅ

Նորին Ամենապատուութիւնը արմատական կանխատեսումներ ունի պոլսահայ կրթական կեանքի մասին. «Յառաջիկայ շրջանին վարժարաններու միացումը անխուսափելի պիտի դառնայ։ Եթէ ոչ յառաջիկայ շրջանին, ապա տարի մը անց համայնքը պիտի առերեսուի այս հարցին։ Գիտութիւնը չի ստեր։ Ժողովրդագրութիւնը գիտութիւն մըն է եւ ցոյց կու տայ մեր վիճակը։ Ըստ իս, առաջին փորձուելիք բանը պէտք է ըլլայ դասարանները քիչցնել։ Մեր դպրոցները արդիւնաւէտ չեն հայերէնի եւ կրօնի ուսուցման առումով։ Երբեմնի ազգայնական ոգին չկայ, որպէսզի մարդիկ հայերէն սորվիլ ջանան։ Ամերիկայի միօրեայ դպրոցներու եւ մեր ամենօրեայ վարժարաններու պարագային հայերէնի եւ կրօնի տեսակէտէ արդիւնքը նոյնն է։ Դպրոցներու միացման հարցը յառաջիկային ինքզինքը պիտի պարտադրէ մեր օրակարգին վրայ։ Մինչեւ ո՞ւր ամէն ինչ ձրի կրնայ ըլլալ։ Ընտանիքներուն կողմէ իրենց հարազատ զաւակներէն զլացուածը համայնքին կողմէ կը տրուի։ Մեր դպրոցներու շրջանաւարտներու համայնքին բերած յետադարձը գոհացուցիչ չէ։ Համայնքը իր ամբողջ ունեցածը կը ձախսէ դպրոցներուն համար՝ մինչ այլ բազմաթիւ առաջնահերթութիւններ ու ծրագրեր կը կաղան։ Մենք 2500 աշակերտի համար 17 դպրոց կը պահենք, իսկ 18-35 տարեկան երիտասարդներուն համար ոչինչ կ՚ընենք։ Հայերէնի չիմացութիւնը պայմանաւորուած է մեր ժողովուրդի որակով եւ մենք այդ որակը չենք կրնար փոխել»։

Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025