Ուրբաթ 4, Յուլիս 2025
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ
Գումգաբուի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մամլոյ ասուլիսը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութենէ վերադարձին, Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուած է համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որուն հետ է նաեւ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։ Կը նախատեսուի, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մամլոյ սպասաւորներուն հետ բաժնէ իր շրջագայութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնները եւ մեկնաբանէ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան նիւթերը։
Նորին Ամենապատուութեան լրագրողներու հետ զրոյցին ներկայ է նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025